ՄԱՅՔ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ
Հայաստանը պոլշեւիկներու ձեռքը կ՛իյնայ
Կարճ ժամանակ առաջ թրքական զօրքերը արդէն գրաւած էին Ալեքսանդրապոլը (Գիւմրի) եւ կը պատրաստուէին ընդհանուր յարձակման: 2 դեկտեմբեր 1920-ին հայկական կառավարութիւնը երկիրը կը յանձնէ համայնավարներուն, եւ Հայաստան կը դառնայ խորհրդային տարածք:
Clik here to view.

Հ.Յ.Դաշնակցութեան անդամներու հաւաք Գոքինիոյ մէջ, կեդրոնը՝ Գաբրիէլ Լազեան, 18 Մարտ 1923
Վրայ կը հասնին համայնավարներուն կողմէ նախկին հայկական կառավարութեան անդամներուն եւ բանակի սպաներու դէմ հալածանքները: Գաբրիէլ շուտով հասկնալով գալիք վտանգը` կը փորձէ Նաթալին երկրէն դուրս հանել: Կը յաջողի իրեն համար յատուկ հրաման ձեռք ձգել: 16 անձերու հետ միասին, որոնք պոլսեցիներ եւ զմիւռնիացիներ էին, Նաթալին կը ճամբորդէ դէպի Վրաստանի Պաթում նաւահանգիստը նոյն շոգեկառքով, որ արդէն պիտի ճամբորդէր նորակազմ խորհրդային հայկական կառավարութեան արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանդր Բէկզատեանը: Շոգեկառքի ապահովութեան համար յատուկ միջոցներ ձեռք առնուած էին, քանի որ անիկա պիտի անցնէր թրքական զօրքերու հակակշռին տակ գտնուող տարածքներէ: Շոգեկառքը կը հասնի Սանահին, որ այդ ժամանակ յայտարարուած էր չէզոք գօտի, սակայն հոն կ՛արգիլուի անոր ճամբորդութիւնը: Բոլոր ճամբորդները կը ստիպուին մէկ ամիս մնալ իրենց տեղը, ապա կ՛որոշեն ոտքով քալել դէպի Թիֆլիս:
Ամբողջ շաբաթ մը քալելէ ետք կը հասնին քաղաք, սակայն կը ձերբակալուին եւ բանտ կը տարուին:
Վրացիները սարսափահար կը հետեւէին պոլշեւիկներու յառաջխաղացքին դէպի Կովկաս, լրջօրէն վերապահ էին օտարներուն հանդէպ, տեսնելով, որ ամէն տեղ կը գործէին համայնավար լրտեսներ եւ գործակալներ: Բարի բախտով մը բանտին մէջ ծառայող վրացի սպայ մը կը լսէ Նաթալիի յունարէն խօսակցութիւնը ու կը յայտնէ որ շուտով զինք ազատ պիտի արձակեն: Ան կը պատասխանէ «… Բոլորս ալ քիչ թէ շատ յոյներ ենք, չե՞ս լսէր, որ իրարու միջեւ յունարէն կը խօսինք»: Այսպէս, բոլորը միասին ազատ արձակուելով` կը կարողանան հասնիլ Պաթում ու անկէ ետք` Զմիւռնիա:
Անդին, Երեւանի մէջ, հազարէ աւելի հայ սպաներ կը ձերբակալուին եւ ձիւներուն մէջ ստիպողաբար քալելով` կը տարուին դէպի հիւսիսային Ազրպէյճան` Աղսթաֆա (Ակսթեւ) քաղաքը, ապա անկէ շոգեկառքով` դէպի Պաքու: Անոնց մէջ կը գտնուէր նաեւ Գաբրիէլ Լազեան, որ իր բարեկամին` Մկրտիչ Մկրեանին հետ կարողացաւ փախուստ տալ եւ հասնիլ Ռոստով: Ապաստան գտան հիւանդանոցի մը մէջ, ուր աշխատեցան պնակ մը կերակուր ապահովելու համար: Խորհրդային կառավարութեան ընդհանուր ներման յայտարարութենէն ետք, Գաբրիէլ կը վերադառնայ Երեւան: Հոն կը հասկնայ, որ վիճակը նպաստաւոր չէ իրեն համար, քանի որ, որեւէ քաղաքական գրգռութեան պարագային, ինք պիտի ըլլար առաջին զոհերէն մէկը: Կը փախչի դէպի Պաթում, ապա` Պոլիս ու վերջապէս կը հասնի Զմիւռնիա` միանալու համար իր կնոջ` Նաթալիին:
Շրջան մը կ՛աշխատի որպէս պաշտօնեայ` մինչեւ զօրավար Թորգոմի ժամանումը Զմիւռնիա` Հայկական լեգէոնը կազմելու համար:
Clik here to view.

Գաբրիէլ Լազեան իր ընկերներով Ազարիկի ճաշարանին մէջ, Տուրղութի 1950-ին
Փոքր Ասիոյ արշաւանքը արդէն ծաւալած էր եւ զօրավար Թորգոմ երկրորդ մտածումի առիթ չտուաւ Գաբրիէլին: Ան անմիջապէս մաս կազմեց «Զինուորական գրաքննութեան» գրասենեակին` որպէս փոխգնդապետ:
1922-ի Օգոստոսին, յունական զօրքերու նահանջին վրայ, զօրավար Թորգոմ կը պատուիրէ Գաբրիէլին` Յունաստան մեկնիլ, որովհետեւ իր հաւանական ձերբակալումէն ետք` որպէս թրքական բանակի նախկին սպայ, ան մահապատիժի պիտի ենթարկուէր: Օգոստոս 22-ին կը յաջողի արտօնագիր ձեռք ձգել: Իր կնոջ հետ կը հասնին Փիրէայի նաւահանգիստը, եւ սենեակ մը կը վարձեն Աթէնքի Էւրիփիտու ճամբուն վրայ գտնուող հիւրանոցի մը մէջ:
«Նոր Օր» օրաթերթը
1922-ի սեպտեմբերին, Փոքր Ասիոյ աղէտին պատճառով եւ Զմիւռնիոյ ամբողջական կորուստով, Յունաստան ողողուեցաւ միլիոնաւոր գաղթականներով, որոնց մէջ էին Զմիւռնիայէն, Արեւելեան Թրակիայէն եւ Կիլիկիայէն աւելի քան 100.000 հայ գաղթականներ:
Նոյն շրջանին, Նաթալի Լազեան օգնութեան ձեռք երկարելով գաղթականներուն` իրենց կորսուած հարազատները գտնելու համար, իր հիւրանոցի սենեակէն նամակատան ճամբով Պոլսոյ «Ճակատամարտ» թերթը կ՛առաքէր Յունաստանի տարածքին գտնուող հայ գաղթակայաններուն: Այդ շրջանին վերապրողներու եւ կորուսեալներու մասին անհամար ծանուցումներ լոյս կը տեսնէին թերթին մէջ:
7 դեկտեմբեր 1922-ին ՀՅ Դաշնակցութեան անդամներ ժողով մը կը գումարեն Քումունտուրու հրապարակի վրայ գտնուող սրճարանի մը մէջ եւ կ՛որոշեն դաշնակցական կազմակերպական միաւորներ ստեղծել Ատիկէի հայկական գաղթակայաններուն մէջ: Հիմնադիր հանդիպումին ներկայ էին` Անտոն Կազէլ, Գարեգին Մարգարեան, Արամ Շիրինեան եւ պատուելի Յարութիւն ԱճԵմեան: Կազմակերպութեան գլխաւոր դերը կը ստանձնէ Գաբրիէլ Լազեան:
1923-ին, Լազեանի նախաձեռնութեամբ եւ Անտոն Կազէլի, Արամ Շիրինեանի ու Պօղոս Սվաճեանի գործակցութեամբ, հիմը կը դրուի «Նոր Օր» օրաթերթին: Խմբագրական մարմինը կը յաջողի ապահովել Պոլսոյ «Ճակատամարտ»-էն երկու տուփ հայկական տպագրական տառեր: Փերիքլէուս պողոտայի թիւ 16 շէնքին մէջ կը վարձուի վայր մը, ուր տեղի կ՛ունենար թերթին խմբագրութիւնը եւ գրաշարութիւնը, իսկ տպագրական աշխատանքը կը ստանձնէ Փարասքեւաս Լէոնիս տպագրիչը, որ 1896-էն մինչեւ 1901 տպեց նաեւ «Միութիւն» հայկական թերթը:
Թերթին արտօնատէրը դարձաւ Գաբրիէլ Լազեան, որ, ըստ օրէնքի, պէտք էր յունական քաղաքացիութիւն ունենար: Քանի մը յոյն սպայ բարեկամներու միջամտութեամբ ան կարողացաւ քաղաքացիութիւն ձեռք ձգել: «Նոր Օր»-ի առաջին թիւը լոյս տեսաւ 25 մարտ 1923-ին` Աթէնքի մէջ, սկզբնական շրջանին որպէս շաբաթաթերթ: Առաջին իսկ թիւէն ժողովուրդին կողմէ ընդունելութիւնը աննախընթաց եղաւ: Թերթը կը բաժնուէր Յունաստանի տարածքի բոլոր գաղթակայաններուն մէջ: Քանի մը ամիս յետոյ թերթը դարձաւ երկօրեայ, իսկ 1 յունուար 1924-էն սկսեալ` երեկոյեան օրաթերթ, որ անխափան հրատարակուեցաւ մինչեւ Բ. Համաշխարհային պատերազմի սկիզբը: Անկէ ետք, 1945-ին, վերահրատարակուեցաւ «Ազատ Օր» անունով ու կը շարունակէ մինչեւ այսօր հանդիսանալ յունահայ գաղութին միակ օրաթերթը:
Իր հրատարակութեան առաջին տարիներուն թերթը մեծապէս նպաստեց կորսուած ընտանիքներու վերամիացման` ամէն օր ծանուցումներ հրատարակելով, ինչպէս նաեւ ցանկեր` թրքական բանտերէն հետզհետէ ազատ արձակուող հայերու, որոնք Աթէնք կը հասնէին: Երկար տարիներու ընթացքին «Նոր Օր»-ին կողմէ հրատարակուեցան տասնեակ գիրքեր` հայ բանաստեղծութեան, վէպերու, կենսագրականներու, օտար գործերու, թարգմանական եւ վերլուծական նիւթերով:
Շարունակութիւն… Եգիպտոս
Clik here to view.

Գաբիէլ Լազեան եւ զօրավար Դրօ (Դրաստամատ Կանայեան) Գահիրէի մէջ
1938-ին Եգիպտոսի մէջ գումարուեցաւ ՀՅԴ 13-րդ Ընդհանուր ժողովը, որուն աւարտին Գաբրիէլ Լազեան ընտրուեցաւ Բիւրոյի անդամ եւ շարունակեց վերընտրուիլ մինչեւ իր մահը:
Clik here to view.

Գաբրիէլ Լազեան «Յուսաբեր»ի տպարանին մէջ, Գահիրէ
1939-ին իր ընտանիքով կը հաստատուի Եգիպտոս եւ կը ստանձնէ «Յուսաբեր» թերթի խմբագիրի պաշտօնը: Իր ջանքերով թերթին տպարանը կ՛օժտուի արդիական սարքերով եւ իր ամբողջ ուժով կը զբաղի ազգային եւ կազմակերպական հարցերով: Յաճախակի կերպով յօդուածեր կը ստորագրէ «Յուսաբեր»-ի եւ «Հայրենիք»-ի մէջ:
1950-ական թուականներուն իր ձեռքէն լոյս կը տեսնէ եռահատոր «Հայաստանը եւ հայկական հարցը» աշխատութիւնը, երկհատոր «Հայ ազատագրական պայքարի դէմքեր»-ը, ինչպէս նաեւ ՀՅ Դաշնակցութեան 60-ամեակին առթիւ պատկերազարդ շքեղ ալպոմ մը:
Հաւատարիմ իր ծառայած կուսակցութեան գաղափարաբանութեան` Գաբրիէլ Լազեան հայ ժողովուրդի ցաւերու, իղձերու եւ պայքարի երգիչը եղաւ, մանաւանդ` հայութեան ամէնէն դժնդակ պայմաններուն տակ: Ընկերային արդարութեան եւ հայ ժողովուրդին հանդէպ իր հաւատքի ու սիրոյ մասին կը վկայէ նոյնիքն իր կողակիցը` Նաթալին. «Գաբրիէլին համար վատ մարդ չկար: Որեւէ առիթով ան վատ խօսք չըսաւ իր շուրջիններուն, ան միշտ մարդոց դրական յատկանիշներուն մասին կը խօսէր, ժխտականներուն մասին չէր ուզէր արտայայտուիլ…»:
Գաբրիէլ Լազեանի կեանքի թելը անսպասելի կերպով կը կտրուի 25 օգոստոս 1959-ին` իր յետին ձգելով իր կոթողական գործերու մեծ ժառանգութիւնը, որոնք երկար տարիներու համար ներշնչեցին յունահայ եւ եգիպտահայ գաղութներու իրերայաջորդ սերունդները:
(Շար. 2 եւ վերջ)
——-
ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
«Հայրենիք» ամսագիր, Պոսթըն, փետրուար 1960:
«Յուսաբեր» օրաթերթ, Գահիրէ, 26 եւ 28 օգոստոս 1959, 4 եւ 11 սեպտեմբեր 1959:
«Յուսաբեր»-ի բացառիկ հրատարակութիւն` հայ լրագրութեան 160-ամեակին առիթով, դեկտեմբեր 1954:
«Ազատ Օր» օրաթերթ, Աթէնք, 26 եւ 27 օգոստոս 1959 – 1, 2 եւ 11 սեպտեմբեր 1959:
«Հայ տպագրութիւնը Յունաստանի մէջ», Արմենիքայի հրատարակութիւն, Աթէնք, 2009:
«Ամէնուն Տարեգիրքը», Կարօ Գէորգեան, 1953 եւ 1960:
Գաբրիէլ Լազեանի ինքնագիր եւ ցարդ չհրատարակուած ինքնակենսագրութեան արձանագրութիւններ:
(Յունարէնէ թարգմանեց Ք. Է.)