Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13471

12 Փետրուար 1908. «Կարմիր Ժամուց»-ի Անմահ Հեղինակը` Արփիար Արփիարեան Զոհ Գնաց Եղբայրասպան Ոճիրի

$
0
0

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

arpiar-12-2-2016Հայ գրականութեան եզակի դէմքերէն է «Կարմիր ժամուց» խորագրեալ իր վիպակով յաւերժութեան դափնեպսակին արժանացած Արփիար Արփիարեան, որ փետրուար 12-ի օրը, 108 տարի առաջ, զոհ գնաց եղբայրասպան ոճիրի:

Եզակի դէմք է Արփիարեան նախ իր գրական տաղանդով, որ հակառակ մսխուած ըլլալու հանգամանքին` հայ գրականութեան այս բարձրորակ հեղինակին արժանացուց անմահութեան պատուանդանին` իբրեւ հայ գրականութեան Իրապաշտ դպրոցին հիմնադիրի, արեւմտահայ աշխարհաբարի մշակման դրօշակիրի եւ հայ յեղափոխական շարժման գաղափարի մարտիկի:

Եզակի դէմք է Արփիարեան նաեւ իր յեղափոխական անձնուէր գործունէութեամբ, որ հայ գրականութեան տաղանդաշատ երախտաւորին ապահովեց Հնչակեան կուսակցութեան յանձնառու գործիչի եւ ղեկավար գաղափարախօսի պատուանդանը:

Եզակի դէմք է Արփիարեան վերջապէս ու մանաւա՛նդ եղերական իր ճակատագրին բերումով, որովհետեւ անոր բեղուն կեանքին թելը ապաժամ չկտրուեցաւ հիւանդութեան կամ դժբախտութեան մը պատճառով, ոչ ալ թշնամի դաժան ձեռքով, այլ` եղբայրասպան անարգ փամփուշտով…

Արդարեւ, Արփիարեան 57 տարեկան էր, երբ 12 փետրուար 1908-ին, Գահիրէի մէջ, իբրեւ նախկին հնչակեան ղեկավար եւ նորաստեղծ Վերակազմեալ Հնչակեան կուսակցութեան հիմնադիր` զոհ գնաց գաղափարական մաքրագործումի` խորհրդանշելով նախադէպը հայոց նորագոյն պատմութեան ծանր, այլ տխուր եւ վարկաբեկիչ «ժառանգութեան» մը:

Արփիարեան ծնած էր Սամսոնի նաւահանգիստի մատոյցներուն, ծնողքը Ակնէն Պոլիս տեղափոխող նաւու մը վրայ, 21 դեկտեմբեր 1851-ին: Ինչպէս որ հետագային Գրիգոր Զօհրապ պիտի նշէր Արփիար Արփիարեանի դէմքը ներկայացնող իր ակնարկին մէջ, ծովու ալեկոծումներուն հետ լոյս աշխարհ գալը իր շեշտակի դրոշմը դրաւ Արփիարեանի թէ՛ ազգային-հասարակական գործունէութեան, թէ՛ գրական-գեղարուեստական ստեղծագործութեան վրայ` վերելքի ու անկումի ալեկոծումները, երերանքն ու վերիվայրումները բաժին հանելով մեծ գրողին:

Նախնական կրթութիւնը ստացաւ Օրթագիւղի «Թարգմանչաց» վարժարանին մէջ, որմէ ետք ղրկուեցաւ Վենետիկ` Մխիթարեաններու մօտ կատարելագործելու համար իր ուսումը: Աշակերտեց հայր Ղեւոնդ Ալիշանի եւ թրծուեցաւ անոր ազգային-գաղափարական շունչով:

Վերադառնալով Պոլիս` ժամանակ մը աշխատեցաւ առեւտրական գրասենեակներու մէջ իբրեւ հաշուապահ ու գրագիր, ապա քարտուղարական պաշտօնի կոչուեցաւ Թուրքիոյ հայոց պատրիարքարանին մէջ:

Բայց ապրուստի ապահովման հոգը (որ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին ամուրի եւ աղքատ ապրած Արփիարեանի համար շարունակուեցաւ մինչեւ վերջ) արգելք չեղաւ, որպէսզի երիտասարդ իր տարիքէն Արփիարեան ամբողջապէս նուիրուէր թէ՛ հրապարակագրական իր տաղանդով ազգային-ազատագրական գաղափարներու արծարծումին ու ժողովրդականացումին, թէ՛ Արեւմտահայաստանի տարածքին դպրոցական ցանցի հիմնումին եւ նորահաս սերունդի հայրենասիրական դաստիարակութեան:

Տաղանդաւոր արձակագիր էր Արփիարեան եւ իր հրապարակագրական յօդուածներն ու գրական պատմուածքները շուտով արժանացան ընթերցող հասարակութեան ջերմ ընդունելութեան: Սկզբնական շրջանին աշխատակցեցաւ Պոլսոյ «Մասիս»-ին եւ Թիֆլիսի «Մշակ»-ին: Յատկապէս վերջինին` Գրիգոր Արծրունիի «Մշակ»-ին իր բերած մնայուն աշխատակցութեամբ եւ Հայկակ ստորագրութեամբ, Արփիարեան դրօշակիրը դարձաւ ազատախոհ եւ հայրենասիրական գաղափարներու տարածման ու ժողովրդականացման: Իբրեւ այդպիսին` նաեւ հրաւիրուեցաւ Կովկաս, մնաց Թիֆլիս, մօտէն ծանօթացաւ ու մտերմացաւ Արծրունիի, Րաֆֆիի եւ – Ղազարոս Աղայեանի հետ:

Այդ մտերմութիւնը հիմնական նշանակութիւն ունեցաւ Արփիարեանի համար: Իր հրապարակագրութեամբ` Արփիարեան «արեւմտահայոց Արծրունի»-ն դարձաւ. գրական իր ստեղծագործութեանց մէջ Րաֆֆիի ուղիով հայրենասիրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատգամաբերը եղաւ. իսկ արեւմտահայ գրականութեան իրապաշտ շարժումին մէջ Աղայեանի շունչով հայկական գաւառին ուրոյն ձայնը դարձաւ:

Երկրի հայութեան համեստ ու կեղեքուած խաւին դժուարին կեանքը գրականօրէն ներկայացնելու, անոր արդար բողոքի ձայնին հարազատ թարգմանը դառնալու ճիգը տիրական մնաց Արփիարեանի մօտ, որ 1889-ին նաեւ քաղաքական գործիչի ասպարէզ մուտքգործեց` միանալով Հնչակեան կուսակցութեան:

Մինչեւ Հնչակեան կուսակցութեան միանալը, Արփիարեան ծաւալած էր արդէն ազգային-հասարակական բեղուն գործունէութիւն: Եղած էր Ազգային երեսփոխան եւ Խրիմեան Հայրիկի ուղիով գլխաւոր պաշտպաններէն մէկը դարձած էր հայկական գաւառի լուսաւորութեան եւ ընդհանուր զարգացման համար մղուող պայքարին:

Հիմնադիրներէն եղած էր նախ «Արարատեան», ապա` «Միացեալ Ընկերութեան», որ հայկական գաւառը դպրոցական ցանցով օժտելու մեծ գործին նուիրուեցաւ: Այդ նպատակով Արփիարեան շրջեցաւ նաեւ հայկական գաւառները, մօտէն ծանօթացաւ մեր ժողովուրդի դժուարին կեանքին եւ իր հրապարակագրութեամբ ու գրականութեամբ արտայայտիչը դարձաւ գաւառի հայութեան ազգային ու ընկերային ազատագրութեան ձգտումներուն:

Այդ ճամբով ալ Արփիարեան յանգեցաւ ա՛յն եզրակացութեան, թէ` «Ժողովրդոց համար պատմութեան վշտալի դասերը ապագայի ամէնէն լաւագոյն ուղեցոյցներն են»: Նոյն ճամբով էր, նաեւ, որ ան պատգամեց. «Յեղափոխութիւնը կրնայ քանի մը ճակատամարտ կորսնցնել, բայց վերջնական յաղթանակը իրեն պիտի մնայ»:

Դժբախտաբար հարթ չեղաւ Արփիարեանի կուսակցական գործունէութեան ուղին: Հնչակեան կուսակցութիւնը կանուխէն վարակած ներքին պառակտումի սերմերն ու բուռն տարակարծութիւնները եւ հակամարտութիւնները յառաջացուցած էին ընդհանուր կասկածանքի, անվստահութեան եւ յեղափոխութեան դաւաճանելու ջլատիչ մթնոլորտ մը: Այդ մթնոլորտին մէջ Արփիարեանի համբաւն ու տիրական դէմքը շուտով թիրախ դարձան խծբծանքի եւ չարախօսութեանց:

Արփիարեան ղեկավար մասնակցութիւն ունեցաւ 1890-ին հնչակեաններու կազմակերպած Գում-Գափուի ցոյցին, որուն պատճառով իր կարգին ձերբակալուեցաւ եւ բանտարկուեցաւ:

Բանտարկութեան շրջանին Արփիարեանի դէմ, հնչակեան շրջանակներէ ներս, սկսան շրջիլ յամառ զրոյցներ եւ մեղադրանքներ, թէ ան մատնութիւն կատարած է իր ընկերներու հասցէին եւ յեղափոխութեան դաւաճան է: Բայց Արփիարեան արհամարհեց այդ բոլորը եւ 1891-ի ընդհանուր ներումէն ետք, բանտէն դուրս գալով, նոր թափով լծուեցաւ յեղափոխական գաղափարներու տարածման հրապարակագրական իր գործունէութեան: Հիմնեց եւ խմբագրեց Պոլսոյ «Հայրենիք» օրաթերթը` Յովհաննէս Շահնազարեանի մեկենասութեամբ ու գործակցութեամբ:

Համիտեան բռնակալութիւնը երկար չսպասեց` փակել տալու համար ազգային-ազատագրական պայքարի քարոզչութեան այդ գաղափարական բուռն հնոցը: Բայց Արփիարեան դիւրութեամբ տեղի տուողը չէր: Անցաւ Թիֆլիս եւ Պաքու եւ լծուեցաւ յեղափոխական գործին համար դրամ հաւաքելու եւ զէնք ու զինամթերքով Երկրի հնչակեան ֆետայիներուն օգնութիւն հասցնելու գործին:

Ահա՛ այդ շրջանէն սկսաւ նաեւ, Արփիարեանի հասցէին, յեղափոխական սուրբ գործին համար հաւաքուած գումարներէն իւրացումներ կատարելու ներքին չարախօսութեանց արշաւ մը, որ այնուհետեւ անոր քայլերուն կրկնակոխ հետեւեցաւ շարունակ, ուր որ ալ գնաց ան` Լոնտոն, Փարիզ, Վենետիկ թէ -Գահիրէ (Եգիպտոս): Իսկ Արփիարեան 1896-էն սկսեալ արդէն չէր կրնար մնալ Պոլիս: Համիտեան հալածանքներէն հեռու` իր բողոքի ու պայքարի ձայնը լսելի դարձնելու համար Արփիարեան ապրեցաւ ու գործեց արտասահմանի մէջ:

Հայկական ազատամարտի պատմագիրները, հնչակեան ըլլան անոնք թէ դաշնակցական կամ պարզապէս չէզոք հետազօտողներ, ցաւագին կ’անդրադառնան Արփիար Արփիարեանի անունին շուրջ ծաւալած բամբասանքի, զրպարտութեանց եւ մեղադրանքներու այդ ամբողջ պատմութեան, որ նաեւ մանրամասնօրէն զեկուցուած ու տեղեկագրուած է (ՀՅԴ Օրգան «Դրօշակ», 1899-ի իր համարներուն կցած է երեք յաւելուածներ` մանրամասն ներկայացնելով Արփիար Արփիարեանի կուսակցական դատաքննութեան վերաբերեալ նոյնինքն Հնչակեան կուսակցութեան արխիւները):

Հնչակեան կուսակցութիւնը ջլատած ներքին պառակտումի այդ մթնոլորտը չուշացաւ նաեւ գործնական դրսեւորումներ ունենալու: Ստեղծուեցաւ վերակազմեալ Հնչակեան կուսակցութիւնը եւ «մայր կեդրոնին» ու Վերակազմեալներուն միջեւ վերամիացման բանակցութեանց երկար շրջանին շարունակ ի յայտ եկաւ Արփիարեանի անունը` իբրեւ խանգարող ազդակի, թէեւ մեծ գրողին ու մտաւորականին հասցէին բամբասողներն անգամ առիթը չէին փախցներ գրկաբաց ընդունելու զինք, եթէ Արփիարեան մերձեցում ցուցաբերէր որեւէ կողմի ուղղութեամբ:

1905-էն սկսեալ Արփիարեան հաստատուեցաւ Գահիրէ, ուր հիմնեց ու հրատարակեց «Շիրակ» գրական ամսագիրը` կանոնաւորապէս աշխատակցելով նաեւ տեղւոյն «Լուսաբեր» օրաթերթին: Չարախօսութեան արշաւը նաեւ Գահիրէի մէջ հետեւեցաւ Արփիարեանի գործունէութեան: Մինչեւ որ վրայ հասաւ 12 փետրուար 1908-ի չարաբաստիկ օրը, երբ շուկայէն տուն վերադարձին` անծանօթ հայ ահաբեկիչը մահացու կրակ բացաւ մեծ գրողին վրայ:

«Հա՜յ եմ» եղաւ Արփիարեանի վերջին ճիչը:

Արփիարեանի դառն վախճանին անդրադառնալով` Վահան Թէքէեան ատենին կատարած է դիպուկ ընդգծում մը. «Իր մէջ երկու մարդ կար` հայրենասէրը եւ սկեպտիկը. առաջինը զինք սպաննեց»…

Բայց ոչ ոք եւ ոչ մէկ ուժ կրնար սպաննել անմահութիւնը նուաճած գրականութիւնն ու պատգամը Արփիար Արփիարեանի, որ նոյնիսկ օրը օրին գրուած ու յաճախ անխնամ վիճակի մէջ ընթերցողի դատաստանին յանձնուած իր պատմուածքներով, վիպակներով, վէպով եւ հրապարակագրական ակնարկներով` արժանաւորապէս իր բարձրադիր պատուանդանը գրաւեց հայ մեծատաղանդ գրողներու համաստեղութեան մէջ:

Յատկապէս 1901-ին գրուած եւ 1903-ին առաջին անգամ լոյս տեսած իր «Կարմիր ժամուց» գործով` Արփիարեան մեր սերունդներուն կտակեց 19-րդ դարավերջին հայ ժողովուրդին ապրած ազգային-քաղաքական երկունքը յաւերժացնող դասական ստեղծագործութիւն մը: Մէկ կողմէ հայկական գաւառին երիտասարդական ու յեղափոխական ազգային պոռթկումը, իսկ միւս կողմէ` Պոլսոյ մեծատուն էֆէնտիներու պահպանողական մտայնութիւնը ներքին բեւեռացման տարած էին հայ իրականութիւնը: «Կարմիր ժամուց»-ը այդ բեւեռացման պարզ, ժողովրդային եւ սրատես վերծանումն է, ուր Արփիարեանի դիւրահաղորդ, երգիծանքով համեմուած ու հոգեվիճակներ խտացնող գրելաոճը` ի նպաստ յեղափոխութեան հանգուցալուծման տանելով պահպանողական -Հայրապետ էֆենտիի եւ յեղափոխական տէր Յուսիկի հակադրութիւնը, հայ գրականութեան շնորհեց գլուխ-գործոց մը:

«Կարմիր ժամուց» խտացուց ու ամրագրեց նաեւ անմեռ պատգամը Արփիարեան Արփիար յեղափոխականին, որ Խրիմեան Հայրիկի «Երկաթէ շերեփին» հաւատաց ու ամբողջ կեանքը նուիրաբերեց այդ նպատակին, որպէսզի «Կարմիր ժամուց» ապահովէ ու հասցնէ հայ ժողովուրդի զինման ու ինքնապաշտպանութեան սուրբ գործին:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13471

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>