Image may be NSFW.
Clik here to view.
Իտլիպի շրջանը կամ ընդհանրապէս սուրիական տարածքները ահաբեկչութենէ մաքրելու ռազմական գործողութիւններու շղթայազերծումը` սուրիական կառավարական բանակին կողմէ, յայտնապէս նոր իրավիճակ ստեղծած է ազդեցութիւններու գօտիներու փոփոխութեան վրայ հակակշռելու ուղղութեամբ:
Դէպի Իտլիպ սուրիական բանակին յառաջխաղացքը ընթացք տուած է գաղթականական նոր ալիքի մը, որ զանգուածային տեսքով ապաստանած է Թուրքիոյ սահմանին վրայ եւ դէպի Թուրքիա անցնելու նոր ալիքի մակընթացութիւններ յառաջացնելու պատկերներ կը պարզէ:
Ընթացող ռազմական գործողութիւնները, որոնք կը յատկանշուին թէ՛ օդուժի հարուածներով, եւ թէ ցամաքային տեղաշարժերով, ըստ էութեան, սուրիական տարածքային ամբողջականութեան Դամասկոսի կողմէ հսկողութեան վերականգնման միտումներով կը բացատրուին:
Պարզ է սակայն, որ նման լայնածաւալ գործողութիւն չ՛իրականացուիր սուրիական ուժերու կողմէ, առանց մեծ դաշնակիցի հովանաւորչութեան, ուղղակի մղումին: Քաղաքական տրամաբանութեամբ` նախաձեռնութեան նոյնիսկ: Այլ խօսքով, ռուսական ռազմական որոշումի մը սուրիական ուժերով իրականացման հանգրուանն է, որ կ՛արձանագրուի Իտլիպի մէջ` ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վճռական բնոյթի համոզումը փոխանցելով:
Տուեալ շրջանի ահաբեկիչներու խմբաւորումները տարբաղադրական մօտեցումի կը կարօտին, հետեւեցնելու համար, որ անոնք հիմնականին մէջ պետական ո՛ր միջավայրերէն կը ֆինանսաւորուին, աջակցութիւն եւ հովանաւորչութիւն կը ստանան` ազդեցութեան գօտիներու պահպանման պատերազմին մէջ ուժերու յարաբերակցութեան կարեւոր գործօնի դեր ստանձնելով:
Դժուար չէ անշուտ ենթադրել, թէ խօսքը ուղղակիօրէն Անգարայի մասին է, որ Իտլիպի ահաբեկչական գործօնը կը շահարկէ անվտանգութեան գօտիի ստեղծման իր առաջնային նպատակը իրականացնելու հիւսիսային ուղղութիւններու վրայ:
Անգարայի շահարկած այս գործօնի չէզոքացման վճռական փուլին մասին է խօսքը, որուն կանաչ լոյսը վառած է Մոսկուան: Մինչ, Ուաշինկթըն իը «այո-ոչ»-ի պարանաձգութեան խաղին ներքաշած է Անգարան` անվտանգութեան գօտիի (չ)ստեղծման առաջադրանքով:
Թեհրան-Անգարա-Մոսկուա նոր հանդիպման յայտարարութեան վերաբերող պաշտօնական լրատուութիւնները չեն յաջողիր փարատել յատկապէս Մոսկուա-Անգարա մերձեցման եւ Սուրիոյ տարածքին համաձայնեցուած գործողութիւններ իրականացնելու ռազմավարական պայմանաւորուածութիւններու ընթացքը: Իտլիպը փաստօրէն կը շրջէ այդ կարգը եւ կը խախտէ սուրիական ռազմադաշտին վրայ ցարդ երեւցած ռազմախաղի կանոնները:
Խախտած կանոններու մասին կը վկայէ պաշտօնական Անգարայի այն հրապարակումը, որ Թուրքիոյ նախագահը մտադիր է մօտ օրէն իր ռուս պաշտօնակիցին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունենալ, քննարկելու Իտլիպի զարգացումները եւ թրքական զինուորական շարասիւնի ռմբակոծման հարցը:
Սուրիոյ մէջ ռազմական համաձայնեցուած գործողութիւններու եւ նաեւ ռազմավարական գլխաւոր առանցքներու շուրջ համագործակցող կողմերու իրականացնելիք գործողութիւններուն համապատասխան չէ այս լրատուութիւնը:
Անգարան փաստօրէն գետին կը կորսնցնէ Սուրիոյ մէջ, արդարեւ ահաբեկչազերծման նպատակով իրականացուող գործողութիւնները ո՛չ միայն կը չէզոքացնեն Անգարայի շահարկման ռազմական գործօնները, այլ նաեւ կը հարուածեն Սուրիոյ մէջ տեղակայուած թրքական յենակէտերը: Մինչ Անգարային չ՛արտօնուիր իրեն դէմ սպառնալիք նկատուող քրտական յենակէտերու չէզոքացումը, նպատակադրած գօտիներու ստեղծումը կամ ընդհանրապէս վճռական գործողութիւններու ձեռնարկելը:
«Ա.»