ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Թուրք պետականութիւնը կը մնայ Կէօպելսի վարդապետութեան հարազատ հոգեզաւակը` ստել, ստել եւ ստել… Ապատեղեկատուութիւնը դարձած է պետական գործելաոճ: Ամենասովորական տեղական, շրջանային, միջազգային միջադէպն անգամ իր իւրօրինակ մեկնաբանութիւնը պիտի ունենայ թրքական մամուլի մէջ: Բացառութիւն չեն կազմեր հայրենական եւ համասփիւռքեան զարգացումները:
Իւրաքանչիւր առաւօտ, համացանցի շնորհիւ, կը հետեւիմ «աշխարհներու լաւագոյն աշխարհի» նորութիւններուն, յատկապէս` թրքական: Լուրջ տագնապ կ՛ապրի թրքական թերակղզին. Էրտողանի արտաքին քաղաքականութիւնը կը խորացնէ Թուրքիոյ աշխարհիկ եւ իսլամական հատուածներուն միջեւ բեւեռացումը: Եւրոպական Միութիւնը, մարդասիրական միջազգային կազմակերպութիւններ յարատեւ կը քննադատեն կարծիքի ազատութեան եւ լսատեսողական աղբիւրներու դէմ թրքական իշխանութիւններուն բռնութիւնները: Ընթերցողներուն աչքէն չեն վրիպիր` քրտական շրջաններու վրայ զինուորական վայրագ գործողութիւնները, Սէուտական Արաբիոյ հետ Սուրիոյ ժողովուրդին եւ իշխանութիւններուն դէմ Էրտողանի կառավարութեան հիւսած դաւերը, Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան յղուած սպառնալիքները, 21-րդ դարու անկոչ սուլթան Էրտողանի տոնքիշոթեան յաւակնութիւնները, այս բոլորին զուգահեռ` Թուրքիոյ տնտեսութեան վրայ ռուսական ճնշումներուն հետեւանքները… Այսօր առաւօտեան «Հիւրրիէթ»-ի գլխաւոր էջը գրաւած էր Հայաստանի ներքին առօրեային վերաբերող խորագիր մը` «Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան հակաթուրք կուսակցութիւն մը հրաւիրած է մաս կազմելու երկրի կառավարութեան»… Ապա` եզրակացութիւն մը. այսպիսով, Հայաստան փակուղիի առջեւ կը դնէ Անգարայի հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու ճիգերը: Լա՞նք, թէ՞ խնդանք: Այսինքն, ըստ «Հիւրրիէթ»-ի, Հայաստանի պետականութիւնը եւ հայ քաղաքական բոլոր հոսանքները, կազմակերպութիւնները սիրալիր յարաբերութիւններ կը պահպանեն Թուրքիոյ հետ, բացի թրքատեաց հակումներով ծանօթ Դաշնակցութենէն… որ կառավարութեան մաս կազմելով` փակուղի կը մտցնէ երկու բարեկամ պետութիւններու փոխյարաբերութիւնները բարելաւելու ճիգերը:
«Հիւրրիէթ»-ն է դարձեալ գրողը. «Դաշնակցութիւնը` ընկերվարական կուսակցութիւն մը, Հայաստանի հարիւր եւ երեսուն մէկ անդամ հաշուող խորհրդարանին մէջ ունի հինգ ներկայացուցիչ եւ հողային պահանջ կը ներկայացնէ Թուրքիոյ: Այս ի՜նչ յանցագործութիւն…ին՜չ յանդգնութիւն: Խարխափումներու մէջ հաւանաբար կորսուած է «Հիւրրիէթ»-ը: Յամայն հայ ժողովուրդը պահանջատէր կը մնայ իր արդար իրաւունքներուն, յարգելի՛ «Հիւրրիէթ»: Միւս կողմէ, առանց յաւակնութեան յայտնենք, որ ընկերվարութիւնը շնորհիւ Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան ծիլեր արձակած է հայ քաղաքական մտածողութեան մէջ այն ժամանակաշրջանին, երբ սուլթանները արիւնաքամ կը դարձնէին օսմանեան բռնատիրութեան տակ տառապող ժողովուրդները:
Ըստ «Հիւրրիէթ»-ին, հայկական սփիւռքի մէջ լայն ժողովրդականութիւն վայելող Դաշնակցութիւնը ընդդիմութեան անցաւ, երբ Հայաստան եւ Թուրքիա փոխյարաբերութիւնները բարեկարգելու համաձայնագիր մը ստորագրեցին 2009-ին, Ցիւրիխի մէջ. «Ցիւրիխի համաձայնագիրը սահմանները վերաբանալու յանձնառութեան տակ կը դնէր երկու դրացի պետութիւնները, սակայն ան չվաւերացուեցաւ երկու երկիրներու խորհրդարաններէն: Նախագահ Սարգսեան Հայաստանի խորհրդարանէն յետս կոչեց փրոթոգոլները` մատնանշելով թրքական կողմին մօտ «քաղաքական տրամադրութեան բացակայութիւնը». կը մեկնաբանէ «Հիւրրիէթ» եւ կ՛եզրակացնէ. «Շուրջ քսան պետութիւններ ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը: Թուրքիա կը մերժէ իրեն վերագրուող այդ ոճիրները, օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ կազմակերպուած տեղահանութիւնները, կոտորածները….»:
Աւանդական կուսակցութիւններ տարբեր պատճառներով յաճախ գտնուած են ընդդիմութեան դիրքերու վրայ: Սակայն վերադառնալով հայ-թրքական փրոթոգոլներուն, պատի՛ւ հայ քաղաքական կուսակցութիւններուն, սփիւռքի հեղինակաւոր կազմակերպութիւններուն եւ կառոյցներուն, որոնք առաջին իսկ օրէն խորքով եւ բովանդակութեամբ մերժեցին հայ-թրքական փրոթոգոլները: Պատի՛ւ Հայաստանի իշխանութիւններուն, որոնք նախազգացին թրքական որոգայթը: Բայց ի զարմանս Մ. Նահանգներուն, Ռուսիոյ եւ Եւրոպական Միութեան` Էրտողանի Թուրքիան սեպ խրեց հայ-թրքական փրոթոգոլներու գործադրութեան առջեւ` Հայաստանի հետ սահմաններու բացումը պայմանաւորելով Լեռնային Ղարաբաղէն հայկական ինքնապաշտպանութեան ուժերու հեռացումով…
«Հիւրրիէթ»-ի յերիւրանքները հայ ընթերցողին ներկայացնելէ առաջ անոր յարգարժան խմբագրութեան պիտի ուղղեմ հետեւեալ հարցումը. «Կայքի գլխաւոր էջին վրայ, Հայաստանի վերաբերող տեղեկատուութեան անմիջապէս տակը, լոյս տեսած է բաւական ուշագրաւ լուր մը` «Երեքհարիւրամեայ քրիստոնէական եկեղեցի մը վաճառքի հանուած է Թուրքիոյ Պուրսա քաղաքին մէջ»: «Հիւրրիէթ»-ի յարգարժան խմբագրութիւնը կրնա՞յ պատասխանել, թէ ու՞ր մեկնեցան Պուրսայի քրիստոնեայ բնակիչները, որ նոյնինքն «Հիւրրիէթ»-ի հաւաստիացումներով, մեծամասնութեամբ հայեր եւ յոյներ եղած են: Կրնա՞ք պատասխանել, թէ ո՛ւր մեկնեցան Պուրսայի եւ մնացեալ եկեղեցիներու հաւատացեալները, յարգելի՛ «Հիւրրիէթ»: Թուրքիոյ պետական արխիւները բաւարար են ապացուցելու Իթթիհատի կառավարութեան ցեղասպանական ծրագիրը, երբ սուլթան Մեհմէթ 6-րդի հրամանագրով կազմուած Պոլսոյ Զինուորական ատեանը(1919) մահավճիռ արձակեց Իթթիհատի պարագլուխներուն դէմ:
«Հիւրրիէթ»-ի մեկնաբանութիւնները շփոթ կը փորձեն ստեղծել պատմութեան անծանօթ թուրք եւ օտար ընթերցողին մօտ: Ոչ ոք կրնայ խոցել մեր յիշողութիւնը, հայ ժողովուրդին ազգային արժանապատուութիւնը: Փաստերը անթիւ են պետականօրէն ծրագրուած ու գործադրուած ցեղասպանութեան ճանապարհով հայ ժողոովուրդը բնաջնջելու, Հայաստանը յափշտակելու ահաւոր ծրագիրը կը շարունակէ մնալ թուրք մտածողութեան մտասեւեռումը:
Հայ ժողովուրդը, բոլորուելով Հայաստանի Հանրապետութեան շուրջ, համայն աշխարհին կը ներկայանայ միեւնոյն պահանջով` վե՛րջ տալ ուրացումին, վերադարձնել մեր հողերը, արդար հատուցում կատարել հայ ժողովուրդին: Ա՛յս պիտի ըլլայ հայ-թրքական իսկական երկխօսութեան միակ ուղին, եւ ոչ` «Հիւրրիէթ»-ի եւ այլոց ապատեղեկութիւնները: