Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

«ԱՖՀԻԼ»-ի Օրագիրէն

$
0
0

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Աշխատանքիս բերումով գրականութիւնն ու գիտութիւնը իրարու խառնուեցան, եւ աւելի քան 15 տարիէ ի վեր դատապարտուած եմ ԱՖՀԻԼ-ի աշխատանքով հիւանդանոցային պարագաներու ծառայութիւնները ստանձնելու:

Հիւանդութեան բազմատեսակ պարագաներ աւելի մարդկային դարձուցին անձս, եւ առաջին օրէն սկսայ օրագրութիւն պահել իւրաքանչիւր պարագայի, անոր բարդ վիճակներուն, պայքարին, մարտնչումին, կեանքի հանդէպ սիրոյ եւ իր շրջապատին մօտեցումին մասին:

Օրագրութիւնը զուտ գիտական, առողջական կամ բուժումի հետ կապուած չէ. ընդհակառակը, հոգեկան, հոգեբանական եւ մարդկային վերիվայրումներու առնչուած է:

Առաջին օրէն, երբ ախտաճանաչումը կ՛ըլլար, կը գիտնայի գալիք փուլերը: Հիւանդները ամէն օր նոր յոյսով եւ կորովով կ՛ապրէին: Կեանքին աւելի կը կառչէին, աւելի կ՛ազնուանային: Այս վերիվայրումները գրի առնելը եւ ընդհանուրին սեփականութիւնը դարձնելը անհրաժեշտ գտայ: Հարցը ազգային բնոյթ չունի: Հարցը համամարդկային պայքար է գիտութեան դէմ: Պայքար` կեանքին կապուելու համար եւ կեանքէն չբաժնուելու դէմ: Հարցը այն է, որ իւրաքանչիւրիս կրնայ պատահիլ, բայց չենք զգար: Երբ  պատահի, այդ ատեն կը զգանք, որ կեանքի մէջ ի՛նչ մանրուքներով զբաղած ենք: Ի՛նչ անիմաստ հարցերով իրարու սիրտ կոտրած ենք: Կեանքը այնպէս է, որ իր սահմանները, երբ գծէ միայն այն ատեն կ՛արժեւորուի: Խորքին մէջ, սակայն, սահմանները միշտ գծուած են, եւ դուն միշտ պէտք է պատրաստ ըլլաս անոր:

Պիտի փորձեմ անոնց տառապանքը եւ յոյսը ներկայացնել, որպէսզի իւրաքանչիւրս ծանր պայմաններու ժամանակ պատրաստուած ըլլանք եւ ըստ այժմ դիմագրաւենք կացութեան ահաւորութիւնը:

Ուշագրաւ է ընդհանուր գիծ մը, մարդկային կեանքը կարծես ստեղծուած է այնպէս, որ ամէնէն տկար անձը նոյնիսկ հիւանդութեան ծանր պայմաններու մէջ պայքարելու եւ կեանքին կառչելու ուժ կ՛ունենայ:

Այդպէս է, եւ պիտի տեսնենք այդ վիճակները, նաեւ այն, որ կեանքը ինչպէս կը շարունակուի, ոչ մէկ բան իր տեղը կը մնայ:

Միակ տուժողը ի՛նք` հիւանդը կ՛ըլլայ: Անոր կեանքէն կ՛երթայ: Անոր կեանքը կանգ կ՛առնէ: Յետո՞յ:

Կեանքի կապուելու եւ կեանքէն չբաժնուելու ուժը այդքան զօրաւոր է, որ մարդիկ կամայ թէ ակամայ իրենց կեանքի վերջին փուլին կը սկսին հաշուեյարդար ընել: Այսօր ժամանակը փոխուած է: Քիչ մը ամէն տեղ, ամէն վայրկեան կը փորձենք մահէն խուսափիլ: Արկածները, մոլութիւնները եւ մանաւանդ հիւանդութիւնները այդքան շատցած են, որ մարդկային յարաբերութիւնները այդ հիման վրայ սկսած են զարգանալ: Հիւանդութիւնը երբ դուռդ զարնէ, պատրաստ պէտք է ըլլաս: Պատրաստ այն իմաստով, որ հարցը իր ամբողջութեան մէջ պիտի չընկալես: Ընդհակառակը փուլերու պիտի բաժնես: Փուլ առ փուլ պիտի դիմագրաւես, որպէսզի գիտնաս ինչպէս շրջանցես դժուարութիւնները:

Ահաւոր է կացութիւնը իր ամբողջութեան մէջ: Ահաւոր է, որովհետեւ բոլորը գիտեն աւարտը, սակայն բոլորն ալ նոյն թափով եւ յոյսով կը ձգտին անկարելիին:

Որոշումը Տրուած Էր

Վեց ամիսներ առաջ գրասենեակս ներկայացաւ ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի նախկին ծնողներէն մէկը: «Բարե՛ւ», «Աստուծոյ բարի»-էն ետք իր բժշկական քննութիւններու արդիւնքը ներկայացուց ինծի:

Ախտաճանաչումը կատարուած էր: 68 տարեկան ընտանիքի հայր մը քաղցկեղէ կը տառապէր: Կոկորդի քաղցկեղ: Մասնագէտ բժիշկէ մը ժամադրութիւն առի եւ զինք ղրկեցի, որպէսզի բուժման եղանակն ու ժամանակացոյցը ճշդենք:

ԱՖՀԻԼ-ի անդամ չէր: Եկած էր ոչ իբրեւ ԱՖՀԻԼ-ի պարագայ ցուցմունք ստանալու: Տնտեսական ճգնաժամի մէջ կը գտնուէր եւ բաւական անհանգիստ ու տժգոյն վիճակ ունէր:

Մէկ շաբաթ ետք մասնագէտ բժիշկը կապուեցաւ եւ ըսաւ, որ պարագան ներկայացաւ, ամէն բան բացատրեցի, սակայն արձագանգ չկայ տակաւին: Պարագան դարձեալ հրաւիրեցի գրասենեակս: Նկատի ունենալով իր դժուար պայմանները, հարցուցի, որ ի՞նչ ըրաւ, ի՞նչ պիտի ընէ:

Երկար լռութենէ ետք ըսաւ, որ բժիշկը թելադրած էր վիրաբուժութիւն եւ յաջորդող ամիսներուն շողարձակումի 30 նիստ: Հարցուցած է, որ ի՞նչ է տարբերութիւնը վիրաբուժութեան ենթարկուելու կամ չենթարկուելու միջեւ: Պատասխանը եղած է, որ վիրաբուժութեան պարագային մէկ տարի կ՛ապրի, այլապէս` 4-6 ամիս:

Մի քանի բժիշկներ ալ տեսած է, եւ բոլորն ալ գրեթէ նոյնը ըսած են: Ըսաւ, որ ես որոշեցի չբուժուիլ: Անշուշտ պատասխանս կտրուկ ո՛չ էր` համոզելով, փորձելով եւ պնդելով, որ նիւթական հարցերը կը լուծուին, ամէն բան լաւ կ՛ըլլայ: Ընտանիքին հետ աւելի երկար կը մնայ եւ այլն:

Գնաց:

Մէկ ամիս ետք անոր կինը ներկայացաւ գրասենեակս, խնդրեց, որ իրենց տունը երթամ եւ համոզեմ, որ բուժուի: Արդէն մէկ ամիս անցած էր առանց բուժումի, ուստի վիճակը աւելի վատթարացած էր: Սենեակին մէջ ես եւ ինքն էինք: Խնդրեց, որ չստիպեմ: Ըսաւ, որ ո՛չ կ՛ուզէ ընտանիքին առջեւ խեղճանալ, ոչ նիւթականի համար տասը դուռ զարնել, ոչ ալ չարչարուիլ: «Մահը եկած է, ըսաւ,- եւ ես յանձնուած եմ»:

Դարձեալ փորձեցի համոզել, խրատել, յուսադրել եւ մանաւանդ բուժուելու կամքը արթնցնել: Վերջին խօսքը եղաւ այն, որ որոշումը տուած է, ետդարձ չկայ: «Ես նիւթապէս չեմ կրնար տոկալ եւ չեմ ալ ուզեր խեղճացած ու տձեւ վիճակով մէկ տարի աւելի ապրիլ», ըսաւ:

Այդպէս եղաւ մեր վերջին հանդիպումը: Երկու ամիս ետք հողին յանձնեցինք զինք: Որոշումը տուած էր:

Վստահ եմ, որ իրեն պէս շատեր տնտեսական այս դժուար պայմաններուն մէջ նման որոշումներ տուած են:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>