Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Անկրկնելի Հալէպը. Փառքի Օրերու Հաշուեյարդար Մը

$
0
0

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ

kohar-aleppo_030716

Հնգամեայ պատերազմը իր աւերը գործած է արդէն, երբեմնի փառաւոր օրեր տեսած գաղութի մայրաքաղաք եւ սփիւռքահայութեան առաջին կայան` անկրկնելի Հալէպը տակաւին կ՛ապրի մղձաւանջային օրեր, աւելի քան երեք տարուան պանդխտութեան հեռաւորութենէն, ժամը ժամին կը հետեւինք սրտաճմլիկ դԷպքերու եւ արցունքաբեր տեսարաններու, աննախնթաց միջգաղութային տեղաշարժէ մը յառաջացած` կրթական ամրոցներու ամայացումը կը ցնցէ իւրաքանչիւր հալէպահայու հոգին:

Անդին` ձիւնամրրիկէ ետք ծագած նորածին արեւուն ջերմութեան տպաւորութիւնը կու տայ մշակութային ձեռնարկներու շղթայ մը, որ շունչ ու արիւն կը ներարկէ տագնապահար մեր գաղութի առօրեային, մարդկային տարրական պահանջներէ զրկուած` ջուրի, վառելանիւթի ելեկտրականութեան եւ բաւարար սննդանիւթերու բացակայութեան զուգահեռ, կը վառի հալէպահայ մշակոյթի ջահը:

Հալէպի մէջ հասակ նետած սերունդը յուզումով կը դիտէ այս բոլորը, զարմացողը Հալէպին անծանօթ հայն է, որ պահ մը կրնայ անբացատրելի գտնել այս ընթացքը եւ թերեւս անտեղի վերագրումներ ալ կատարէ` որպէս զգայազրկուած ամբոխի մը:

Հարիւրամեայ մը տարիք ունեցող հալէպահայու կաղնին կացինահարուած իր այս վիճակին մէջ այնքան զօրաւոր բուն մը եւ ընդհատակեայ արմատներ ունի, որ հնգամեայ հարուածներու տակ աւելի տոկուն, միշտ նոր ծիլեր կ`արձակէ եւ յաւիտեան պիտի շարունակէ ծաղկիլ:

Արդէն կանգնած եմ վաթսունի սեմին, իւրաքանչիւր երէց հալէպահայու անդարձ մեկնումին առիթով, ըլլայ մօտիկ ընկեր կամ հեռաւոր բարեկամ, ինքզինքս կը նկատեմ թեկնածու` երէց սերունդ կոչուելու, բան մը, որ նոյնքան տխուր է, որովհետեւ զիս ալ կը մօտեցնէ այդ տերեւաթափին:

Մանկական յուշերս կը սկսին յիսուն տարիներ առաջ: Նախակրթարանի երկրորդ դասարանի աշակերտ էի 1964 թուկանին, երբ Միջին Արեւելքի գաղթօճախները առաջին անգամ ըլլալով  դիմաւորեցին խորհրդային Երկաթեայ վարագոյրէն դուրս ելած ` Հայաստանի երգի պարի անսամպլը` ղեկավարութեամբ Թաթուլ Ալթունեանի, Նայիրեան երկրի կռունկները խռովեցին Ցեղասպանութենէն վերապրող մնացորդացին սիրտերը, Հենրիկ Ալահվերդեանը «Սինեմա Սուրիա»-ի բեմին վրայ երբ մեկնաբանեց` «Մենք քաջ Վարդանի թոռներ ենք, չենք վախիր»:

Հայոց ցեղասպանութեան յիսնամեակը անկիւնադարձ եղաւ գաղութահայ պատմութեան մէջ: Մեծ եղեռնի սուգի հանդիսութիւնները յիսուն տարիներ անց նոր տարազ ստացան պահանջատիրութեան եւ Հայ դատի գաղափարախօսութեան հրապարակումով: Յիսնամեակի տարին էր, որ առաջին անգամ, ինը տարեկան հասակիս, հօրս ձեռքը բռնած, ներկայ գտնուած եմ այդ օրուան բոլոր ոգեկոչումներուն, անկէ ետք յիսուն տարի անընդհատ քսանչորս ապրիլը տարուան բոլոր օրերուն սրբազնագոյնը եղած է կեանքիս, Հալէպի մէջ հայկական վաճառատուներն ու հաստատութիւնները փակ կը մնան, թէեւ քաղաքական ցուցական  ելոյթները թոյլատրելի չէին, մանաւանդ, վերջին քսանամեակին «խաղաղ» դրացնութիւնը չխախտելու միտումով:Սակայն  հայութիւնը աշխարհի ծագերէն որպէս ուխտաւոր ներկայ էր Տէր Զօրի սրբացուած աճիւններուն մօտ` աղօթելու եւ հայապահպանման  իր ուխտը վերանորոգելու:

Ֆրանսական հոգատարութենէն ետք, Սուրիոյ անկախութեան յաջորդող տարիներուն մերթ ընդ մերթ յարափոփոխ վարչաձեւերը մինչեւ վաթսունականներու աւարտը, հայ համայնքի հանդէպ ունէին անհանգիստ կեցուածքներ: Շատ յատկանշական հանդիսութեան  մը տխուր տպաւորութինը անմոռանալի է: Պէյրութէն Խաչիկ Արարատեանը ասմունքի երեկոյի մը ելոյթ ունեցաւ Հայկազեան վարժարանի սրահին մէջ, իւրաքանչիւր բանաստեղծութեան  մեկնաբանութենէն առաջ քուլիսէն դուրս կու գար Քրիստափոր Իֆատեանը եւ կը կարդար յաջորդ կտորին արաբերէն թարգմանութիւնը, այդպէս էր ձեռնարկներու արտօնութեան պայմանը այդ օրերուն:

1970-ին այս անշնչելի մթնոլորտը պատմութեան անցաւ` բարեկարգչական շարժման շնորհիւ, սուրիահայ գաղութը վերածաղկումի շրջան մը ապրեցաւ քառասուն տարիներ:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան յետեղեռնեան տարիներուն պատմական գլխաւոր թեմերէն մէկը նկատուող Բերիոյ թեմը, ուր Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցին կարճ ժամանակամիջոց մը եղած էր աթոռանիստ եկեղեցի` նախքան կաթողիկոսութեան Անթիլիաս հաստատուիլը, 1972 թուականի դեկտեմբեր ամսոյն, կաթողիկոսական հովուական այցելութեան երկար տարիներու զրկանքէ ետք վայելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Խորէն Ա. կաթողիկոսին ներկայութիւնը ազգային եւ միաբանական շքախումբով, յիշարժան էր Քարէն Եփփէ ազգային Ճեմարան իր այցը եւ իր արցունքախառն աղօթքը կրթական այս մեծ ամրոցի հիմնադիր երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի կիսանդրիին առջեւ:

Հալէպահայ մշակութային կեանքի տարեգրութեան մէջ անջնջելի կը մնայ լիբանանահայ գրագէտ Մուշեղ Իշխանի յոբելենական հանդիսութիւնը 1975 թուկանի յունուարին, «Սիեմա Օկարիթ»-ի մէջ, օրուան բանախօսներն էին Ֆրանսահայ գրագէտ Կարօ Փոլատեան եւ Լիբանանէն Տոքթ. Յարութիւն Գեղարդ, գեղարուեստական յայտագրին փայլք տուաւ ասմունքող Խաչիկ Արարատեան:

Նոյն տարին Հալէպի մէջ նշուեցաւ Մ. Իշխանի գրչեղբօր` երբեմնի հալէպցի գրագէտ Անդրանիկ Ծառուկեանի վաթսունամեակը եւ իր հիմնած «Նայիրի» շաբաթաթերթին երեսնամեակը, տասը տարի ետք, 1985 թուականին, կրկին նշուեցաւ նաեւ Ա. Ծառուկեանի եօթանասունամեակը:

Խորէն Ա. կաթողիկոսի վախճանումէն ետք, 1983-ի ապրիլին Գարեգին Բ. կաթողիկոս արտասահմանեան իր անդրանիկ հովուապետական այցելութիւնը շնորհեց Բերիոյ թեմին: Դիմաւորութեան օրը պահ մը քաղաքի երթեւեկը սառեցաւ, յատկապէս` քրիստոնէական թաղամասերուն մէջ, Ազիզէիէ մայր պողոտայէն մինչեւ Սալիպէ` Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցի: Գաղութի երէցներուն համար ժողովրդային հոսքը կը նմանէր երեսունհինգ տարիներ առաջ Յակոբ Օշականի թաղման թափօրին:

Գարեգին Ա. կաթողիկոս այցելեց նաեւ իր ծննդավայրը` Քեսապ, ուր արտասանեց իր նշանաւոր մէկ խօսքը` «Քեսապը պատառ մը Հայաստան է Հայաստանէն դուրս»:

Վերջերս հալէպահայութիւնը դժնդակ պայմաններու մէջ նշեց «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան հիմնադրութեան քսանհինգամեակը: Հալէպի հայահոծ Վիլլաներ թաղամասի սրտին վրայ կանգնած այս միջնաբերդը իր անուանատիրոջ` Արամին սխրանքի եւ ժողովրդային տուն իմաստի միաձուլումն է` իր ծառայութեան առաջին իսկ օրէն:

Սիմենթի եւ շաղախի փոշիներէն հազիւ մաքրուած` նորակառոյց այս շէնքին պաշտօնական բացումը ակամայ կատարուեցաւ 1988 դեկտեմբերի 7-ին, ահաւոր երկրաշարժի օրը, որ ցնցեց Լենինականն ու Սպիտակը, եւ իրեն հետ խռովեց համայն հայ ժողովուրդի զաւակներուն սիրտերը:

Երկրաշարժը կը զուգադիպէր Հայաստանի անկախութեան երկունքի օրերուն, Երեւանի Ազատութեան հրապարակի ամէնօրեայ հանրահաւաքները սփիւռքի ցիրուցան գաղութահայութեան խթան էր, որ ի տես այս աղէտին` մէկ մարդու պէս ոտքի կանգնեցաւ: Սուրիոյ շրջաններէն հանգանակուած բոլոր տեսակի նիւթերը հաւաքուեցան նորակառոյց կեդրոնը, ուր ծրարուելէ եւ ցանկագրուելէ ետք օդակայանի ճամբով առաքուեցան հայրենիք:

Խորհրդային Միութեան փլուզումի նախօրեակին հայրենի արհեստավարժ արուեստագէտ խումբերէն, որոնց հիւրընկալումը մենաշնորհն էր հատուածի մը միայն, վերջին շրջանին զարտուղելով` Հալէպ ժամանեց  աննախնթաց «Մարաթուկ» երգի պարի համոյթը, 1989-ի վերջաւորութեան, սիրողական, ոչ պետական հովանաւորութեամբ եզակի այս խումբը առաջին անգամ ըլլալով ազգային եւ յեղափոխական երգերով յագեցուց հալէպահայութիւնը:

Ազատատենչ հայութեան երեւանեան մէկ միլիոն ցուցարարներու տեսլականով, 21 սեպտեմբեր 1991-ին հռչակուեցաւ Հայաստանի երկրորդ հանրապետութիւնը, որուն առաջին հալէպածին նախագահը` Լեւոն Տէր Պետրոսեան, 1992-ին Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոս պաշտօնական այցելութեան աւարտին, Հալէպի ճամբով վերադարձաւ հայրենիք:

Գերեալ եռագոյնի ազատութեան եօթանասունամեայ երազը իրականացած` որպէս պետական դրօշ, յորդեցաւ հալէպահայութեան ծովածաւալ բազմութեան վրայ, որ եօթանասուն տարիներ իր սրտին մէջ մասունքի նման պահած էր. կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյնը, որ մեր աշակերտական տարիներուն որեւէ առիթով մեր տետրակներուն մէջ կը գծէինք, այդ օր օդակայանի ճամբու երկայնքին այլազան չափերով եւ տարբեր բարձրութիւններով կը ծածանէր դիմաւորելու եկած  շուրջ քսանհինգ հազար բազմութեան վրայ:

Միօրեայ այս այցելութիւնը հալէպահայութեան համար առիթ եղաւ շօշափելու եւ ապրելու անկախութեան իրականութիւնը` յանձինս հայրենիքի առաջին նախագահին, որ որպէս ուխտաւոր այցելեց նաեւ իր ծնած տունը, հին քաղաքի Շապուրա թաղը:

Տէր Զօրի Նահատակաց յուշահամալիրը որպէս Ցեղասպանութեան ուխտավայր հռչակուելէ ետք, 2001 թուականի ապրիլ ամսուան վերջին օրերուն ժամադրավայրն էր պատմական հանդիպումի մը Հայաստանեայց եկեղեցւոյ երկու գահակալներուն` յանձինս Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. կաթողիկոսներուն, որոնք որպէս ուխտաւոր այցելեցին Ցեղասպանութեան Գողգոթան եւ Բերիոյ պատմական թեմը, Գարեգին Բ. հայրապետը կը գլխաւորէր շուրջ յիսուն հոգիներէ բաղկացած` թեմակալ առաջնորդներու, միաբաններու, քաղաքական գործիչներու, մտաւորականներու, մշակոյթի սպասարկուներու եւ  բարերարներու խումբ մը:

Հոն էին Սուրիոյ եւ Լիբանանի զանազան շրջաններէն ուխտաւորներ, այս առիթով յուշահամալիրի բակին մէջ տեղադրուած էր հայրենի արուստագէտներու կողմէ պատրաստուած յուշասիւն մը:

Յիշարժան է Կիլիկեան աթոռի Ազգային ընդհանուր ժողովը Հալէպի մէջ, 1993 թուականին: Եւ ՀԲԸՄ-ի համաշխարհային համագումարը` 2008-ին:

Հայոց ցեղասպանութեան սրբացած նահատակներու Տէր Զօրի յուշահամալիրի մէջ հանգչած աճիւններու հոգիները խայտացին, երբ ազատ եւ անկախ Հայաստանի այժմու նախագահը` Սերժ Սարգսեան 2009 թուականի մարտին իր այցի ընթացքին պատմական ճառ մը արտասանեց:

Հալէպի հինգ հազար տարուան բերդը, հայոց արքայից արքայ  Տիգրան Մեծի նուաճումէն երկու հազար տարի ետք, ընդունեց ԳՈՀԱՐ համոյթը` ղեկավարութեամբ հալէպածին լուսահոգի Սեպուհ Աբգարեանի ճիպոտի շարժումներուն: 2009 թուականի յուլիսին եռօրեայ ելոյթներուն աւելի քան տասը հազար հանդիսատեսներու էութիւնը հայութեամբ ալեկոծուեցաւ, դրացի երկիրներէն Արաբական ծոցէն ու արտասահմանէն ժամանած հայորդիք վայելեցին Խաչատուրեան ընտանիքին կողմէ հովանաւորուած այս աննման խումբը:

Հիմա աչքիս առջեւ կը գծուի բերդի մուտք-կամուրջին վրայ մարդկային գլուխներու ծովուն դուրս գալու պահը` զուգահեռ մը գծելով պատմական ամրոցի այսօրուան քարուքանդ վիճակին եւ սուրիահայ գաղութի տարտղնուած կացութեան միջեւ:

Սակայն փառքի օրերու վարագոյրը հոս չեմ ուզեր փակել: Հաշուեյարդար կատարելէ ետք, տակաւին թթխմորը զօրաւոր է` շնորհիւ հոն ապրող աննկուն եւ աննման հայորդիներուն , ուշ կամ կանուխ խաղաղութիւնը պիտի վերականգնի եւ մեկնողներէն համեմատութիւն մը կայ, որ գարնան ծիծեռնակներու նման պիտի վերադառնայ իր բոյնը:

Ժընեւ                           


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>