Image may be NSFW.
Clik here to view.Էս աշխարհում հիւր ենք մենք`
Մեր ծննդեան փուջ օրից
Հերթով գալիս անց ենք կենում
Էս անցաւոր աշխարհից:
Մահը մերն է մենք մահինը
Մարդու գործն է միշտ անմահ,
Երնէկ նրան ով մարդ կու գայ
Ու մարդ կ՛երթայ անարատ:
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ
Դեռ աչքերը Հալէպին յառած, անոր ցաւերով կոտտացող իր սիրտը փնտռեց ամէն օր անոր երանաւէտ օրերը: Իր ծննդավայրին փրկութիւնը տենչացող իր հոգին նոյնիսկ իր կեանքի վերջին օրերուն չմոռցաւ անոր մեծ ցաւը:
Բայց աւա՜ղ, իր շատ սիրած Հալէպէն հեռու, մեզմէ քառասուն օրեր առաջ առ յաւէտ հեռացաւ Կարապետ Ամպարճեանը, որ իր էութեամբ եւ գործով ինքնուրոյն դրոշմ մը ձգեց հալէպահայութեան իրականութեան մէջ:
Կանուխ տարիքէն նետուեցաւ կեանքի ասպարէզ եւ շնորհիւ իր հմտութեան եւ ճարտարութեան` կարճ ժամանակ մը վերջ դարձաւ հալէպահայ յայտնի գործարարներէն մէկը:
Ճիշդ այդ պատճառով արժանացաւ բոլորին յարգանքին անխտիր:
Կարապետ Ամպարճեանի կեանքի հանգրուաններուն ամէնէն յատկանշականը եւ բացայայտը այն էր, որ զգայուն էր, բայց զուսպ, ազնիւ, բայց լաւ դատող եւ գիտակից էր ազգային պարտականութիւններուն եւ անսակարկ ծառայող` իր ազգին: Իր փայլուն վարքով եւ նուիրուածութեան համար 2005-ին արժանացաւ Սուրիոյ երեք համայնքապետներուն կողմէն «Ծառայութեան» շքանշանին:
Կարապետ Ամպարճեան ապրեցաւ վաստակաշատ կեանք մը, ան եղաւ հոգածու հայր, գուրգուրացող մեծ հայր եւ տիպար ամուսին եւ միշտ հաւատարիմ` իր ազգին:
Հալէպահայը կորսնցուց իսկական տիպար իր հայ զաւակը, որ իր անմոռանալի յիշատակն ու շունչը ձգեց իր բարեկամներուն եւ հարազատներուն մէջ:
Թէեւ մեզմէ յաւէտ բաժնուած, բայց Կարապետ Ամպարճեանը մեր մտապատկերին մէջ պիտի ապրի յաւէտ եւ իր յիշատակը անթառամ պիտի մնայ բոլոր զինք սիրողներու սրտին մէջ:
Աստուած անոր հոգին արժանացնէ երկնային արքայութեան եւ մեզ բոլորիս տայ Ս. Հոգւոյ մխիթարութիւն:
ՍԳԱԿԻՐ ՄԸ