Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13224

Վարձքը Կատա՛ր` Էսդրատային Մեծ Երգիչին

$
0
0

«Որքա՜ն լաւ օրերս գնացին». այսպէս ան կ՛երգէր «Սայլորդ»-ը, առանց իմանալու, թէ իր կեանքի լաւ ու վատ օրերը այսքան արագ պիտի հեռանային իրմէ: Սեպտեմբեր 1-ին իր աչքերը յաւիտեան փակեց Ատիս Հարմանտեան` սփիւռքահայ հանրածանօթ էսդրատային երգիչը, խոր կսկիծի մէջ ձգելով լիբանանահայ գաղութը: Սակայն հակառակ անոր, ան պիտի շարունակէ ապրիլ հայութեան հետ, որովհետեւ իր դիւթիչ ձայնով հմայած է հայ պատանին, իր երգով երիտասարդը կապած է հայ մշակոյթին, հոգեպարար երգերուն բառերով տարեցին յուշերը վառ պահած է ու այսպիսով դարձած անմահ:

Աւելի քան կէս դար, Ատիս Հարմանտեան սատար հանդիսացած է հայկական մշակոյթի պահպանման ու տարածման` այլասերումի եւ օտարամոլութեան այս դարաշրջանին:

Ատիս երգեց մեր սրտին խօսող երգեր: Հայ մշակոյթի անխոնջ այս մեկնաբանը ապրումներով պարուրեց ունկնդիրները, հետեւաբար անոր ձայնն ու երգերը վառ պիտի մնան սփիւռքահայութեան մշակութային կեանքին մէջ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, Էսդրատային երգերու անզուգական մեկնաբան Ատիս Հարմանտեան:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13224

Trending Articles