Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Արձագանգ. Հայ Աւետ. Քոլեճի «Սիփան» Տարեգիրքը (2014-2015 Տարեշրջան)

$
0
0

 ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Պատահած է, որ մեր սեղանին ունենանք տարբեր վարժարաններու հրատարակած տարեգիրքեր, որոնք յաճախ մեր ուշադրութիւնը գրաւած են իրենց պարփակած բովանդակութեամբ եւ մատուցման եղանակով:

Ընդհանրապէս տարեգիրքը լոյս կը տեսնէ կրթական վերամուտի առիթով, հոն ներկայացուած կ՛ըլլայ ընթացաւարտ տարեշրջանի գործունէութեան ընդհանուր պատկերը:

Սակայն միշտ չէ, որ կը հանդիպինք տարեգիրքի մը, որուն էջերուն տեսանելի են հայ վարժարանի առաքելութեան վերապահուած գրեթէ ամբողջական գործունէութեան պատկերներ, մանրամասնութիւններ` տեղեկագրական թէ հաշուետուական, այլազան լուրեր ընդգրկող համառօտագրութիւններ, որոնք այլապէս ալ կը հետաքրքրեն շրջապատ մը ամբողջ, անոնք ըլլան ծնողներ, բարեկամներ թէ վերահասու պատասխանատուներ:

Վերջերս ստացած ըլլալով Հայ աւետ. քոլեճի տարեգիրքը, ձեռամբ վարժարանի երկարամեայ ու վաստակաշատ տնօրէն Զաւէն Մսըրլեանի, կը սպասէինք պատեհ առիթի մը, գէթ «աչքէ անցընելու» զայն, ինչպէս միշտ:

Սակայն, երբ սկսանք թերթատել ու մօտէն առնչուիլ տարեգիրքին բովանդակութեան, անզգալաբար մղուեցանք ուղղակի ընթերցելու ամէն մանրամասնութիւն` իրազեկ դառնալու վարժարանի աշխատանքին, որովհետեւ արդէն մեր դիմաց տակաւ կը յայտնուէր պատկառելի գործունէութեան մը ամբողջական տեսադաշտը:

Այո՛, պատկառելի գործունէութիւն, որովհետեւ անիկա մեծապէս կ՛առնչուի լիբանանահայ վարժարանի մը, որ ծառայութեան կոչուած է աւելի քան իննսուն տարիներէ, հայ աշակերտին մատուցելով ամէնէն նուիրական արժանիքները` հայեցի կրթութիւն, քրիստոնէական հաւատք եւ գիտութեամբ զինուելու հպարտութիւն:

Հայ աւետ. քոլեճի անցած տարիներու վաստակն ու առաքելութեան ճշմարիտ պատկերին մասին մենք յաճախ լսած ենք վարժարանին աշակերտած կամ շրջանաւարտ անհատներէ, հոն ծառայած կամ օժանդակած հայորդիներէ, որոնք միանշանակ եւ առանց վարանումի ցարդ կը յայտնեն իրենց երախտիքն ու ակնածանքը, սէրն ու հաւատարմութիւնը` շեշտելով վարժարանին վարկն ու որակը, հայ աշակերտին տէր ըլլալու եւ ամէնէն բարձր կրթական օճախներուն յանձնելու պատրաստակամ եւ յանձնառու տրամադրութիւնները:

Արդ, էջ առ էջ եւ մանրազննին հետեւելէ ետք տարեգիրքին մէջ արձանագրուած տեղեկութիւններուն, մեր դիմաց կ՛ուրուագծուին հպարտառիթ պատկերներ, մեր հոգիներուն մէջ կ՛արձանագրուին այնպիսի ցոլքեր, մեր մտքի պաստառին վրայ կը փայլատակեն այնպիսի խոհեր, որոնց գումարումն են վերոնշեալ ու հետագայ մեր մտորումները, առանց պճնանքի եւ աւելորդաբանութիւններու:

Փաստօրէն, երկու հիմնարար արժանիքներ մեզ` հաւաքաբար կը պարտաւորեցնեն լոյսին բերել Հայ աւետ. քոլեճի բազմամեայ եւ բեղուն գործունէութեան յատկութիւնները` հայեցի ու մարդկային կրթութիւնն ու վարժարանի առաքելութեան յարատեւութիւնը:

Առաջին յատկութեան վաւերականութիւնը տասնամեակներու վրայ երկարած անխոնջ աշխատանքի, նուիրումի եւ ամրապինդ հաւատքի արտայայտութիւնն է, իբրեւ արգասիք ունենալով 1560 շրջանաւարտներու իրերայաջորդ փաղանգներ:

Իսկ երկրորդի պարագային` այս վարժարանի վերականգնումը եւ հեզասահ ընթացքը, հակառակ Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներուն (1975-1990) որոնց ընթացքին վարժարանը սուղ գին կը վճարէր գտնուելով հակամարտ ուժերու կիզակէտին, աւելի՛ն. երբ ահաւոր եղբայրասպան պատերազմի պատճառով Արեւմտեան Պէյրութի հայահոծ թաղամասերը կը պարպուէին իրենց բնակչութենէն` մեծ հարուած հասցնելով շրջանի հայեցի դիմագիծին:

Ինչ կը վերաբերի «Սիփան»-ի բովանդակութեան, պատեհ կը գտնենք ընդգծել, թէ հոն «կը տողանցեն» ամբողջ տարուան մը ընթացքին տարուած գործունէութեան հարազատ պատկերները, ընթացիկ կրթականէն մինչեւ արտադասարանային աշխատանքներ:

Տարեգիրքը կը սկսի գրող, մտաւորական, հմուտ մանկավարժ ու պատմաբան տնօրէնին հակիրճ խօսքով եւ դիպուկ պատգամով, որով ան այս առիթով կը յիշեցնէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին  խորհուրդը վառ պահելու կարեւորութիւնը, վարժարանին կողմէ կատարուելիք աշխատանքներն ու յանձնառութիւնը` հայ արժէքներու պահպանման առումով:

Եւ յաջորդաբար, ընթերցողը էջ առ էջ կը սկսի ծանօթանալ ամբողջ տարուան մը ընթացքին կատարուած լիարժէք գործունէութեան, սկսելով առաւօտեան պաշտամունքներէն եւ այս առիթով մատուցուած դասախօսութիւններէն` հասնելու համար վարժարանին մէջ գործող զանազան ակումբներու աշխատանքներուն:

Եւ այսպէս իրերայաջորդ թեմաներու մատուցումով եւ նկարներու ուղեկցութեամբ ընթերցողին դիմաց կը պատկերանայ հայ վարժարանի մը սրբազան առաքելութիւնն ու գործունէութեան եզակի ներդրումը` հայ սերունդներու հոգեմտաւոր դաստիարակութեան մէջ:

Հարկ կը զգանք ուշադրութեան յանձնել, որ,  հակառակ վարժարանի աշակերտներու թուային պատկերին (141 աշակերտ, 15 դասարան),  յոյժ գնահատելի է ուսուցչական կազմի թէ պաշտօնէութեան պատկառելի ներկայութիւնը, ատենամարզանքի պահերու ներկայ եղած հիւր պատգամաբերներու շօշափած նիւթերու այլազանութիւնն ու կարեւորութիւնը:

Հիմնական եւ ողջունելի երեւոյթ է նաեւ այն, երբ տօնական առիթներու եւ ձեռնարկներու ընթացքին վարժարանի տարբեր դասարաններու աշակերտներ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն  նախասիրութիւններու տեսքով` երգ, ասմունք, նուագ, թատերական ներկայացում, գծագրական աշխատանք, ցուցահանդէս, մարզանք եւ այլն:

Յիշատակելի է նաեւ թիւը մրցանակակիր աշակերտներու, որոնք կրցած են ապահովել մասնակցելով հայ թէ օտար մրցաշարքերու:

Ի դէպ, վարժարանին մէջ գործող աշակերտական ակումբերու գործունէութիւնները եղած են աշխուժ եւ տարբեր ոլորտներ ընդգրկող: Փաստօրէն, համագումարներու, պտոյտներու, ելոյթներու, գիտական արշաւներու եւ մասնաւորաբար պարբերաթերթերու պատրաստութիւնը արդէն կ՛արտացոլացնեն առհասարակ խանդավառ կեանքի մը գոյութիւնը:

Մեր յատուկ գնահատանքին արժանի են աշակերտական հրատարակութիւնները, ինչպէս` «Զուաթնոց», «Գառնի», «Անի» եւ «P.E.C», որոնց էջերուն կը կարդանք աշակերտական գրութիւններ, մտածումներ եւ ներկայացումներ, որոնք կը վերաբերին հայոց պատմութեան, գրականութեան եւ մշակոյթին: Պէտք չէ մոռնալ նաեւ հրատարակուած «Լրատու»-ները, որոնք պարբերաբար կը ներկայացնեն վարժարանի գործունէութիւնները:

Ինչպէս չյիշել վարժարանի թեւ եւ թիկունք եղող «Ծնողական մարմին»-ի եւ տիկնանց յանձնախումբի ջանադիր եւ նուիրեալ աշխատանքները, վարժարանի բարեզարդման, զարգացման եւ բարեկարգման նպաստող հոգաբարձութեան, բարերարներու եւ շրջանաւարտից միութեան ազգանուէր եւ անգնահատելի ներդրումը` յանուն վարժարանի անարգել գոյութեան եւ առաքելութեան շարունակութեան:

Առանձնապէս ուշադրութեան արժանի են հետեւեալ երեւոյթները, առաջին` «Մարի եւ Բաբգէն Զանոյեան» գրադարանը, որ կը պարփակէ շուրջ 20 հազար հատոր գիրք, այլազան նիւթերով, լեզուներով եւ հրատարակութիւններով օժտեալ, եւ որ կանոնաւորապէս կը ստանայ հայերէն եւ օտար լեզուներով 33  մամուլ` օրաթերթ, ամսաթերթ կամ պարբերաթերթ, ունի գրադարանավար:

Երկրորդ գնահատելի երեւոյթը այն է, որ վարժարանի տնօրէնը տարեգիրքի աւարտին ներկայացուցած է ընթացաւարտ տարեշրջանին տեղեկագիրը, որ մանրամասնութեամբ կը ներկայացնէ վարժարանի թուային պատկերը (աշակերտներ, դասարաններ, ուսուցչակազմ, պաշտօնէութիւն) եւ բարոյական (ընդհանուր գործունէութիւն), որով արդէն յստակ կը դառնայ Հայ աւետ. քոլեճի տարուան մը նուիրական աշխատանքը:

Իսկ ամէնէն հոգեգրաւ, հպարտառիթ, օրինակելի եւ յուզիչ երեւոյթը կը հանդիսանայ այն, երբ սոյն վարժարանը յաճախող ոչ հայ աշակերտներ մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ միջնակարգ Է. – Թ. դասարաններու, կը հետեւին հայերէնի, հայոց պատմութեան եւ Սուրբ գիրքի դասերուն:

Այլապէս պատուաբեր լուրով մը «Սիփան»-ի մէջ կը կարդանք, թէ տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի յանձնուած է (ապրիլ 2015) Հայաստանի ազգային ակադեմիայի արտասահմանեան անդամի վկայագիր, եւ Հայաստանի նախագահին կողմէ` «Մովսէս Խորենացի» շքանշան, իր ազգային անտրտունջ ու մանկավարժական բազմամեայ  ծառայութիւններուն եւ գիտահետազօտական պատկառելի աշխատանքներուն համար:

 

Բարի երթ, բոլորին:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>