Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Մեր Հայրը (Ստեփան Պաղտիկեանի (Չիֆ) Յիշատակին)

$
0
0

Արդէն քառասուն թերթիկներ պատռուեցան օրացոյցէն, անցան քառասուն օրեր, որոնց ընթացքին շատեր եկան քու առյաւէտ հեռացումիդ համար ցաւակցութիւն յայտնելու, բաժնեկցելու մեր սուգը եւ հոգիիդ լուսաւորութիւն հայցելու, բոլորին սիրելի Ստեփան (Չիֆ):

Արդէն քառասուն օրեր առաջ մեզմէ, քու սիրելիներէդ եւ հարազատներէն բաժնուեցար վերջնականապէս` երթալու անդենական:

Գուրգուրոտ եւ հոգատար էիր մեզի հանդէպ, միշտ հետամուտ ամէնէն լաւն ու կատարեալը տալու, մեզ դէպի ուսում ուղղելու, կրթելու իբրեւ մարդ ու հայ: Սակայն քու ուշադրութիւնդ եւ նուիրումդ միայն ընտանիքովդ չէին սահմանափակուեր, այլ մօտիկ էիր եկեղեցւոյ ու ակումբին, որովհետեւ կը հաւատայիր, որ իւրաքանչիւր անհատ նաեւ իր բաժինը ունի ազգին տալիք: Կը սիրէիր միութենական կեանքը, քու կարելիդ կ’ընէիր նեցուկ կանգնելու անոր, անդամ էիր ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէին:

Սակայն այս բոլորին կողքին ճանչցուած էիր քու սիրած եւ քեզի հարազատ Պուրճ Համուտի մէջ, եղբօրդ` Զարեհին հետ, քու հաստատած «Չիֆ» ճաշարանովդ, ուր մատուցուած համադամ ճաշերով, քու սիրալիր եւ հիւրընկալ վերաբերումովդ գրաւեցիր օտարներն ու հայերը, անուն կերտեցիր եւ մինչեւ վերջ ալ պահպանեցիր ճաշարանին վարկն ու իւրայատկութիւնը: Լիբանանի տարբեր կողմերէն մարդիկ Պուրճ Համուտ կու գային «Չիֆ»-ին յարկին տակ համով պատառ ուտելու, ոմանք արդէն բարեկամներ եղած էին ճաշարանին եւ քեզի:

40 օրեր թաւալեցան, սակայն տակաւին կորուստդ ընդունիլը դժուար է, այդպէս ալ պիտի մնայ: Շատ բան կայ ըսելիք, սակայն հիմնականօրէն կարօտը տիրական կը մնայ: Մեր մաղթանքն է, որ հոգիդ մնայ լոյսերու մէջ եւ յաւիտեան արքայութեան մէջ ննջես:

Պիտի յիշենք քեզ յաւերժ:

Դուստրերդ`
ՑՈԼԻՆ, ԿԱՐԻՆ ՈՒ ԱՐԻՆ 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>