Հայկական արտադրութեան պահածոները առաւել քան 10 օրէ ի վեր վաճառքի համար ներկայացուած են Շիքակօ քաղաքի ցանցային մեծ ընկերութիւններէն մէկուն` «Ֆրեշ ֆարմզ»-ի մէջ: Առաջին օրերու շրջանառութիւնը ցոյց տուած է, որ արտադրանքին նկատմամբ հետաքրքրութիւն կայ: Այս մասին, ըստ «Արմենփրես»-ի, պատմած է Շիքակոյի մէջ «Պիզնես Արմինիա»-ի պաշտօնական ներկայացուցիչ, Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոսի խորհրդական Պարոյր Սարգսեանը, որ մեծապէս նպաստած է այդ աշխատանքի կազմակերպման:
«Բացի մշակութային կապերու հաստատումէն` հիւպատոսութեան եւ «Պիզնես Արմինիա»-ի նպատակներէն մէկն է նաեւ տնտեսական կապերու խորացումը եւ հայկական ապրանքներու ներմուծումը Շիքակօ: Մենք բաւական հանդիպումներ, բանակցութիւններ ունեցանք Իլինոյ նահանգի մեծ ընկերութիւններու հետ: Եւ քանի մը խանութներու ցանց ունեցող «Ֆրեշ ֆարմզ» ընկերութեան հետ համաձայնեցանք, որ հայկական արտադրանքը ներկայացնենք», ըսաւ Սարգսեանը եւ նշեց, որ հայկական արտադրանքը առաջին անգամն է, որ կը ներածուի եւ վաճառքի կը դրուի Իլինոյ նահանգին մէջ:
Ան նշած է, որ Շիքակոյի մէջ որոշ չափով տեղեակ էին հայկական արտադրութեան, որովհետեւ Իլինոյ նահանգի այդ հատուածին վրայ կ՛ապրին նաեւ արեւելեան Եւրոպայէն գաղթականներ` լեհեր եւ պուլկարացիներ, որոնք ծանօթ են հայկական արտադրութեան: Վերլուծելով առաջին օրերու վաճառքը` Սարգսեանը նկատել տուաւ, որ տասնօրեայ շրջանառութիւնը ցոյց տուաւ, որ հետաքրքրութիւն կայ, կը գնեն, սակայն` ոչ մեծ քանակով: «Պահածոները գրեթէ վաճառուած են, անուշները կը վաճառուին աստիճանաբար», նշեց ան:
Ամերիկեան այլ նահանգի մը մէջ եւս հայկական արտադրութեան վաճառքի կազմակերպման հարցերուն աջակցած է Շիքակոյի մէջ Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոս Օսքար Թաթոսեանը:
Արտադրանքը նախ կը տեղափոխեն Նիւ Եորք, ապա կը հասցնեն Շիքակօ: Հայկական ապրանքները նախապէս Նիւ Եորքի մէջ ներկայացուած են, սակայն Շիքակոյի մէջ առաջին անգամն են, յայտնեց Սարգսեանը` նշելով, որ «Պիզնես Արմինիա»-ի համագործակցութեամբ կը պատրաստուին ընդլայնելու ներկայացուածութիւնը. հայկական արտադրանքը վաճառելու համար բանակցութիւններ կը տարուին նաեւ ամերիկեան միւս մեծ ընկերութիւններուն հետ: