Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Տակաւին Յուսադրուի՞նք, Թէ՞ Հիասթափինք…

$
0
0

ՄԱՏԼԷՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

«4 տարեկա՞ն ալ եղաւ…», պզտիկ գլուխը շոյելով, զարմացած` կ՛ըսեմ.

Այո՛, իսկ եթէ գիտնաս, թէ վաղը ի՛նչ պիտի ընէ, առանց ինծի որեւէ ենթադրութեան կամ գուշակութեան առիթ տալու` «դպրոց պիտի սկսի երթալու», նոյն ինքն ըրած հարցումին, այնքան ուրախ կը պատասխանէ առաջին անգամուան համար մայր դարձած երիտասարդ զարմուհիս:

Ուրախութեամբ համեմուած զարմանքս շատ լայն համեմատութիւն սկսաւ առնելու, չէ՞ որ այդ մանչուկին ծնունդով ու մկրտութեամբ էր, որ յաւերժացաւ 23-ամեայ, ինքնաշարժի արկածի մը զոհ դարձած քրոջ պսակադրութեան անհամբեր սպասող ու այդ օրուան համար տալիք նուէրն իսկ որոշած, կրտսեր եղբօր մը Ճորճիկ անունը…

Այո՛, բոլորին, ծանօթին ու անծանօթին, հաւասարապէս, փափաքն ու մաղթանքը եղած էր այդ մէկը, որ շատ չանցած` Աստուծոյ կամքով իրականացաւ. ու այսօր պզտիկ-պզտիկ քայլերով Մեծ Ճորճիկ դառնալու համար դպրո՞ց պիտի երթայ…

Անբացատրելի՜ ուրախութիւն… հարազատներէ ու բարեկամներէ աւելի, միա՛յն ու մի՛այն ծնողն է, որ կը զգայ, կ՛ապրի ու կը վայելէ զայն. յատկապէ՛ս երբ երեքը միասին ձեռք-ձեռքի բռնած, մանկամսուրներէն լաւագոյնին մէջ աշակերտելու կարգադրութեամբ, առաջին զանգը լսելու համար դպրոց կ՛ուղղուին:

Տարիներ առաջ էր, կը յիշեմ, դպրոցի մը երկրորդ յարկին վրայ եղած ուսուցչարանի մը պատուհանէն դիտելով` ամէն վերամուտի իր նմաններուն բարձրաձայն լացին յաջորդող հեծկլտուքն անգամ լսեցի, իրենց մօր վիզին փաթթուած մնալու, զիրենք դիմաւորող ուսուցչուհիներուն հետ ունեցած քաշքշուքներուն ու պոռչտուքներուն ականատես եղայ, ու հիմա, վստահ եմ, նոյնն ալ Ճորճիկին պիտի պատահի` անկախ իրեն խոստացուած սիրած խաղալիքներէն ու նախընտրած ուտելիքներէն, որոնք որքան ալ աղուոր ու համով ըլլան, մօրմէ առաջին անգամ բաժնուելու նեղութիւնը պիտի չկարենան մեղմացնել:

Բարեբախտաբար, մեր «ճուտիկին» համար, չեմ գիտեր ինչո՞ւ, բոլորովին տարբեր եղաւ. մէկ-երկու օրուան դժգոհութիւն… ու վերջ: Ամէն ինչ իր հունին մէջ մտած` ամէն առաւօտ, ինքնիրեն իր հագուստները ընտրելէ ու հագուելէ ետք, այնքան ուրախ շարունակեց երթալ դպրոց, ուր պատասխանատու ուսուցչական կազմին կարգադրութեամբ, նոր աշակերտները անգլերէն, արեւմտահայերէն ու արեւելահայերէն, խօսող ու չխօսող խմբակներու բաժնած` Ճորճիկը ինկաւ արեւմտահայերէն խօսող խմբակին մէջ:

Տունէն արդէն իսկ հայերէն խօսելու սկսած, բաւականաչափ բառամթերքով, այնքան հաճելի դարձաւ բոլորիս համար` օրական ունեցած ընկերներուն ու դպրոցին մէջ պատահած ամէն տեսակի անց ու դարձերու մասին պատմելու իր եղանակը. ինչպէ՞ս մոռնալ այն օրը, երբ շնչասպառ ըլլալու չափ ուրախ, ցատկռտելով` «Թալինը տեսայ, մա՛մ», ըսաւ: Դպրոց եկաւ, երգեց, երգեց, երգեց ու ուրախութիւնը ուրիշին հետ բաժնել ուզողի մը նման` «Դուն Թալինը, գիտե՞ս, մա՛մ», աւելցուց:

Թալինը այն երգչուհին է, որուն մանկական երգերը ինքնաշարժին մէջ յաճախ մտիկ ընելով, կարգ մը բառերու իմաստն անգամ առանց հասկնալու, իրեն յատուկ հնչելաձեւով, դպրոց չգացած, արդէն իսկ ամբողջութեամբ գոց սորված էր:

Իսկ «Հալովէն»-ի օրը, բոլոր աշակերտները իրենց ծնողներուն հագուստներէն բան մը իրենց վրայ անցուցած` անսովոր տեսքով, «Հէյ ջան ղափամա, համով հոտով ղափամա» երգած էին, ու ճիշդ այդ օրն էր, երբ  տուն վերադարձին` մօրը անակնկալի առջեւ դրած. «Ես ղափամա չեմ սիրում ու չեմ ուզում ուտել», ըսաւ: Ա՛ռ քեզի նորութիւն… մտահոգուեցաւ մայրը, «այլեւս արեւմտահայերէնն ու արեւելահայերէնը իրար պիտի խառնէ, բայց ոչինչ, պզտիկ է ու ամէն ինչ շուտ կ՛ընկալէ», մտածեց:

Նոյն ձեւով, դպրոցին մէջ ալ անակնկալի առջեւ դրած էր ուսուցչուհին, որ մօրը ուրախացուցած` կը պատմէր. «Դասարանին մէջ, երբ բոլորին «rainbow» բառին հայերէնը ի՞նչ է հարցուցի, գիտե՞ս, Ճորճիկը միակն էր, որ բարձրաձայն «ծիածան» պոռաց. իսկ երբ «Ա» գիրով բառ մը կազմել խնդրեցի, անմիջապէս «ամպ» պատասխանեց: Ասոնք բառեր են, որոնք երեխայի մը խօսակցութեան սահմաններէն դուրս կ՛իյնան. փա՜ռք այսօրուան մանկավարժական արդիականացած խաղալիքային միջոցներուն, որոնց հետ խաղալու ու անոնցմէ օգտուելու հնարաւորութիւններէն ոչինչ խնայած էին ծնողները:

Ահաւասիկ` դպրոցական առաջին օրերու ուրախալի դրուագները, որոնց յաջորդեց վերջին օրերու անսպասելին, երբ մեծ մայրը կարօտցած` «actually» ես հիմա «grandma»-ին քով կ՛ուզեմ երթալ»,  ըսաւ. օտար բառերու գործածութեան առջեւ, մայրը զարմացուցած` ուրկէ՞ կամ որմէ՞ սորված կրնայ ըլլալ այս անգլերէն բառերը` մտածեց. «Տունէ՞ն, վստահաբար ո՛չ. դպրոցէ՞ն, շատ հաւանական է», ու  շարք մը «ինչու»-ներու եւ «ինչպէս»-ներու հարցականին մէջ ինկած` անմիջապէս կ՛անդրադառնայ, որ վերջերս, անգլերէն խօսողներու խմբակէն ընկերոջ մը մասին, որուն ծնողն անգամ, ցաւօք սրտի, հայերէն չի խօսիր, անդադար կը պատմէր, անոր նմանելու համար անոր պէս հագուիլ կ՛ուզէր, նոյնիսկ իր խմբակէն չըլլալով հանդերձ, զինք իր տարեդարձին փափաքած էր հրաւիրել, այն ընկերը, որուն հետ օրէ օր աւելի մտերմացած`  անդրդուելիօրէն սկսած էր անտեսել մայրը` եղածին առաջքը առնելու համար, «միշտ հայերէն պէտք է  խօսիս, տղա՛ս»  խրատները եւ խոստումները, ու այսպէս, շարունակաբար, մինչեւ որ  ընկերոջ մէկ տարբերակը դարձած` ամէն տեղ եւ բոլորին հետ անգլերէն խօսելու սկսաւ: Այսքանը իմանալով ու տեսնելով, օր մը բան մը ընելու կամ ըսելու մտահոգութեամբ, հոգատարօրէն, երբ «քովս եկուր, Ճորճի՛կ», ըսի, անմիջապէս  ականջներուն խոռոչներուն մէջ  երկու ցուցամատերը մտցուցած, ոչինչ մտիկ ընելու պատրաստակամութեամբ, գլուխը երկու կողմի վրայ սկսաւ շարժել, իսկ երբ «ի՞նչ գիտես` քեզի ի՛նչ պիտի ըսեմ», հարցուցի. «Այո՛,- պատասխանեց, հայերէն խօսէ պիտի ըսես, բայց ես հայերէն չեմ ուզեր խօսիլ, որովհետեւ ընկերս չի խօսիր, Ճորճիոն (զարմիկը) չի խօսիր, ես ալ չեմ ուզեր խօսիլ»:

Ինքզինք շուրջիններէն տարբեր զգացած էր երեխան. 4 տարեկան ըլլալով հանդերձ, ըրածը արդարացնելու համար, կարծես մեծ մը ըլլար, պատճառներ անգամ տուաւ, որմէ ետք անմեղ երեսին նայելով` «Ո՞վ է մեղաւորը», ես ինծի կ՛ըսեմ. ծնողնե՞րը, որոնք նախքան դպրոց երթալը զաւակին հայերէն սորվեցնելու համար ոչինչ խնայած էին, դպրո՞ցը, որ իր ստացած ու ղրկած գնահատականներով ու թելադրանքներով, հայկական դպրոցէ մը սպասուած` քիչ մը աւելի քիչ մը պակաս արդիւնքով, իրեն վստահուած պարտականութիւնը կատարած էր. ուրեմն անկասկա՛ծ իր անմիջական ու պզտիկ շրջապատն էր զինք խանգարողը. այն շրջապատը, որուն մէջ իրարմէ վարակուած, անզգալաբար իրարու հետ նոյնանալով, իրարմէ օգտուելու փոխարէն` զիրար կը վնասեն. այն շրջապատը, որուն մէջ մեծցած, թացն ու չորը միասին այրելով` օտար լեզուն ու օտարինը ամէն ինչէ վեր պիտի դասուին, իսկ հայերէնն ու հայկականը… անտեսուած ու արհամարհուած  մնալով, կենդանի մեռել դարձած` ամէն օր անկասկա՛ծ քիչ մը աւելի ժամանակին ետեւ պիտի անցնին:

Եթէ այսօր հայերէն խօսող 4 տարեկան երեխան  դպրոց երթալով` անոր վերջին զանգին հետ  անգլերէն խօսած դուրս գայ եւ այնքան հաստատակամ ու վճռականօրէն «հայերէն չեմ ուզեր խօսիլ», կ՛ըսէ, ուրեմն վաղուան հայկական դպրոցներով եւ անոնց գալիք սերունդներով, չեմ գիտեր, դուք ըսէ՛ք, տակաւին յուսադրուի՞նք, թէ՞ հիասթափինք… ու «ծագումով միա՛յն հայ» մնալու սպառնալիքին առջեւ, գործնական քայլ առած,  «դէպի տուն» կարգախօսով, օր առաջ հայրենիք հասնինք…

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>