ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Դո՛ւն` որ մեր աղօթքն ես ու մեր հաճոյքը,-
Հայո՛ց լեզու, կը սիրեմ քեզ:
Վազգէն Շուշանեան
Ու այսպէս դարեր շարունակ աղօթք ենք բարձրացուցեր, հաւատք ու քրտինք փոխանցեր, հայաբոյր շունչ ու ոգի սերմաներ, հաճոյքներ ենք սարքեր, տխրեր եւ ուրախացեր հայոց այբուբենով:
Աւելի՛ն. արհաւիրքներու մէջ անգամ եւ ամէնէն բարբարոս օրերուն սիրել ենք գիտցեր ու ատով փրկուեր ստոյգ մահէ:
Այո՛, մենք սիրեր ենք մեր լեզուն ու այնքան սիրահարեր անոր, որ անոր պաշտամունքի ու ծէսի հանդերձանք ենք նուիրեր, յանուն ազգային խորախորհուրդ ապրումներու, զգացումներու եւ արժէքներու:
Սա է մեր լեզուն իր բովանդակ գեղեցկութեամբ, ուժեղ, առինքնող եւ անգնահատելի արժեհամակարգով:
Այսուհանդերձ,
Կը մենամարտինք ազգովին դարերէ ի վեր: Ու կը շարունակենք մեր գոյութենական կռիւը «խրամին այս կողմը», հաւատաւոր ու հարազատ ժառանգորդը հանդիսանալու բոլոր անոնց, որոնք իրենց հանճարեղ մտքին լոյսը, տիեզերահունչ հոգիին արձագանգը, բիւրեղ զգացումներուն ճառագայթը, անկաշառ ապրումներուն գեղեցկութիւնը ընծայեցին յանուն ազգային վեհափառ արժէքներու պահպանման ու պաշտպանութեան:
Անոնք` մեր անմահանուն մեծերն ու մեծութիւնները, հայ աշխարհի բարձրաբերձ լեռներուն եւ անառիկ բերդերուն նման եղան կենարար ու ոգեպինդ, եղան հրաշակերտ Արամազդներ ու Մաշտոցներ, հայ ցեղի ու մշակոյթի հնաւանդ Շնորհալիներ եւ Նարեկացիներ, Մեսրոպատառ պայծառ մտքի ու շունչի երկրպագու շառաւիղներ:
Անոնք` մեր անկրկնելի մշակոյթին, սրբատառ մատեաններուն եւ հոգեկերտ գրականութեան մէյ-մէկ աստուածութիւնները հանդիսացան, եղա՛ն Օշականներ, Վարուժաններ, Սիամանթոներ, Զարդարեաններ, ապրեցան իբրեւ գեղակերտ Պարոյր Սեւակներ, իբրեւ արարատապաշտ Շիրազներ, եւ ուրիշնե՜ր, ուրիշնե՜ր:
Անոնք դարձան հայ գիր ու գրականութեան, հոգեւոր արժէքներու, մշակութային հարստութիւններու, հրաշագեղ արուեստի եւ մայրենիին ծաղկման նուիրեալներ, հերոսացան, անմահացան եւ յայտնուեցան բոլոր ժամանակներուն, ամէնուրեք ու ամէն ատեն:
Եղան մեծասքանչ այբուբենին զինուորագրեալներն ու նահատակ գրողները:
Եղան նորաբարբառ մանչուկներու շրթներուն կենսաւիշը, երիտասարդ սերունդներու սիրոյ ու տառապանքի արտայայտիչը, մեր մեծ մայրերուն ամէնօրեայ աղօթքին մասունքները, ազգին հզօր ու անփոխարինելի կայմերը, բռնցքացած հոգիներու ներշնչարանները, մեր հաւաքական յիշողութեան անյիշաչար յուշարարները եւ զգաստութեան մղող հանապազօրեայ առաջնորդները:
Այո՛, տարօրինակ, անհաւասար ու դաժան է եղած դարաւոր մեր կռիւը: Անիկա ազգէն խլած է ամէնէն թանկարժէքը` իրերայաջորդ սերունդներու մտաւորական ընտրանին, բանասէր հոգեւորականն ու լեզուագէտ գիտնականը, բոլո՜րը, բոլո՜րը, որոնց միակ մտասեւեռումն է եղած ազգին ու հայրենիքին գոյատեւումը:
Եթէ երբեք հանճարեղ Մեսրոպ Մաշտոց ու սերնդակիցներ լոյսին բերին հայ ինքնութեան հզօր պահուածքն ու դէպի մշտնջենականութիւն սլացող հայ ցեղի հինգհազարամեայ պատմութիւնը, անոնք այլապէս ալ կերտեցին հայութեան ճակատագիրն ու ապագան:
Իսկ ի՞նչ են եղած հայութեան ու Հայաստանի հազարամեակներու մենամարտերը, մաքառումներն ու օրհասական ճակատամարտերը, եթէ ոչ պահել ու պաշտպանել հայու տեսակն ու որակը, մէկ խօսքով` նոյնինքն հայութիւնը:
Արդեօք հարց տուա՞ծ ենք մենք մեզի, թէ ինչո՞ւ այսքան գին վճարած են մեր նախնիքը հայ ինքնութեան, հաւատամքի ու երազի պաշտպանութեան համար: Եւ ինչո՞ւ դեռ ազգովին կը շարունակենք նման պայքար, յանուն ո՞ր նպատակի, ո՞ւր հասնելու համար:
Ու ազգը կը շարունակէ իր մենամարտը:
Սփիւռքացած մեր կեանքին մէջ, գաղութահայ իրականութիւններու ահաւոր կացութիւններու դէմ յանդիման հայոց լեզուն կը նահանջէ, կամ ինչո՞ւ կը նահանջէ: Զո՞վ մեղադրել, եւ ո՞ր գործած յանցանքին համար:
Եթէ երբեք կա՛յ մեղաւոր, ապա ատիկա ազգն է իր բոլոր շերտերով, գոյներով եւ համոզումներով: Եթէ երբեք յանցաւոր կը փնտռենք, ապա ի զուր, որովհետեւ կուտակուած սխալներու եւ թշուառ վերաբերումներու ամբողջ կոյտեր են հաւաքուած եւ թիզուած, սպասելով հրկիզման եւ բնաջնջումի պահուան:
Իսկ ի՞նչ է լեզուն, մայրենին: Անիկա լոկ արտայայտուելու միջո՞ց է, իրար հասկնալու գործի՞ք, հնչիւնային համակա՞րգ, քերականութի՞ւն, լեզուամտածողութի՞ւն, բանաւոր ճարտարութի՞ւն թէ դարերու խորերէն մեզի ժառանգուած հաւաքական մտածողութիւն, ապրուած ու մարսուած երազներու շտեմարան, դառն աշխատանքի թէ արդար քրտինքի ամբողջ համաստեղութիւն, ձգտումներու եւ մաքառումնեու տեսադաշտ, որով ազգեր կը զատորոշուին իրարմէ եւ կը հարստանան իրարմով:
Արդ, երկրագունդի վրայ առկա՞յ է ազգ մը, որ հայութեան չափ ամէն օր կը հոլովէ մայրենիի պաշտպանութեան երգն ու կարեւորութիւնը: Ատով հանդերձ, ազգային մեր պարունակը տակաւ կը կորսնցնէ իր որակէն ու քանակէն ստուար մաս մը, որ ձուլման դառն բաժակը ըմպելով, շատ անգամ կ՛անգիտանայ պատուհասը եւ մասնակից կը դառնայ հայ արեան բաղադրիչներէն ամէնէն հիմնականին, անփոխարինելիին` մայրենի լեզուի զգետնումին, խողխողումին:
Աշխարհի վրայ գոյութիւն ունի՞ ազգ մը, որ հայութեան չափ եւ լիարժէք կերպով կը տուայտի պահելու ու պաշտպանելու համար սուրբ մայրենին, որուն ոգեկան արժէքը լեռնացած է Արարատի բարձրութեամբ:
Ճիշդ է, որ հայոց պարտադրուած ոճրային կացութիւններու դէմ հայութիւնը վերստին գտած է ինքզինք ու գոյատեւած: Գաղութահայ կեանքի կազմակերպման մէջ մեծ է եղած դերը հայ վարժարանին, որուն երդիքին տակ հայաշունչ ու հայրենանուէր սերունդներ են ծլած ու մեծցած: Սակայն, անհայրենիք ըլլալու իրողութիւնը, օտարամոլութիւնը, պատկանելիութեան հանդէպ ցուցաբերուած անտարբեր ու անհոգ մօտեցումներն ու վերաբերումները, արդէն կ՛ազդարարեն մեզի հետագայ տարիներու ողբերգութիւններու ահաւորութիւնը:
Եւ հակառակ ցարդ տարուած ազգանուէր աշխատանքներու եւ նուիրաբերումներու, բարերարներու ազնիւ եւ շնորհակալ նիւթական թէ բարոյական ներդրումներու, սփիւռքացած հայ իրականութիւնը կ՛ուղղուի դէպի քաոսային իրավիճակ, երբ յատկապէս միջինարեւելեան գաղութներու ազգագրական-մարդկային, տնտեսական-ընկերային եւ նիւթական վիճակները արդէն կը գտնուին ոչ նախանձելի վիճակներու մէջ:
Ի՞նչ ընել եւ կամ ինչո՞ւ ցարդ չենք մտածած ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող աշխատանքներու մասին, արդեօք դրացի թէ հեռաւոր երկիրներու եւ ազգերու նուաճումնե՞րը յատկապէս մայրենիի թէ ազգային արժէքներու պաշտպանութեան մէջ խայծեր չեն, որպէսզի ա՛լ զգաստանանք ազգովին եւ դադրինք մենք մեզ խաբելէ:
Յարգելով եւ գնահատելով հաներձ տարուան չորս եղանակներուն կազմակերպուած հայագիտական նիւթերու մասին գիտաժողովներն ու համագումարները, արդեօք ժամը չէ՞ հնչած նման ժամավաճառ արարքներէ ձերբազատելու մենք մեզ, զանոնք սեպելով շռայլութիւն եւ անխոհեմ ընթացակարգ, այնքան ատեն որ ոչ մէկ յառաջընթացի կը ծառայեն, այլ պարզապէս անոնց մասին տրուած լրատուութիւնները կը զարդարեն հայ մամուլի տակաւ շիջող էջերը:
Կ՛ըսենք, որ հարկ է հաստատութենական մտածողութիւն ներմուծել հայ կեանքին մէջ պահելու համար մայրենին, կ՛ըսենք, որ հայ իրաւ ուսուցիչին, մտաւորականին, խմբագիրին, հրապարակագիրին, գրողին, բանասէրին ու պատմաբանին կենսամակարդակը այնքան մը պէտք է բարելաւուի, որ ներկայ թէ հետագայ սերունդներու խթան հանդիսանան պաշտպանելու համար հայ գիրն ու գրականութիւնը:
Կ՛ըսենք ու յաճախ կ՛այպանենք ուրիշը, առանց անդրադառնալու, թէ հայ իրականութեան առաջնորդութիւնը ստանձնած ղեկավարութիւնը ունի մեծագոյն պատասխանատուութիւնը նման ահաւոր կացութիւններու եւ վիճակներու համապատասխան իրական դարմաններ գտնելու եւ անմիջական գործառոյթներու լծուելու:
Կը կատարենք ախտաճանաչումներ, կը քննարկենք հարցեր, կը ներկայացնենք բարեկարգիչ յառաջադրանքներ, եւ այս բոլորը արդի արհեստագիտութեան ընձեռած վայելչութեամբ, սակայն քիչ անդին, կրկին տարուած ինքնագոհութիւններու եւ պատեհապաշտ մօտեցումներու, կը տարուինք հակոտնեայ ուղղութիւններ որդեգրելով:
Եւ կը մնան հարցերն ու մտահոգութիւները, ազգային ու հաւաքական ցաւերը, կը շարունակուի մեր մենամարտը` մայրենին փրկելու եւ ատով ապրելու:
Ի դէպ, օտար մամուլի էջերէն առիթով մը կը կարդայինք, թէ ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան տարեկան ժողովներու ընթացքին մասնագիտական եւ խոր քննարկումներէ, վերլուծումներէ, սխալներն ու թերութիւնները մատնանշելէ ետք, կրկին անգամ եւ շեշտուած ձեւով անդրադարձ կ՛ըլլայ միլիոնաւոր տոլարներու մասին, պարզապէս յաւելեալ նիւթական միջոցներ ապահովելու եւ ըստ այդմ յառաջիկայի ծրագիրներու կենդանութիւն պարգեւելու համար:
Հայ ժողովուրդը ունի անկախ պետականութիւն, քաղաքական միտք, հայապահպանման հսկայ փորձառութիւն, անհատ հարուստնեու հսկայական բանակ, հայրենապաշտներու եւ նուիրեալներու տիպար ներուժ, որոնց ճիշդ գնահատումով եւ ռազմավար մարդու մտածողութեամբ, կը փրկուի ո՛չ միայն մայրենին, այլ նաեւ` ազգը:
Հիմնականը սակայն անկաշառ, ազնուահոգի, պայծառամիտ, բարեկարգիչ, տեսլադաշտ ու արարատասէր առաջնորդութիւն ունենալու հարցն է` ի սփիւռք եւ Հայաստան:
Բացառաբար ասով են պայմանաւորուած մեր բոլոր մենամարտներու յաղթանակները: Մնացեալները բարբաջանքներ են եւ սեւաթոյր հայելիներու դիմաց ինքնագովասանական մարմաջներ: