Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13529

Թէ Ինչո՞ւ Եւ Ինչպէ՞ս Նշանակուեցայ Լիբանանի Մէջ Պետական Երդուեալ Թարգմանիչ

$
0
0

Hovsep-Esguidjian_031716

ՅՈՎՍԷՓ ԷՍԿԻՃԵԱՆ

Վաղ պատանեկութեան օրերէս շեշտուած սէր ու հակում կը ցուցաբերէի օտար լեզուներ սորվելու եւ բնագիրներէն ուղղակի անոնց գրականութեան եւ մշակութային գանձերուն բովանդակութիւնը կարդալու նկատմամբ:

Եւ սակայն, հակառակ անձնական ներքին նախասիրութեանս, համալսարանական ուսումնառութիւնս ամբողջացուցի մասնագիտանալով տնտեսավարչագիտական եւ քաղաքական գիտութեանց ճիւղին մէջ:

Հոս մասնայատուկ կերպով կը փափաքիմ յիշատակել, թէ Հայ ճեմարանի նախախնամական հայաբոյր ու հայագիտական նիւթերու դասաւանդման եւ իւրացման անփոխարինելի մթնոլորտին մէջ աւելի քան զարգացումի հասցուցի հայ եւ օտար լեզուներու տիրապետման աստիճանական գործընթացը` պաշտամունքի հասցնելով հայերէնագիտութիւնս ու մանաւանդ` հայոց լեզուի անսպառ գանձերուն շարահիւսական նրբութիւններուն եւ ճկունութեանց մէջ հմտանալու արուեստը:

Հայ ճեմարանի մշակոյթի տաճարին հաւատաւոր քուրմերուն անմիջական հսկողութեամբ, անկասելի քաջալերանքին եւ հսկաներուն պատկառելի ներկայութեան` յանձնառու հայեր կերտելու սրբազան առաքելութիւնը կը շարունակուի ցայսօր:

Հայ ճեմարանը մտքի այն իւրայատուկ հնոցն էր, ուր առաւել կամ նուազ շեշտաւորումով հունաւորուեցաւ օտար լեզուներու, մշակութային ու գրական անմեռ գանձերուն ծաղկեալ նրբութեանց ծանօթացման, ամբողջացման եւ իւրացման հոլովոյթս:

Արդարեւ, իւրաքանչիւր ճեմարանաւարտ հայորդի, յանձնառու հայ դառնալու կողքին, տիրապետած կ՛ըլլայ արդէն` հայերէն, արաբերէն, անգլերէն եւ

ֆրանսերէն լեզուներու իւրացման եւ օգտագործման գերազանցելիօրէն ընդունելի մակարդակին:

Այս բացառիկ իրողութիւնը նախադուռն էր թերեւս` ապագային պետական երդուեալ թարգմանիչ նշանակուելու երազիս իրականացման:

Համալսարանաւարտ դառնալէս ետք, գրեթէ տասնամեակ մը պաշտօնավարեցի զանազան առեւտրական հաստատութեանց մէջ` վարչական տնօրէնի հանգամանքով, եւ օտար երեք լեզուներով առետրական թղթակցութիւններ վարեցի` ցանկալի արհեստագիտական մակարդակով:

Սակայն, վերոնշեալ տասնամեակին, տակաւ նշմարելի եղափոխական զարգացումով, էութեանս մէջ կ՛արմատանար օտար լեզուներով օրինական թարգմանութիւններ կատարելու ընդոծին ձիրքս:

Մասնայատուկ յիշատակելի փաստ մըն ալ կ՛ուզեմ մէջբերել հոս. 1960-1970 ժամանակաշրջանին Լիբանանի մէջ հայութեան մօտաւոր թուաքանակը հասած էր արդէն ոչ արհամարհելի 300 հազար հայ քաղաքացիներէ բաղկացած ըլլալու նախանձելի մակարդակին եւ անկրկնելի պատմական իրողութեան:

Դժբախտաբար այդ օրերուն հայ համայնքը տակաւին չունէր պետական ճանաչումի հասած  ոչ իսկ մէկ օրինական թարգմանիչ:

Կային անշուշտ անհատ արաբագէտներ, ֆրանսագէտներ, անգլիագէտներ, նոյնիսկ` արաբերէն-հայերէն լեզուներու բառարանագէտ հեղինակ անհատներ ու արաբագէտ պետական երեսփոխաններ եւ նախարարներ:

Այս տխուր իրողութենէն մեկնելով` 1969  թուականին, ամառնային արեւոտ պայծառ կիրակի օր մը, որոշեցի Անթիլիասի մայրավանք երթալ` պատարագին ներկայ գտնուելու, ապա յատուկ ունկնդրութիւն մը խնդրելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ Խորէն Ա. կաթողիկոսէն, տագնապալի անդոհանքս եւ խոր մտահոգութիւնս բացայայտելու վեհափառ հօր:

Համարձակութիւնս արդիւնք էր փոքր տարիքէս մեր նուիրապետական զանազան աստիճանի եկեղեցական դէմքերուն հետ ծանօթութիւն հաստատելու եւ կապ պահելու նախանձախնդրութեանս, որ ժառանգաբար փոխանցուած էր անձիս հոգիով հարուստ եւ ազնուական նկարագիրով հօրս մշտական քաջալերանքով:

Իսկապէս ալ, պատարագէն ետք ներկայացայ Խորէն Ա. կաթողիկոսին, եւ աջահամբոյրէն ետք, ի պատասխան վեհափառ հօր հայրական իւրայատուկ նկարագրային գծին` ծանօթ ազգայիններու ընտանեկան եւ ընկերային հարցերուն մասին տեղեկանալու վեհին շեշտուած հետաքրքրութեան, բացատրեցի վեհափառ հօր, որ հակառակ մասնագիտական գոհացուցիչ զբաղումներուս, տեւական տագնապալի անձկութեամբ կը հետեւէի լիբանանահայութեան` օրինական թարգմանութեանց ասպարէզին պարզած ողորմելի վիճակին, բաղձանք  յայտնելով, պետական ճանաչումի արժանանալով` լեզուներու օրինական թարգմանիչ նշանակուիլ Լիբանանի մէջ:

Վեհափառ հօր նկատել տուի նաեւ, որ նորին սրբութիւնը հայոց միակ հեղինակութիւնն է, որ տեղեակ է Լիբանանի մէջ հայ համայնքին` այդ օրերու թուաքանակին, եւ պետական դատական պատկան բաժանմունքներէն ներս` հայ տարրերու եւ մասնագէտներու գրեթէ բացարձակ բացակայութեան:

Յայտնեցի միաժամանակ վեհափառ հօր, որ անանձնական դրական պատրաստակամութիւնը նշանակուելու պետական երդուեալ թարգմանիչ` Լիբանանի դատական նախարարութեան մասնագէտներու նշանակումներու պատկան բաժանմունքին ցանկերուն վրայ:

Յայտնեմ երախտագիտաբար, որ Խորէն Ա. վեհափառ գործնապաշտ կաթողիկոսը, սկզբունքով համաձայն գտնուեցաւ սրտցաւ առաջարկութեանս հիմնաւորումին, սակայն տեղին մատնանշեց, որ աւելի նպատակայարմար պիտի ըլլար Լիբանանի հայոց Ազգային առաջնորդարանին խողովակով եւ օրուան Լիբանանի հայոց բարեջան առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեանի ուղղակի միջամտութեամբ, առաջնորդարանին կողմէ պատշաճ դիմում կատարել: Վերջինս պիտի դիմէր, որ Լիբանանի դատական պատկան իշխանութեանց Ազգային առաջնորդարանին դատական խորհուրդին վճռահատած հայերէնով տեղեկագիրներուն, փաստաթուղթերուն եւ դատաստանական վճիռներուն օրինական թարգմանութիւնները` հայոց Ազգային առաջնորդարանէն ներս կատարելու արտօնութիւն ձեռք ձգէ պետական ճանաչում շնորհուած երդուեալ թարգմանիչի մը կողմէ: Այս կերպով պիտի սրբագրուէր օրինական բացթողում մը, մասնագէտ թարգմանիչի մը բացակայութեան փաստով` հայ համայնքին մէջ, եւ Լիբանանի հայոց Ազգային առաջնորդարանէն ներս:

Արդարեւ, յաջորդող օրերուն, Լիբանանի հայոց բարեջան առաջնորդ Տաճատ արք.ը ընդառաջելով նորին սրբութիւն Խորէն Ա. կաթողիկոսին թելադրանքին, յատուկ յանձնարարական հաստատագիր-դիմումնագիր մը պատրաստել տուաւ` յղուելու համար Լիբանանի դատական նախարարութեան պատկան բաժանմունքին:

Նախքան 1969 թուականը, Լիբանանի մէջ յատուկ արտօնագիրով կը գործէին 32 մասնագէտ նշանակեալ թարգմանիչներ: Այսօր հին ու նոր համալսարանական մասնագիտական վկայականներով արտօնեալ երդուեալ թարգմանիչներու թուաքանակը հասած է արդէն  1500 մասնագէտի սահմանին` ամբողջ Լիբանանի տարածքին:

Լիբանանի հայոց առաջնորդարանին կատարած վերոյիշեալ դիմումէն քանի մը ամիս անց պաշտօնապէս տեղեկացայ, ապա` պատկան մարմիններէն ստուգելով հաստատեցի երդուեալ թարգմանիչ նշանակմանս մասին, Լիբանանի պետական պաշտօնաթերթին մէջ հրատարակուած ցանկերուն հիմամբ` մարտի 1969 թուականին:

Լիբանանի հայոց Ազգային առաջնորդարանը եւ Լիբանանի հայ համայնքը վերջապէս ունեցաւ երկու օրինական նշանակեալ երդուեալ թարգմանիչներ` հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն եւ թրքերէն (արաբատառ օսմաներէն եւ լատինտառ) լեզուներու:

Յիշեալ զոյգ մը թարգմանիչները այնուհետեւ օրէնքով արտօնուած էին օրինական թարգմանութիններ կատարելու յիշեալ լեզուներով` Ազգային առաջնորդարանին եւ լիբանանեան ընկերութեան թարգմանչական պահանջներուն գոհացում տալով:

Իմ պարագայիս, աւելի քան չորս տասնամեակներէ ի վեր Ազգային Առաջնորդարանի Դատաստանական խորհուրդին վճռահատած ժառանգական, կալուածային, ամուսնալուծման, խնամակալական, որդեգրական եւ այլ կարեւոր որոշումները հայերէն բնագիրներէն օրինաւորապէս կը թարգմանեմ արաբերէնի եւ այլ օտար լեզուներու, որպէսզի ըստ օրէնքի վաւերացում ստանան Լիբանանի դատական պատկան իշխանութեանց կողմէ: Հուսկ ապա օրինական ձեւով թարգմանուած է արդէն Ազգային առաջնորդարանէն վճռահատուած որոշումները օրինաւորապէս գործադրելի կը դառնային, եւ ընդունելի` պետական թէ անհատական կառոյցներէն, հաւատարմագրուած դեսպանատուներէն, համալսարաններու վարչութիւններէն, օտար երկիրներու գաղթականական բաժանմունքներէն եւ այլ սոսկական առնչակից անձնաւորութիւններէն ու հաստատութիւններէն:

Այսօր, յետադարձ ակնարկ մը նետելով, 1969 թուականը նախորդող շրջանը ներառելով, կը տեսնենք, որ հայ մասնագէտ թարգանիչներու աններելի բացակայութեան, կրկնակի զաւեշտական ոբերգա-կատակերգական երեւոյթ մը կը պարզէր մեր հաւաքական ազգային կեանքը: Այդ ատեն անարդարանալի պարագաներու բերմամբ, եւ սխա՛լ հիմնաւորումներով հայոց լեզուի կատարեալ անգիտութեամբ փայլող ասորի երդուեալ թարգմանիչ մը, տգիտօրէն, եւ ծիծաղելի անպատասխանատուութեամբ կը համարձակէր հայ համայնքի պատկառելի դատաստանական խորհուրդին կողմէ վճռահատուած ամուսնալուծման որոշում մը…

«օրինաւորապէս թարգմանել», հիմէն արդէն աններելի սխալ մեկնակէտի մը հիմունքով… ամուսնալուծուած կնոջ օրինաւոր սննդագին գանձելու իրաւունքները փոխանցելով… յանցաւոր ամուսնալուծուած ամուսնոյն… եւ պարտաւորեցնել իրաւատէր կինը` «Սննդագին վճարելու յանցաւոր ամուսնոյն…»:

Այսպիսի ոչ նախանձելի կացութեան մէջ կը գտնուէր Ազգային իշխանութիւնը, եւ ոչ իրաւասու մարմիններու եւ թարգմանիչներու քմահաճոյքէն կախուած… լիբանանահայ մեր համայնքի օրինական գործառնութեանց ճակատագիրը:

Երդուեալ թարգմանիչին իւրայատկութեան ամենագլխաւոր յատկանիշը լեզուներուն կատարեալ տիրապետումն է, ճշգրիտ, բառացի եւ օրինական թարգմանութիւն կատարելը, պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութիւն ունենալը եւ կատարեալ  յարգանքի դրսեւորումը` պատկան դատական իշխանութեանց հաստատած նիւթա-բարոյական պարտաւորութեանց եւ օրէնքի տրամադրութիւններուն նկատմամբ:

Չորս տասնամեակներ կատարեալ յարատեւութեամբ եւ խղճմտօրէն կատարած եմ բազմահազար օրինական ու մասնագիտական գործողութիւններու, պայմանագիրներու, փոխանորդագիրներու եւ համալսարանական վկայագիրներու թարգմանութիւնները` հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն եւ թրքերէն (արաբատառ օսմաներէն եւ լատինատառ) լեզուներով:

Իմ երկար ծառայական գործունէութեանս ընթացքին միշտ պաշտպանած եմ յաճախորդ քաղաքացիներուն օրինական շահերը:

Յարատեւութիւնս եւ վստահելիութիւնս, միացած թարգմանիչի բաղձալի գաղտնապահութեանս, անձիս եւ հաստատութեանս վերապահած են ցանկալի, վստահելի եւ օրինաւոր երդուեալ թարգմանիչի հռչակ:

Եւ սակայն, ասպարէզային իւրայատուկ եւ յարատեւ անդոհանքս, առօրեայ անձկութիւնս եւ հնհնուքս, միացած յաճախորդ քաղաքացիներուն անհամբերութեան եւ ժամանակի գնահատումը կատարելու անկարողութեան, ամէն գնով իրենց կողմէ հաստատութեանս յանձնուած փաստաթուղթերուն կարճ ժամանակի մը ընթացքին օրինաւորապէս թարգմանուած եւ վաւերացուած ետ իրենց ճշդապահօրէն յանձնելու նախանձախնդրութիւնս, տարիներու երկայնքին, ասպարէզային եւ մասնագիտական աշխատանքներուս իրագործման համար… կատարած մարդկային անօրինակ վազքս… բաղձալի կեդրոնացած գրական գործունէութիւն ծաւալելու առիթը եւ կենսական  ժամանակը յաւէտ փակած են` սիրողական բանաստեղծիս եւ ուսումնասիրութիւններուս անհրաժեշտ աղբիւրները հաւաքելու համար:

Ու զարմանալի չէ, որ գրական անդաստանին մէջ ներս մուտքս կը զուգադիպի յարաբերաբար յառաջացած տարիքիս, «Երկրորդ մանկութեան» հաճելի կենսափորձիս ճամբուն…

Սակայն հաստատօրէն կը բացայայտեմ հո՛ս, թէ անձս երիտասարդական նոր «խանդ»-ով լիցքաւորուած, հպարտօրէն կ՛ողջունեմ սերնդակիցներս, եւ նոր սերունդի յանձնառու պարման-պարմանուհիները եւ կը հրաւիրեմ զիրենք գեղեցիկին, ճշմարիտին, արդարին եւ բարիին յաւէտ լարումով ձգտելու  եւ յանձնառութեան անմար ջահը յաջորդ սերունդին փոխանցելու պատրաստակամութեամբ:

Անհունօրէն բաւարարուած պիտի զգամ, եթէ հրաւէր-պատգմաներս դրականօրէն ընկալուին եւ արժեւորուին նոր սերունդին կողմէ:

Երկու խօսք ալ` իբրեւ վերջաբան.

մտմտունքներով, անձկութեամբ ու տագնապալի հնհնունքներով յատկանշուող ասպարէզային առօրեայ կեանքս 45 տարիներ շարունակ ստիպեցին, որ քայլերս ուղղեմ դէպի Անթիլիաս մայրավանք` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ Խորէն Ա. կաթողիկոսի մօտ, որուն բարձր հասկացողութեան ու գործնապաշտպանութեան շնորհիւ` Լիբանանի հայոց օրինաւոր թարգմանութեանց ոլորտը, որ անտեսուած էր ու կը գոհացուէր պատահական օտար օրինական թարգանիչներու զաւեշտական ողորմելի եղբայրական  օժանդակութեամբ, վերջապէս 1969 թուականին օժտուեցաւ անհրաժեշտ հրամայական եղող հայ երդուեալ պետական թարգմանիչներով` միանգամընդմիշտ փրկելով Լիբանանի հայ համայնքը օրինաւոր թարգմանութիւնները պատահական ասորական ու այլ օտար թարգմանիչներու «հակաօրինական» կախուածութիւններէն:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13529

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>