ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Տարիներէ ի վեր լաւ չէր զգար. իր առանձնութեան կը վերագրէի պատճառը. իր կեանքի ընկերուհիին ապաժամ մահը շատ ծանր կը տանէր. տարիներու սահանքին հետ նաեւ նկատեցի, որ այլեւս կ՛ուզէր երթալ` միանալու անոր, որ իր էութիւնը անսահման սիրոյ հարստութեամբ լեցուցած էր եւ առանձնայատուկ իմաստ տուած էր կեանքին:
Լոս Անճելըս պարբերական` յաճախակի այցելութիւններուս ընթացքին, 1990-էն ասդին, անպայման կը հանդիպէի մեր տնօրէնին. եթէ նախաձեռնողը ես չըլլայի, ինք հանդիպելու առիթը կը ստեղծէր, եւ մեր հանդիպումները միշտ մարաթոն զրոյցներու կը վերածուէին. հինէն ու նոր ժամանակներէն զրուցելու այնքան շատ բան ունէինք:
Վերջին այցելութեանս` երկու տարի առաջ, զգալապէս շատ ուշադիր ու հոգածու դարձած էր առողջական իր վիճակին նկատմամբ. այդուհանդերձ, դէմքին պայծառութիւնն ու անխռով արտայայտութիւնը լաւ պահպանած էր:
Այո՛, Կարօ Պետրոսեանը այդպէ՛ս, պայծառ դէմքով եւ անխռով արտայայտութեամբ կը ներկայանայ յուշերուս մէջ, ինչպէս որ նոյն պատկերով կը ներկայանայ ընդհանրապէս, եթէ չեմ սխալիր, Պուրճ Համուտի Ազգային «Սոֆիա Յակոբեան» քոլեճի առաջին շրջանաւարտ դասարաններու մեր սերունդին պատկանող տղոց ու աղջիկներուն մեծ մասին յիշողութեան մէջ:
Դիւրութեամբ ձեռք բերուած չէին մեր տնօրէնին դէմքի պայծառութիւնն ու անխռով արտայայտութիւնը, որովհետեւ յատկապէս մենք` զինք այնքան յոգնեցուցած եւ նեղացուցած աշակերտներս, շատ լաւ կը գիտակցէինք, որ մեզ բոլորս կարգի մէջ պահած դաստիարակի հոգեկան բաւարարութեան եւ նոյնիսկ ներքին ինքնագոհութեան ցոլացումը կը խայտար Կարօ Պետրոսեանի դէմքին վրայ:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի առաջին փուլին դէպի Մ. Նահանգներ արտագաղթած ազգային-կուսակցական գործիչներու շարքին յայտնուեցաւ նաեւ Կարօ Պետրոսեան, որ անցեալին` մինչեւ 1960-ականներու սկզբնաւորութեան Պէյրութ հաստատուիլը, ազգային, կրթական եւ կուսակցական պատասխանատու պաշտօններ վարած էր Սուրիոյ մէջ: Չեմ գիտեր` նախապէս Սուրիոյ եւ վերջին 40 տարիներուն Քալիֆորնիոյ մէջ Կարօ Պետրոսեանի աշակերտած սերունդները ի՞նչ սորվեցան կամ ի՞նչ ստացան մեր տնօրէնէն, բայց ահա ես կ՛ուզեմ անոր աշակերտած մեր սերունդին կողմէ վերջին հրաժեշտի սրտի խօսք գրառելով` բոլորիս անունով շնորհակալութիւն յայտնել եւ վարձքդ կատար ըսել ՄԱՐԴ-ու մը, որուն անձն ու գործը ամէն օր մեր աչքին առջեւ ունեցանք մեր կազմաւորման ամէնէն զգայուն տարիներուն, երբ զինք ճանչցանք իբրեւ առաջնորդող օրինակ` թէ՛ զինք ընդունելու եւ իրեն հետեւելու, բայց միաժամանակ թէ՛ իր օրինակին հակադրուելու եւ աւելի կատարեալին ձգտելու առումներով:
Ի՞նչ սորվեցանք մեր տնօրէնէն եւ հայ գրականութեան ու հայոց մատենագրութեան մեր ուսուցիչէն:
Այլ մանաւանդ` Կարօ Պետրոսեանի մարմնաւորած մանկավարժէն ի՞նչը ընդունեցինք եւ ի՞նչը մերժեցինք:
Մի՛ զարմանաք, որ այդպէս` խստապահանջ էինք պատանեկան մեր տարիքին ալ: Աշակերտական մեր տարիներէն իսկ մենք պատեհութիւնը ունեցանք կազմաւորուելու իբրեւ այսպիսի՛ն` իբրեւ ըսելիք ունեցող եւ համարձակախօս սերունդ: Բացատրութիւնը այն է, որ 1964-1974 երկարող տասնամեակին, մինչ Կարօ Պետրոսեան եւ անոր կողքին ու շուրջ ի մի բերուած եւ խանդավառութեամբ գործի լծուած` մեծամասնութեամբ երիտասարդ եւ համալսարանաւարտ ուսուցչական կազմը իրենց առաւելագոյնը կը նուիրաբերէին հայեցի նորաշունչ սերունդ կերտելու ասպարէզին, անդին, մեր սերունդը, իր օրը բացառապէս եւ հպարտօրէն Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ անհոգ դեգերելով ու գիշերներ լուսցնելով հանդերձ, հազար ու մէկ թելերով օրը օրին մտքի եւ սրտի անքակտելի կապեր կը զարգացնէր` ատենին աշխարհը եւ ժամանակաշրջանը փոթորկող բողոքի ու ցասումի գրական եւ գեղարուեստական շարժումներուն հետ, ուսանողական եւ երիտասարդական խռովութեանց ու վերիվայրումներուն հետ, ազգային եւ ընկերային ազատագրումի զինեալ եւ յեղափոխական պոռթկումներուն հետ:
Դիւրին չէր եւ շատ դժուար եղաւ նման մթնոլորտի մէջ կազմաւորուող մեր «վայրի» սերունդը ընտանեցնելու` ընդունուած կամ ընկալեալ կարգ ու կանոնի մէջ պահելու մեր տնօրէնին եւ ուսուցիչներուն գործը:
Կարօ Պետրոսեան տնօրէնը փաստօրէն յառաջապահը եղաւ պահպանողական եւ աւանդապաշտ սփիւռքը ոգի ի բռին կանգուն պահելու եւ օրինակելի դարձնելու առաքելութեան լծուած իր սերունդի մոհիկաններուն: Սերունդ, որ նուիրուած էր ճիշդ հակառակին` յեղափոխական եւ նորարար սփիւռքին սանձակոտոր թռիչք ապահովելու պայքարին անձնատուր մեր սերունդը «ընտանի» դարձնելու եւ Լիբանանի հայութեան կազմակերպ ու «ապահով փարախ»-ը վերադարձնելու հեւասպառ արշաւին:
Հպանցիկ յիշելով այդ ժամանակները` ինչպէ՜ս մոռնալ մեր տնօրէնին «խստութիւններ»-ը, մանաւանդ` այն պարագաներուն, երբ անձամբ իր վրայ կը վերցնէր աշակերտներուս դպրոցական եւ արտադպրոցական վարքուբարքին ուղղակի հսկողութիւնը.
– Զբօսանքներու ընթացքին տնօրէնի իր գրասենեակի պատուհանէն կանոնաւորաբար բակը կը դիտէր եւ աշակերտներուս մանր-մունր չարութիւններն ու կարգազանցումները կը փորձէր իր հսկողութեան տակ պահել, հակառակ անոր որ այդ գործին համար մեր դպրոցը յատուկ ընդհանուր հսկիչ ունէր, եւ հոգելոյս Նազարէթ Սէֆէրեանը որեւէ բան պակաս չէր ձգեր իրեն վստահուած ծանրաշուք հսկողութեան դերին մէջ:
– Աշակերտներուս տղայ-աղջկայ յարաբերութեանց բարոյական հսկիչի հոգատարութիւնը Կարօ Պետրոսեան տնօրէնի աչքին առաջնահերթ պատասխանատուութիւն էր: Դպրոցական թէ արտադպրոցական «անպատշաճութեանց» վերաբերեալ տնօրէնի իր զգուշացումներուն թէ խորհուրդներուն չհետեւողները, եռամսեակներու եւ ի վերջոյ ուսումնական տարուան աւարտին, իրենց վիճակացոյցին մէջ ոչ միայն համապատասխան նկատողութեան կ՛արժանանային` ծնողները դնելով համապատասխան միջամտութիւն կատարելու պարտաւորութեան տակ, այլեւ բարոյական «սեւ կէտ»-ով կը փոխէին դասարանը, եթէ դասարանը փոխելու համար անհրաժեշտ նիշերը ստացած ըլլային:
– Մեր տնօրէնը յատկապէս խիստ էր արտադպրոցական մեր միութենական ծայրայեղ բազմազբաղութեան նկատմամբ: Այդ տարիներուն աշխուժացման բուռն շրջան մը կը բոլորէր ՀՅԴ «Զաւարեան» աշակերտական միութեան Պուրճ Համուտի մասնաճիւղը, որ կը գործէր մեր դպրոցին կից գտնուող «Սարդարապատ» ակումբին վերեւի 3-րդ յարկը: Ամէն օր, դպրոցի ժամերը հազիւ աւարտած, ցուցադրականօրէն կը վազէինք ակումբ` դպրոցէն արձակուած եւ դրան առջեւ կանգնած մեր տնօրէնին եւ ուսուցիչներուն դժգոհութիւնը գրգռելու աստիճան դաշնակցական միութենականի մեր աշխուժութիւնը եւ տղու-աղջկայ արտադպրոցական մեր մտերմութիւնները հանդիսադրելով: Կարօ Պետրոսեան ոչ միայն ուսուցչական ժողովներու եւ ծնողներու հետ հանդիպումներու ընթացքին, այլեւ կուսակցական խողովակներու միջամտութեան դիմելով` շարունակ ահազանգ կը հնչեցնէր միութենական կեանքի բազմազբաղութեան պատճառով մեր` աշակերտներուս դասերու մէջ կաղալու վտանգին դէմ: Պատրաստ չէինք հասկնալու այդ աստիճան խստութիւնը, մանաւանդ որ զաւարեանականի մեր աշխուժութիւնը քաջալերողներ ալ ունէինք, ինչպէս հայոց պատմութեան մեր անմոռանալի դաշնակցական ուսուցիչը` Հայկազ Թրթռեանը:
Այդ տարիներուն պատանեկան ու վաղ-երիտասարդական մեր ապրումներուն եւ խանդավառութեան վրայ պաղ ջուր թափող իր այսօրինակ խստապահանջութեան ընդմէջէն Կարօ Պետրոսեան փաստօրէն յաջողեցաւ կարեւոր դերակատարութիւն ունենալ մեր մէջ մշակելու ներքին լրջախոհութեան եւ մտաւորական կարգապահութեան ինքնուրոյն խմոր մը, որ մեր անմոռանալի միւս ուսուցիչներուն` Պօղոս Սնապեանի եւ Պաղտօ Մանտոյեանի, Յակոբ Յակոբեանի եւ Ժոզեֆ Գալուստեանի, Անահիտ Թաշճեանի եւ Օլիվիա Պալեանի, Յարութիւն Արսէնի, Վահան Շահինեանի, Րաֆֆի Պալեանի եւ Կարօ Պարտիզպանեանի ու արժանաւոր միւս բոլոր ուսուցիչներու մեծակշիռ եւ անզուգական ներդրումով հանդիսացաւ կենսունակ շաղախը մեր սերունդէն շատերուն ինքնաճանաչման եւ ինքնադրսեւորման, ինքնաբացայայտման եւ ինքնահաստատման:
Ատենին ի վիճակի չէի, շատ հաւանաբար սերնդակիցներուս մեծ մասին հետ ի վիճակի չէինք տեսնելու եւ գնահատելու, որ մեր տնօրէնին այդ աստիճան խստութեան ետին թաքնուած, բայց արթուն կը հսկէր մեզմէ ՍԵՐՈՒՆԴ կերտելու կոչումով եւ յաւակնութեամբ գինովցած ՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑԻՉ-ը:
Կարօ Պետրոսեանի այդ թաքուն նախանձախնդրութեան վկայութիւնը կը հանդիսանան աշակերտական տարիներու մեր գրական եւ մտաւորական աշխուժութեան խօսուն վկայութիւնը հանդիսացող հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն հրատարակութեանց պարբերական թիւերը: Որքան ալ մեր ուսուցիչներուն կը պարտինք այդ պարբերականներու ձեռնհաս խմբագրումը, այդուհանդերձ, Կարօ Պետրոսեանի անձնական հոգածութիւնը վճռական նշանակութիւն ունեցաւ` տնօրէնի գրասենեակին եւ քարտուղարութեան հնարաւորութիւնները ի սպաս այդ աշխատանքի իրագործման տրամադրելու իմաստով:
Իր յիշատակին գրուած այս քանի մը տողերը նաեւ առիթ են հրապարակաւ զրուցելու հայ գրականութեան ՈՒՍՈՒՑԻՉ-ի կարօպետրոսեանական կերպարին եւ աւանդին մասին, որոնց արգասիքը կը հանդիսանայ մեր տնօրէնին մտաւորական եւ հրապարակագրական ժառանգութիւնը` հրատարակուած թէ անտիպ:
Պահպանողականութիւնն ու աւանդապաշտութիւնը իրեն համար մտաւորական նկարագրի բնութագիծ ընտրած Կարօ Պետրոսեանը միշտ հեռու մնաց եւ մեզ հեռու պահեց հայ գրականութեան հորիզոնին յայտնուած ամէն կարգի նորամուծութիւններէն: Այդ առումով, կարծէք, լռելեայն համադրած էին իրենց ճիգերը` ի՛նք եւ գեղանկարչութեան մեր կարճատեւ շրջանի ուսուցիչ Փոլ Կիրակոսեանը: Կարօ Պետրոսեան դասական ու հաստատուած մեր գրողներէն եւ անոնց դասակարգուած գործերէն անդին մեզի բան սորվեցնելու կարիքը չէր զգար, ինչպէս որ հանճարեղ Փոլը դասական գիծերէն ու նկարներէն դուրս վերացական դոյզն մշակումն իսկ կը մերժէր սորվեցնել իր խորհրդաւոր շուքերու աշխարհով սքանչացած աշակերտներուս:
Այս պարագային եւս Կարօ Պետրոսեան ի՛ր ոճով մեզի ժառանգ յանձնեց հայ մշակոյթն ու գրականութիւնը իբրեւ սրբութիւն սրբոց սիրելու եւ պաշտելու նախանձախնդրութիւնը:
Որքա՜ն թաւալեցաւ ժամանակը եւ որքա՜ն կեանքը հեռաւորութիւններ մտցուց մեր միջեւ, յատկանշականօրէն մեր տնօրէնը սկսաւ աւելիով հասկնալի եւ հոգեհարազատ դառնալ իր երբեմնի աշակերտներէն շատերուս համար:
Ես անշուշտ բնաւ չկրցայ հաշտուիլ` ընդունիլ իր դաւանած պահպանողական աւանդապաշտութիւնը, որ յաճախ մեր հասուն տարիքի երկար զրոյցներու ընթացքին գլուխ կը ցցէր, յատկապէս երբ Դաշնակցութիւնը յուզող վէրքերու կամ սխալներու քննադատութեանս մէջ շատ առաջ կը վազէի, եւ ինք իր վրայ կը վերցնէր ինծի կարգապահութիւն յուշողի եւ չափաւորականութիւն յորդորողի «ուսուցիչ»-ի եւ «տնօրէն»-ի… պատասխանատուութիւնը:
Մեր վերջին հանդիպումին` 2017-ին, երբ հայոց բանակին դէմ ատենին Սերժ Սարգսեանի իշխանութեանց գործած ազգակործան յանցագործութիւնները դատապարտող յօդուածիս համար մէկ տարիով կախակայուած էի եւ գրութիւններս այնուհետեւ գրաքննութեան ներկայացնելու պարտադրանքին տակ դրուած էի, Կարօ Պետրոսեան միեւնոյն պայծառ դէմքով եւ անխռով արտայայտութեամբ կը յորդորէր զգաստ մնալ, իրար չանցնիլ եւ կարգ ու կանոնի մէջ շարժիլ, ի վերջոյ ամէն ինչ կ՛անցնի-կ՛երթայ տրամաբանելով:
Այո՛, օրեր առաջ կեանքէն հեռացած մեր տնօրէնը այդպէս` կարգն ու կանոնը պահող ՄԱՐԴ էր, որուն հետ կրնայիր համաձայն չըլլալ, բայց որուն ինքնահաւատարմութիւնը անպայման կը յարգէիր:
Յարգանք, որ վաստակած էր իր աշակերտներուն մէջ մարդկային եւ ազգային վսեմագոյն արժէքներուն նկատմամբ իր սերմանած եւ մշակած սէր ու գուրգուրանքով, հայօրէն եւ բաց ճակատով կեանքի մէջ քալելու ինքնավստահութիւն ներշնչելով: