Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ծայրայեղութեան Վնասները

$
0
0

ՎԱՐԴԱՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Քաղաքական, կրօնական, տնտեսական եւ ցեղային ծայրայեղութիւններուն նպատակը ընդհանրապէս եղած է ժողովուրդի մը արժանիքներու  եւ օրէնքներու, նաեւ ժողովրդավարական ու համաշխարհային մարդոց իրաւունքներու դէմ պայքարի գաղափարաբանութեան կերտում, որոնք մեծ մասամբ կ՛ունենան բռնի եւ քանդիչ հետեւանք: Ծայրայեղութիւնը ծնունդ կ՛առնէ կեանքի կամ նիւթական արժէքներու պակասի, կորուստի կամ վիրաւորանքի պատճառով, որ շատ անգամ կրնայ առաջնորդել դէպի անձնասպանութիւն եւ մարդասպանութիւն:

Տնտեսագէտ Ռոնալտ Ուինթրոպը ըսած է, որ բոլոր ծայրայեղականները, որոնք տարբեր գաղափարներու կը ծառայեն, նոյնանման կէտեր կը բաժնեկցին, ինչպէս` ա) բոլորն ալ զիջումի դէմ են, բ) բոլորն ալ վստահ են իրենց հաւատացածին, գ) բոլորն ալ ընդհանրապէս վայրագութիւն կը գործեն, որպէսզի հասնին իրենց նպատակին, դ) բոլորը ազգայնական սկզբունքներ ունին, ե) բոլորը ներքին հակասութիւն ունին, զ) բոլորը ուրիշ ծայրայեղութիւն չեն հանդուրժեր:

Ծայրայեղութեան  գաղափարը ընդհանրապէս հակառակորդները քանդելու վրայ կերտուած կ՛ըլլայ, որոնք իրենց գաղափարին համաձայն,  պատճառ հանդիսացած են իրաւունքի արժեզրկման, անարդարութեան եւ անապահովութեան… Հարկ է յիշել ֆաշական, փանթուրանական, համայնավարական, նացիական,  նաեւ տարբեր տեսակի կրօնական ծայրայեղութիւններ, որոնք աւերներ գործած են հակառակորդին իրենց տեսակէտը պարտադրելու համար: Որպէս արդիւնք` պատճառ դարձած են շատ մը հակածայրայեղութիւններու ծնունդին, ինչպէս` հայոց, յոյն եւ ասորի ազատամարտիկներու, որոնք դէմ կեցան փանթուրանական ծայրայեղական գաղափարին եւ օսմանեան  բարբարոսութիւններուն: Երիտասարդ թուրքերու ծայրայեղ եւ ազգամոլ գաղափարը Հայոց ցեղասպանութեան պատճառ դարձաւ` նպատակ ունենալով բնաջինջ ընել ոչ թուրք ազգեր եւ Օսմանեան կայսրութիւնը մինչեւ Ասիա ընդարձակել: Ապա` հրէական հականացիական շարժումը,  երբ Հիթլեր քաջալերուելով Հայոց ցեղասպանութենէն` շարունակեց իր բարբարոսութիւնները եւ պատճառ դարձաւ Հրէական ողջակիզումին: Հարկ է յիշել Հիթլերի հռչակաւոր խօսքը. «Ո՞վ այսօր կը յիշէ Հայոց ցեղասպանութիւնը»:

Ֆաշիզմը, երբ մարքսիզմի, ընկերվարութեան եւ ազատականութեան տեղը գրաւեց, առիթ տուաւ նոյնանման ծայրայեղական ուրիշ գաղափարներու, որոնք ազդուելով ֆաշիզմէն` ծնունդ առին, ինչպէս` համայնավարութիւնը եւ նացիները, բայց բոլորն ալ իրենց անարդարութեան պատճառով ձախողեցան: Այսօր աշխարհի ժողովուրդները աւելի մեկուսացած կեանք կ՛ապրին ու հեռացած են ժողովրդավարական կազմակերպութիւններէ եւ գաղափարախօսութիւններէ` համացանցի հսկայական հոգեբանական աւերին պատճառով: Ներկայիս միակ ազդու ծայրայեղութիւնը եղած է կրօնը, որ իբրեւ զէնք կ՛օգտագործուի յետնեալ քաղաքական ծրագիրներ իրագործելու համար: Դժբախտաբար այսօր կրօնական գաղափարաբանութիւնը նախկինէն աւելի արագ կը տարածուի համացանցի միջոցով եւ արտասահման հասնելով` մուտք կը գործէ ամէն տեսակ խաւերու եւ ժողովուրդներու մտքերուն մէջ եւ շատ դիւրաւ կը զինուորագրէ եւ պարտականութեան կը հրաւիրէ զանոնք:

Այսօրուան ծայրայեղութիւնը շատ աւելի վտանգաւոր եւ անսահման դարձած ըլլալով, պետութիւններ մինչեւ օրս չեն յաջողած վերջ դնել անոնց` անյայտ ըլլալնուն պատճառով: Շատ անգամ ալ ծայրայեղականները իրենց օգտագործած իշխանութիւններով իրենք իրենց վնասի դռներ բացած են, երբ չեն կրցած զսպել կամ սահմանել իրենց աննպաստ գործունէութիւնը: Գլխաւոր դրդապատճառը կրօնական, ազգութեան կամ գոյնի ծայրայեղութեան` եղած է ատելութեան եւ ուրիշը չյարգելու տարածումի միջոցով: Ատելութիւնը տարածուած է քաղաքական եւ կրօնական իշխանութիւններու կողմէ, որոնք վերջաւորութեան վնաս կրած են, երբ չեն կրցած ժողովուրդին խորքը թափանցած ատելութիւնը մեղմացնել, որուն պատճառով ատելութիւնը փոխանցուած է սերունդէ սերունդ` առանց վերջ մը ունենալու: Այս փուլի կարգախօսը եւ գաղափարախօսութիւնը քաղաքական եւ կրօնական իշխանութեան մակարդակի պէտք է ըլլան` խաղաղութեան եւ առանց խտրականութեան ուրիշին գաղափարները յարգելու նաեւ ընդունելու մասին: Սիրոյ տարածումը համաշխարհային մարդոց մտայնութեան մէջ այսօրուան ճգնաժամին կարեւորագոյն պարտականութիւնն է, որովհետեւ ատելութեան համաշխարհային քանակը գերազանցելով` ամէն բան աշխարհը դէպի անդունդ կը տանի: Ժամանակն է արթննալու եւ մտածելակերպի վերածնունդի առիթ տալու, որ կը համապատասխանէ այսօրուան ժամանակաշրջանին: Եթէ ոչ, մօտիկ ապագային նոյնինքն քաղաքական եւ կրօնական իշխանութիւններու կողմէ օգտագործուած ատելութեան գաղափարաբանութիւնը, որ ժամանակի մը համար իրենց ծրագիրներուն նպաստած էր, իրենց կործանումին պատճառ պիտի դառնայ, երբ պիտի չկարենան համապատասխան եւ անմիջական վերջ դնելու լուծում մը գտնել անոնց:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>