Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Հայ Դպրոցին Հետ Ապրուած Կեանք Մը (Կարօ Պետրոսեանի Յիշատակին)

$
0
0

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ

Այս անգամ, վերջին անգամ, հեռաձայնային մեր կապը մնաց անպատասխան:

Այս անգամ, զարմանալիօրէն առաջի՛ն անգամ, ժամադրութիւնը չյարգեց ան: Ճշդապահ ու պարտաճանաչ պարոն Կարոն ընկալուչը չվերցուց` զրուցելու համար հայ կեանքի վերջին իրադարձութիւններուն մասին ընդհանրապէս եւ հայ դպրոցի իրավիճակին մասին յատկապէս:

Տարիներու մտերմութիւն մը յանկարծ վերջ գտաւ, երբ Կարօ Պետրոսեան քառասուն օրեր առաջ հրաժեշտ տուաւ մեր կեանքին` իր ետին ձգելով ողջմիտ մարդու, կրթական մշակի եւ մտաւորականի անուն:

Կարօ Պետրոսեանին անունը սերտօրէն կապուած է սփիւռքահայ կրթական կեանքին: Մարդ, որ իր կեանքին 58 տարիները անցուց մարդակերտման ու հայակերտման նուիրական ասպարէզին մէջ` Գամիշլիէն Պէյրութ, Պուրճ Համուտէն Լոս Անճելըս:

Մարդ, որ հայագիտական-դաստիարակչական հրատարակութիւններով իր կարեւոր լուման բերաւ նորահաս սերունդներու հոգեմտաւոր կազմաւորման աշխատանքին:

Ու նաեւ` մարդ, որ կուսակցական իր կեանքով եւ ՀՄԸՄ-ական իր վաստակով շատ բան տուաւ մեր կեանքին` անկէ ստանալով միայն հոգեկան բաւարարութիւն եւ անանձնական ուրախութիւն:

Կարօ Պետրոսեան եղաւ ազնիւ աշխատանքի համեստ մարդը: Ապրեցաւ ու գործեց պարզութեամբ, հեռու` ցուցադրական-ցուցամոլական երեւոյթներէ: Ծառայութիւնը իրեն համար եղաւ կեանքի նպատակ: Ծառայութեան ճամբուն վրայ ան կենսաւորեց այն բոլոր արժէքները, զորս դաւանեցաւ իբրեւ ուսուցիչ կամ տնօրէն: Հաճոյամոլութիւնն ու փառամոլութիւնը խորթ եղան իրեն համար: Նախընտրեց ապրիլ ու գործել ժողովուրդի խոնարհ խաւերուն հետ, ազգային-տոհմիկ արժէքներով եւ սկզբունքներով:

1930-ին Հալէպ ծնած այս հայորդին, նախակրթութիւնը Մխիթարեան հայրերու վարժարանը ստանալէ ետք, 1945-ին քայլերը կ’առաջնորդէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք, որուն ուսումնառութեան շրջանը աւարտելով` 1950-ին կրթական ասպարէզ մուտք կը գործէ Գամիշլիի մէջ, նախ իբրեւ ուսուցիչ ու ապա` տնօրէն տեղւոյն ազգային վարժարանին: Իր օրով վարժարանը կ’ապրի մեծ ծաղկում: Աշակերտութեան թիւը 500-էն կը բարձրանայ 1200-ի:

1961-ի ամրան վրայ կը հասնին Սուրիոյ ծանօթ դէպքերը, եւ Կարօ Պետրոսեան, ուրիշներու կարգին, կը ճաշակէ ՀՅ Դաշնակցութեան դէմ շղթայազերծուած արշաւին բոլոր դառնութիւնները: Կը ձերբակալուի, կը բանտարկուի եւ ինը ամիս կը կրէ տաժանելի կեանքի մը անպատմելի զրկանքները: Ի վերջոյ, ապրիլ 1962-ին ան կը հասնի Պէյրութ, ուր իբրեւ հայերէնի ուսուցիչ` երկու տարի կը պաշտօնավարէ Պէյրութի Հայ աւետարանական քոլեճին մէջ: Միաժամանակ ան կը հետեւի Հայկազեան համալսարանի մանկավարժութեան դասընթացքներուն:

Հոկտեմբեր 1964. Կարօ Պետրոսեան (Բ. շարք, ոտքի, աջէն առաջինը) Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի բացման օրը, պաշտօնական հիւրերու հետ:

1960-ականներու առաջին կէսը լիբանանահայութեան ոսկեդարուն սկիզբն է: Պուրճ Համուտը հայութեամբ կ’եռայ` առանց սակայն ազգային երկրորդական վարժարան մը ունենալու: Բնակիչները, մեծ մասամբ` համեստ խաւի ներկայացուցիչներ, մինչ այդ վիճակուած էին նախնական կրթութեամբ մը միայն բաւարարուելու: Բախտաւորները կրնային իրենց ուսումը շարունակել Համազգայինի Ճեմարանին մէջ, Պէյրութ, որ բաւական հեռու էր եւ մատչելի չէր բոլորին: 1964-ին ազգային երկրորդական վարժարան մը ձեւ ու մարմին կը ստանայ Պուրճ Համուտի սրտին` Նոր Մարաշի մէջ, բարերար Սոֆիա Յակոբեանի եւ Հայ կրթական հիմնարկութեան իշխանական նուիրատուութեամբ: Վարժարանը կը կոչուի Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճ, իսկ անդրանիկ տնօրէնը կը նշանակուի Կարօ Պետրոսեան:

1968. Կարօ Պետրոսեան եւ Կարօ Սասունի Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի աւարտական դասարանի աշակերտներու հետ:

Դիւրին չ’ըլլար նոր վարժարանին ստեղծման ու զարգացման երթը: Լիբանանի թեմի Ազգային իշխանութեան եւ քաղաքապետ Յակոբ Աշճեանի գլխաւորած խնամակալութեան աջակցութեամբ, Կարօ Պետրոսեան ամբողջանուէր ճիգով կը գործէ քոլեճին վերելքին ի խնդիր: Ան կը յաջողի իր շուրջ համախմբել ժամանակի ուսուցչական լաւագոյն տարրերը եւ կրթական նախանձելի մակարդակ մը ապահովել աշակերտութեան: Կը յաջողի նաեւ քոլեճին մէջ ստեղծել մշակոյթի եւ գեղարուեստի հանդէպ հետաքրքրութեան այնպիսի մթնոլորտ, որուն շնորհիւ` աշակերտներու կարեւոր թիւ մը, քոլեճը աւարտելէ ետք, կը մղուի դէպի ազգային կեանք, դէպի գրականութիւն եւ մշակոյթ, թերթ ու թատրոն: Կը բաւէ այդ տարիներու շրջանաւարտներէն յիշել կարգ մը անուններ միայն. Նազարէթ Պէրպէրեան, Յարութիւն Պէրպէրեան, Նազ Տէր Սարգիսեան, Անի Ուրֆալեան, Յարութ Սասունեան, Էլօ Սարաճեան, Ժան Գոսաքեան, Մարօ Քէշիշեան, Վահէ Պէրպէրեան, Զոհրապ Եագուպեան եւ ուրիշներ:

Վաստակաւոր կրթական մշակ մը ըլլալու կողքին, Կարօ Պետրոսեան կ’ըլլայ հաւատաւոր դաշնակցական եւ ՀՄԸՄ-ական: Կանուխէն ան մուտք կը գործէ ՀՅ Դաշնակցութեան շարքեր: Գամիշլիի մէջ, տնօրէնութեան շրջանին, կ’ըլլայ կոմիտէի անդամ: 1967-1971, երկու շրջան, մաս կը կազմէ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին:

1966. Կարօ Պետրոսեան Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի տեսչարանին մէջ կ’ընդունի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Խորէն Ա. կաթողիկոսը եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեանը:

Կարօ Պետրոսեան 1967-1973 կը մասնակցի ՀՄԸՄ-ի Մերձաւոր Արեւելքի իրերայաջորդ Շրջանային պատգամաւորական ընդհանուր ժողովներուն, ինչպէս նաեւ` ՀՄԸՄ-ի անդրանիկ Ընդհանուր ժողովին, 1974-ին, Պէյրութ:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի բռնկումէն կարճ ատեն մը ետք, 1978-ին ան կը մեկնի Լիբանանէն եւ նախ կը հաստատուի Թորոնթօ, ապա կ’անցնի Մ. Նահանգներ, ուր երեսուն տարի շարունակ, մինչեւ 2008, հայոց լեզու, գրականութիւն եւ հայոց պատմութիւն կը դասաւանդէ Ազգ. Ֆերահեան վարժարանին մէջ: Միաժամանակ ան կը նուիրուի կրթական-դաստիարակչական հրատարակութիւններու պատրաստութեան եւ յաջորդաբար լոյս կ’ընծայէ «Ոսկեդար եւ մատենագիրներ», «Հայաստանեայց եկեղեցւոյ տօներ եւ ազգային աւանդութիւններ» (հետագային լոյս կը տեսնեն նոյնին անգլերէն եւ արեւելահայերէն տարբերակները), «Մեծ պահոց համակարգը եւ Աւագ շաբաթը», «Հայեցի կրթութիւն եւ ճանապարհ» գիրքերը: Մամլոյ էջերուն ան կը հրատարակէ 60-է աւելի ուսումնասիրութիւններ` ազգային-կուսակցական նիւթերու շուրջ: Մաս կը կազմէ հայոց պատմութեան եւ Հայ դատի դասագիրքերու խմբագրման զանազան մարմիններու:

Կարօ Պետրոսեան կրթական իր երախտաշատ գործունէութեան համար կ’արժանանայ բազմաթիւ գնահատականներու: 1972-ին ան կը ստանայ Սփիւռքահայութեան հետ կապի կոմիտէին «Մէկ ժողովուրդ, մէկ հայրենիք» պատուոյ գիրը: 1978-ին կը պարգեւատրուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով: 2010-ին կ’արժանանայ սփիւռքի նախարարութեան պատուոյ գիրին` «Սփիւռքում հայոց լեզուի պահպանութեան եւ զարգացման գործում ունեցած մեծ վաստակին եւ ներդրման համար»: Ան գնահատագիրներ կը ստանայ նաեւ Քալիֆորնիոյ Հայ համալսարանականներու միութեան, Մաշտոց քոլեճի տնօրէնութեան եւ Արեւմտեան Մ. Նահանգներու թեմի կրթական ու մշակութային զանազան մարմիններուն կողմէ:

Մ. Նահանգներ հաստատուելէ 28 տարի ետք, Կարօ Պետրոսեան կարօտալի ապրումներով Լիբանան այցելեց 2006-ին եւ ներկայ գտնուեցաւ Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի ամավերջի հանդէսին, մասնակցեցաւ վկայականաց բաշխումին եւ այս առիթով արտասանեց սրտառուչ պատգամ մը: Հինգ տարի ետք, 2011-ին, ան դարձեալ այցելեց Լիբանան` այս անգամ մասնակցելու համար համասփիւռքեան կրթական Գ. համագումարին, ուր ան հանդէս եկաւ «Խօսակցական ու գրաւոր արեւմտահայերէնի բիւրեղացման ծրագրի յստակացում եւ մշակում» նիւթով:

Հաճելի էր Կարօ Պետրոսեանին հետ մտերմութիւնը: Հանդարտ եւ հեզ նկարագիրով պատուական անձնաւորութիւն մը, որ Մ. Նահանգներ ապրելով հանդերձ, հոգուով-սրտով միշտ մնաց իր սիրելի վարժարանին` Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին հետ: «Սոֆիա Յակոբեանը պէպէքս է», կը կրկնէր ան հեռաձայնային իր հաղորդակցութիւններուն ընթացքին: Կը սպասէր, որ շաբաթը անգամ մը անպայման հեռաձայնէինք իրեն եւ խօսէինք լիբանանահայութեան եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի նորութիւններուն մասին: Տարիներ շարունակ, գրեթէ անընդմէջ, կապը շարունակուեցաւ: Տեւաբար ան գօտեպնդուեցաւ քոլեճին յաջողութիւններով: Իր անունով հայագիտական մրցանակ հաստատեց: Քոլեճին բարերարներ ապահովեց: Հայ կրթական հիմնարկութեան հետ երկար տարիներէ ի վեր խզուած կապերը վերահաստատեց եւ կարիքաւոր աշակերտներու օժանդակութիւններ ապահովեց: Աւելի՛ն. քոլեճին յիսնամեակի տօնակատարութիւններուն, հակառակ յառաջացեալ տարիքին, ան անձամբ գլխաւորեց Մ. Նահանգներու մէջ կազմակերպուած ձեռնարկը եւ մանուկի մը նման ուրախացաւ քոլեճին ցուցաբերուած նիւթաբարոյական իւրաքանչիւր աջակցութեան համար:

Կարօ Պետրոսեան մինչեւ գիտակցական կեանքին վերջին օրը տագնապեցաւ հայ դպրոցով ու անոր ճակատագիրով: Հեռաձայնները չդադրեցան, նաեւ` հարցադրումները, թէ ո՛ւր կ’երթայ լիբանանահայ կրթական համակարգը այսպէս, ինչո՞ւ վարժարանները կ’արձանագրեն աշակերտներու թիւի անկում, ինչո՞ւ հայ ուսուցիչի տագնապը օրէ օր կը սրի, ինչո՞ւ, ինչո՞ւ…

Կարօ Պետրոսեան ապրեցաւ հայ դպրոցին հետ, հայ դպրոցին համար:

Յիշատակը անթառամ մնայ իր բազմահարիւր գործակիցներուն եւ աշակերտներուն մէջ:

Օրին մէկը պիտի գրուի, պէ՛տք է գրուի սփիւռքահայ դպրոցին պատմութիւնը: Իսկ այդ պատմութեան մէջ, վստահաբար, Կարօ Պետրոսեան պիտի ունենայ իր արժանաւոր տեղը` իբրեւ հետք ու դրոշմ ձգած կրթական մշակ, դաստիարակ ու տնօրէն, որուն համար հայն ու Հայաստանը եղան գերագոյն արժէքներ, եկեղեցին ու կուսակցութիւնը` գերագոյն սրբութիւններ, իսկ ծառայութիւնն ու նուիրումը` լաւագոյն յատկութիւններ:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>