ՍԵՒԱՆ Ճ. ԱԲԷԼԵԱՆ
Քանի մը շաբաթէ ի վեր ձեռնարկները սկսած են Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակին առիթով: Այդ մտածումներուն մէջ էի, երբ յիշեցի քանի մը ծերուկներ, որոնցմէ երկուքը տարիներ առաջ բաժնուած են այս աշխարհէն:
Անոնցմէ մէկը մեր դրացի Առաքել պապուկն է, որ ծանօթ էր «Թթմալօ» կեղծանունով: Ո՞ր մէկ պզտիկը կամ պատանին չի ճանչնար այս պապուկը, մանաւանդ անոնք, որոնք հեծանիւ կը քշէին, որովհետեւ իրմէ զատ հեծանիւ նորոգող չկար գիւղին մէջ: Իսկ պապուկին «Volkswagen» ինքնաշարժը յատուկ էր: Պապուկը արհեստով «սենկերիճի» էր: Ինքնաշարժին աջ կողմի աթոռը հանած էր, որպէսզի թթուածինին շիշը դնէր, երբ նորոգութեան համար տեղ մը երթար:
Եթէ իր կինը կամ այլ բարեկամ մը հետը տեղ պիտի երթար, անոնք ինքնաշարժի ետեւի նստարանին վրայ կը նստէին: Եթէ պէտք ըլլար, «Սըրըխեան» պապուկին հիւսած աթոռներէն կը դնէր, որպէսզի այդ անձը չզրկուէր պտոյտէն: Յաճախ այդ աթոռը քրոջս բախտին կը վիճակուէր` ըլլալով տան անենափոքր անդամը, որ ստիպուած էր մօրս ընկերակցիլ: Արաբերէն չգիտնալը պատճառ կը դառնար, որ մայրս` իբրեւ թարգման, իրենց հետ երթար:
Կը սիրէր պտտիլ: Թերեւս 15 անգամ Հայաստան գացած էր եւ ամէն անգամ որ վերադառնար, մեծ ուրախութեամբ կը խօսէր հայրենիքին մասին:
Գրեթէ ամբողջ Լիբանանը պտտած էր իր կնոջ հետ եւ քանի մը անգամ ալ հասած էր Քեսապ: Տարի մը ուզեց մեզի հետ երթալ: Սահմանին զինուորը զարմացած` ըսաւ պապուկին. «Դուն ծեր, ինքնաշարժդ ծեր, ինչպէ՞ս Քեսապ պիտի հասնիք»: Իր չգիտցած արաբերէնով զինուորին պատասխանեց. «Հո՛ս սպասէ եւ պիտի տեսնես, որ ապահով պիտի երթամ ու վերադառնամ»: Այդպէս ալ եղաւ:
Անգամ մը Դամասկոս ցուցահանդէս կար (պատերազմէն առաջ տարին անգամ մը մեծ ցուցահադէս տեղի կ՛ունենար): Յանկարծ պապուկը տուն կու գայ: Կինը կը զարմանայ. «Առաքե՛լ, ինչո՞ւ եկար, այգին պիտի ջրէիր»: «Է՜հ,- կ՛ըլլայ պապուկին պատասխանը,- յիշեցի, որ այսօր Դամասկոսի ցուցահանդէսին վերջին օրն է: Գացի` Ուրֆիցենց Ժորժին ըսի, որ գոցէ՛ ջուրը, վաղը կը շարունակեմ: Թերեւս գալ տարի ցուցահանդէսին ժամանակ մեռած կ՛ըլլամ: Այդ պատճառով ջրելը կէս ձգեցի եւ եկայ: Պատրաստուէ՛, միասին երթանք»: Բայց կինը մերժեց, որովհետեւ բաւական գործ ունէր տունը: Պապուկը գնաց մինակը ցուցահանդէսը դիտելու:
Հակառակ յառաջացած տարիքին` արագ ալ կը քշէր: Բնաւ չէր ընդուներ, որ ինք արագ քշող է:
Շատ են պապուկին արկածախնդրութիւնները: Ան գնաց, բայց զինք ճանչցողները տակաւին կը յիշեն պապուկը:
Մոսիկը, որ ներկայիս Լիբանան չ՛ապրիր, քանի մը տարի առաջ Այնճար պտոյտի եկած էր. այցելութեան գացինք: Բնական է, որ պիտի յիշէինք դպրոցական օրերը: Յանկարծ Մոսիկը ըսաւ. «Ամէն անգամ, երբ ձեր ճամբայէն անցնէի ու տեսնէի, որ Առաքել պապուկը եւ Խաթուն նէնէն դուրսը կամ տունը չեն, իրենց տան զանգը կը զարնէի եւ կը փախչէի»: Բայց երբեմն ալ տունը կ՛ըլլային, դուրս կ՛ելլէին, բայց Մոսիկը անհետացած կ՛ըլլար:
Մոսիկը բաւական ծեր էր եւ միշտ փափաք ունէր Արզ երթալու իր ինքնաշարժով: Քանի մը բարեկամի առաջարկեց, որպէսզի երթան իրենց անձնական ինքնաշարժով, բայց բոլորն ալ մերժեցին, որովհետեւ ճամբան քիչ մը դժուար էր: Իւրաքանչիւրը առաջարկեց տանիլ պապուկը, որպէսզի այդ օր չքշէ, սակայն մերժեց: Ուզեց, որ ինք քշէ: Մեռաւ փափաքը սրտին մէջ, որ չկրցաւ երթալ Արզ: Սակայն միշտ իր սրտին մէջ մնաց Ճեպել Մուսան եւ մանաւանդ Պիթիաս իր գիւղը:
Մուշտիկ (Մովսէս) պապուկը. ո՞ր մէկ այնճարցին չի ճանչնար զինք: Կարճուկ, աշխատասէր անձ մըն էր:
Շատ կը նեղուէր, երբ լսէր, որ մէկը հող ծախած էր: Կը ջղայնանար, կը բարկանար: «Հողը կը ծախե՞ն: Ինչո՞ւ կը ծախեն, որպէսզի պարապ բաներ ընեն: Օղի կը խմեն, քէֆ կ՛ընեն, կը ճամբորդեն, կ՛երթան հեռու Ամերիկաները եւ վերջը կը զղջան: Կամ` տեսէք, սա ծառերը ախորժակով կը ցանեն եւ վերջը հոգ չեն տանիր: Այս ի՞նչ սերունդ է»: Ի զուր կ՛աշխատէին զինք հանդարտեցնել իր հարազատները, բայց ան կը շարունակէր բարկանալ: «Պարտէզը ծախեր են, հեռատեսիլ գներ են: Վերջն ալ անօթի կը մնան: Բնաւ հաշիւ չեն ըներ, թէ վերջը ի՛նչ պիտի ըլլայ: Կը կարծեն, որ դրամը յաւիտեան պիտի մնայ: Է՜հ, երբ մենք նոր եկանք այս գիւղը, որքա՜ն աշխատեցանք, որպէսզի այս ճահիճը գեղեցկացնենք: Բայց որո՞ւ կը խօսիս: Ինքնաշարժ պիտի գնեն, պիտի պտտին եւ կեանքը վայելեն»:
Մուշտիկ պապուկը իր աչքին լոյսին պէս կը պահէր իր պարտէզը: Ոչ մէկը կը համարձակէր այդտեղէն պտուղ գողնալ: Նոյնիսկ անտէր եւ կամ դրացի պարտէզներուն մէջ մէկը չէր համարձակեր մտնել: Մուշտիկ (Մովսէս) պապուկը հոն էր միշտ:
Ամբողջ օրը կ՛աշխատէր եւ բնաւ չէր գանգատեր: Գիշերները պապուկը անպայման ընթրիքի ժամանակ մէկ գաւաթ կը սիրէր խմել իր կնոջ հետ: Բայց Մարթա նէնէն օղին առանց ջուրի կը խմէր: Է՜հ, ամբողջ օրը աշխատելէ ետք քիչ մը հանգիստի եւ ուրախութեան ալ պէտք ունէին:
Հաւատարիմ կուսակցական էր: Յաճախ կ՛այցելէր հօրս եւ կ՛ըսէր. «Իշի՛ վարժապիտ (նայէ՛ վարժապետ), Հայաստանը պիտի անկախանայ. ես պիտի չտեսնեմ, ամա դուք պիտի տեսնէք»: Ճիշդ այդպէս ալ եղաւ: Պապուկին մահանալէն ետք Հայաստան անկախացաւ:
Մուշտիկ պապուկը 95 տարեկան էր. հիւանդ պառկած էր, գրեթէ մահամերձ: Աչքերը լաւ ալ չէին տեսներ: Հակառակ իր ծանր վիճակին` խրատները անպակաս էին իր շուրջիններուն:
«Ես ըսեցի ձեզի, անկա՛խ պիտի ըլլայ Հայաստանը»: Այս մէկը Մուշտիկ պապուկին խօսքերն էին: Միշտ ուզած եւ երազած էր, որ Հայաստանը անկախ ըլլայ: Այդպէս ալ եղաւ: Իր մահանալէն վերջ Հայաստան անկախացած էր:
Թիւճար պապուկը 86 տարեկան է: Ծնած է Պիթիաս, Ճեպել Մուսա: Հակառակ յառաջացած տարիքին` եռանդուն է: Գրեթէ ամէն ձեռնարկի կամաւոր կ՛երգէ: Երբեմն հրաւէրի ալ չի սպասեր: Սրտանց կը բարեւէ, որու որ հանդիպի: Հակառակ անոր որ երբեմն եկեղեցիին մէջ կը քնանայ, բայց ընդհանրապէս ներկայ է պաշտամունքներուն` մինակը կամ կնոջ` Մանուշակին հետ:
Կը սիրէ հողագործութիւնը (թէեւ հիմա այլեւս չի ցաներ): Բերքը կը տանէր ընդհանրապէս Զահլէ եւ կը ծախէր: Բոլոր տանտիկինները կը ճանչնային զինք:
Օր մը եկաւ եւ խնդրեց, որ իրեն այցետոմս տպենք, վրան ալ` հեռաձայնին թիւը: Տոմսին վրայ գրել տուաւ «Կաղամբի թագաւորը» երկու լեզուով` հայերէն եւ արաբերէն:
Նոր տարուան շրջանին անպայման մօրուք կը ձգէ: Կամաւոր Կաղանդ պապա կ՛ըլլայ բոլորին: Պիտի երգէ, պարէ եւ ուրախացնէ բոլորը:
Այս տարի Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի ամավերջի հանդէսին հրաւիրուած էին բոլոր անոնք, որոնք ծնած են Ճեպել Մուսա, որպէսզի բեմ բարձրանան եւ իրենց սրտին խօսքը ըսեն շրջանաւարտ աշակերտներուն: Իւրաքանչիւրը ունէր մէկ վայրկեան: Թիւճար պապուկին մաղթանքն էր նոր սերունդին. «Ուր ալ երթաք, հայ մնացէք, հայու հետ ամուսնացէք ու հայ օճախը շէնցուցէք»:
Այս սերունդին դժուար եղած է ձգել Մուսա Լեռը եւ հաստատուիլ նոր երկիր, նոր գիւղ մը շինել, ուր ամէն կողմ ճահիճ էր: Սակայն, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, անոնք ստեղծած են նոր հայրենիք մը եւ անոր կապուած են անկեղծօրէն ու հաւատարմաբար` Մուսա Լեռը իրենց սրտին եւ մտքին մէջ պահելով:
Հիմա՛, մենք, որպէս իրենց ժառանգորդները, մեր պարտականութիւնն է հոգալ եւ շարունակել անոնց սկսածը: Մեծ է մեր պարտականութիւնը այս աշխարհին վրայ, ուր մարդիկ շուտով կրնար օտարանալ եւ հոսանքին հետ երթալ: Հրաման չունինք միայն մեր անձերուն մասին մտածելու եւ հանգիստ ապրելու, այլ հետեւելու ենք մեր նախնիներուն` որպէս անհատ եւ ազգ: