Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13437

Սուրիական Պատերազմը, Հայութիւնը, Ազգային Ինքնութեան Եւ Համրանքի Պաշտպանութիւնը

$
0
0

Hagop-Balian-Ed.Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Սուրիական պատերազմը բնորոշել դժուար պիտի ըլլայ պատմաբանին համար: Դիւրութեամբ կարելի է ըսել, որ անիկա քաղաքացիական կռիւ էր: Քաղաքացիական կռիւները կ’ունենան մրցակցական, գաղափարախօսական, քաղաքական, կրօնական, տնտեսական, համայնքային, լեզուական, մշակութային կամ քաղաքակրթական պատճառներ: Ո՞ր գլխուն տակ կրնանք զետեղել սուրիական պատերազմը:

Կացութիւնը ըմբռնելու այս փորձին մէջ բնական է, որ պէտք է խօսինք սուրիահայութեան մասին, անոր պաշտպանութեան, ազգային նկարագրին եւ լինելութեան մասին: Մեծ քաղաքականութեամբ կը զբաղին աշխարհի մեծերը: Մեղանչում չէ տագնապիլ մեր բազմիցս կոտորակուող, աստանդական դարձող ժողովուրդի, այս պարագային` մէկ հատուածի, ինքնութեան եւ համրանքի պաշտպանութեան հարցով, որ ո՛չ տեղական է եւ ո՛չ մասնակի:

Յաճախ սուրիահայութեան հանդէպ մեր վերաբերումը սահմանափակուեցաւ ընթացիկ բարեսիրութեան եւ մարդասիրութեան ոլորտին մէջ, անկասկած` օգտակար օժանդակութեան մտահոգութիւններով: Բայց այդ օժանդակութիւնը եւ այլ նախաձեռնութիւններ սուրիահայութեան համահայկական նշանակութիւնը եւ դերը  գրեթէ նկատի չունեցան, նկատի չունեցան նաեւ ազգի հեռանկարային հարցը, չներշնչուեցան հայկական լինելութեան պատկերացման մը թելադրած նախաձեռնութիւններով:

Հրապարակային ելոյթներու եւ օժանդակութեան դրամահաւաքի ընթացքին սուրիահայութեան անցեալի ազգային մեծ նպաստը անտեսուեցաւ ապագայի պատկերացումներ ունենալու համար, եւ մարդասիրականը ծածկեց զայն: Ոչ ոք զարմացաւ, համահայկական զօրաշարժ տեղի չունեցաւ այդ անխառն հայութիւն պահած համայնքի անդամները առաջնորդելու հայրենադարձութեան ուղղութեամբ: Անմիջականի թափահարումները եւ մակերեսային մարդասիրութիւնը մոռցուցին ազգային առաջադրանքը:

Այս պատճառով ալ նախ պէտք է խօսիլ սուրիահայութեան մասին` որպէս սփիւռքի ոգեկանութեան եւ ազգային որակի փեթակի:

Մենք սովորութիւն չունինք ընկերաբանական լուրջ հարցախոյզերու արդիւնքով ընթացք եւ քաղաքականութիւն ճշդելու: Այսօր եթէ ուսումնասիրութիւն մը կատարուի սփիւռքի զանազան հատուածներուն մէջ սուրիահայութեան համրանքի եւ որակի ներդրման մասին, պիտի հաստատենք, սկսելով Լիբանանէն մինչեւ Եւրոպա, Ամերիկաներ եւ Աւստրալիա, որ այդ ներդրումը մեծ է` որպէս թիւ եւ որպէս հայկական որակ: Այդ ներդրումը մեծ է նաեւ գրականութեան, ազգային կեանքի, մամուլի, եկեղեցականութեան պարագային:

Այսօր այդ փեթակի կեանքը խանգարուած է, վտանգուած է, զէնքի ու վառօդի մուխով ու ծուխով: Հետեւաբար այդ ինքնուրոյն համայնքի եւ անոր անդամներու պահպանումը առաջնահերթութիւն պէտք է ըլլայ այսօր, վերակազմութիւնը, երբ պատերազմը կանգ առնէ, կամ անոր մշակութային-ոգեկանութեան աւանդի պաշտպանութիւնը` ընդդէմ տարտղնումի չարիքի: Անոնք, որոնք Հայաստան հաստատուած են, կը հաստատուին, հայրենադարձութեան որակի ընթացքի մէջ կը գտնուին, տրամագծօրէն հակառակը ցրուումով այդ որակի կորուստին: Բարեսիրութիւնը անգիտացաւ այդ որակի պահպանումը եւ ներդրումը` հայրենադարձութեամբ:

Այժմէն պէտք է մտածել նաեւ  խաղաղութեան հաստատման վաղորդայնին մասին: Առաջին հերթին համազգային աջակցութեամբ հարկ պիտի ըլլայ վերականգնել բոլոր կառոյցները, մնացողներուն կեանքի պայմանները բարւոքել,  բնակարաններ, դպրոցներ, ակումբներ, եկեղեցիներ, ներդրում կատարել ստեղծելու համար աշխատանքի պայմաններ` բարեկեցութեան հասնելու համար: Իսկ եթէ կարելի ըլլայ տարտղնուած համայնքի անդամները վերադարձնել իրենց միջավայրին, նիւթական բարենպաստ պայմաններու ստեղծումով, որպէսզի սուրիահայութիւնը տոկայ եւ բարգաւաճի որպէս հայկական հարազատութիւն, այդ կ’ըլլայ ազգային, քաղաքական եւ մշակութային հեռանկարային քաղաքականութիւն:

Այսօ՛ր պէտք ծրագրել գալիքը, քանի դեռ տարտղնուածները ասդին անդին դրախտ հասած ըլլալու պէս չեն արմատաւորուած: Նման ծրագրում բարեսիրութենէ  տարբեր որակի պէտք է ձգտի: Ինչո՞ւ սփիւռք(ներ)ը մարդասիրական վերաբերումի մէջ խիղճի պարտք կը կարծէ կատարել` փոխան ազգային վերաբերումի, որ պարզ սահմանումով հայրենադարձութիւնն է ազգային որակ ունեցող սուրիահայութեան: Սփիւռք(ներ)ը աճեցնել ազգային նպատակ չէ: Հակառակն է: Ղեկավարութիւնները (եթէ այս բառը պերճանք չէ) ինչո՞ւ չեն առաջնորդուիր հիմնականի գաղափարով:

Հայաստանի վերաբնակեցման եւ ազգային գաղափարախօսութեան կենսագործման ոսկեղէն զոյգ առիթներուն քովէն անցանք: Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս: Ափսո՛ս:

Մենք մեր աչքին եւ յաչս աշխարհի աղմուկէ տարբեր որակ կրնայինք նուաճել…հայրենի պետութիւն եւ ղեկավարութիւններ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13437

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>