ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ
Տեառնընդառաջէն քանի մը օր առաջ ընկերներէս մէկը առաջարկեց ընտանիքներով երթալ Լոռի, Թուֆէնքեան աւան, «Ձորագետ» հիւրանոցը` միասին տօնելու համար հայկական հին այս տօնը եւ միաժամանակ, մէկ օր յետոյ նշելու արդէն միջազգայնացած Վալընթայնի օրը: Հեռաձայնեցինք այլ ընկերներու եւ քիչ ժամանակ յետոյ արդէն ցանկին վրայ ունեցանք 9 ընտանիք, ծնողներ ու զաւակներ միասին առած` 42 հոգի:
Ուրբաթ, 12 փետրուարին ինքնաշարժներու շարասիւնը շարժեցաւ դէպի Լոռի: Առաջին կանգառը Ապարանն էր, Գնթունիք փուռ¬խանութը, ուրկէ թոնիրի տաք հաց ու հայկական պանիր գնեցինք, ու շարունակեցինք ճամբան դէպի «Ձորագետ»: Երեկոյեան հասանք հիւրանոց ու սենեակներու բանալիները ստանալէ ու ապրանքները տեղաւորելէ ետք, հաւաքուեցանք ճաշարան` միասնաբար ընթրելու: Խումբին մէջ էին` Հայաստանէն արտագաղթած ու տասնամեակ մը ետք կրկին հայրենիք վերադարձած մէկ ընտանիք, Քանատայէն Հայաստան տեղափոխուած չորս ընտանիք, Ամերիկայէն եկած երկու, Լիբանանէն եւ Անգլիայէն մէկական ընտանիք: Հայաստացի ու լիբանանահայ, քանատահայ ու պարսկահայ¬անգլիահայ, ամեիկահայ ու կիպրահայ` աշխարհի չորս ծագերէն հաւաքուած էինք հայրենի հողին վրայ, դարձած այս երկրի զաւակները: Մեր մէջ կային դաշնակցականներ ու ռամկավարներ, չէզոքներ ու բարեգործականներ, գաղափարական տարբեր պատկանելիութեամբ մարդիկ: Ոմանք եկած էին 10-15 տարի առաջ, իսկ վերջին հայրենադարձը` ընդամէնը վեց ամիս առաջ: Մէկը գործարար էր, միւսը` ընկերութեան տնօրէն, կար գինեգործ, կար կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղւող հասարակական գործիչ, կային հեռախօսային մեծ ընկերութիւններու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, ամերիկեան համալսարանի դասախօսներ, երգիչ ու ֆինանսական մասնագէտ: Տարբեր ենթահողերէ ու ցամաքամասերէ եկած հայերուս համար ամէնէն մեծ գաղափարը հայրենիքն էր` ազատ ու անկախ Հայաստանը, մեր ՏՈՒՆը:
Տեառնընդառաջի գիշերը ընթրիքը շատ աւելի ճոխ կազմակերպուած էր, իսկ ՎանԱրդի գինիներու սեփականատէրը` գինեգործ Վարուժանը, իրեն հետ հայկական առատ ու համեղ գինի բերած էր: Բնական է, որ գլուխները շատ աւելի արագ պիտի տաքնային եւ արծարծուող նիւթերն ալ պիտի դառնային նոյնքան թէժ ու հետաքրքրական: Նոր սահմանադրութիւն, նոր` համախմբական կառավարութիւն, սուրիահայութեան արտագաղթ դէպի Քանատա, տնտեսական վիճակ, եկեղեցւոյ բարեփոխման հարցեր, Արցախ ու Տեառնընդառաջ խառնեցինք իրար: Եւ այսպէս` թեր ու դէմ կարծիքներ, յուսատու միտքեր ու յուսախաբ ընող փորձառութիւններ, հակադիր կեցուածքներ ու մերթ ընդ մերթ խաչուող տեսակէտներ: Մէկ բան յստակ էր, բոլորիս համար նպատակը մէկն էր` ուժեղ եւ զարգացած երկիր` մեր երեխաներու փայլուն ապագային ի խնդիր: Եւ այս բոլորին հետ` կենացներ, երգ ու պար, մեր չորսդին վազվզող վառվռուն, ազատ ու երջանիկ երեխաներ, մէկ խօսքով` իսկական հայկական քեֆ…
Աւելի ուշ մեծով ու փոքրով հաւաքուեցանք հիւրանոցին բակը եւ խարոյկի շուրջ շարունակեցինք երգն ու պարը:
– Ասկէ աւելի լաւ Տեառնընդառաջ, ասկէ աւելի լաւ հայկական խնճոյք չի կրնար գոյութիւն ունենալ,- ըսաւ Մոնրէալէն 5 տարի առաջ Հայաստան տեղափուած Սեւակը: Իսկ Ամերիկա մեծցած, բայց Հայաստանը իր տունը դարձուցած Մատլենը Դիմատետրի իր էջին վրայ անգլերէնով ըրաւ հետեւեալ գրառումը, որ իրականութեան մէջ մեր բոլորին սրտի խօսքն էր.-
«What’s on my mind? 40+ Armenians who believed in this country enough to build a life here- care to join us? We are waiting for you!» («Ի՞նչ կայ մտքիս մէջ. 40-է աւելի հայեր, որոնք բաւականաչափ հաւատացին այս երկրին` իրենց կեանքը այստեղ կառուցելու համար: Չէ՞ք ուզեր միանալ մեզի: Մենք կը սպասենք ձեզի»):
Գրեցէ՛ք ինծի: