Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Ակնարկ. Կէտերը Ինչպէ՛ս Եւ Ո՛ւր Միացնենք…

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Արձանագրենք միջազգային բեմին վրայ վերջերս արձանագրուած քանի մը կէտ` տեսնելու համար, թէ անոնք ինչպէ՛ս եւ ո՛ւր կը միանան իրարու, որպէսզի նաեւ զգանք, թէ ինչպիսի՛ իրական եւ շինծու «դամոկլեան սուր»-եր կը կախուին մեր գլուխներուն վերեւ, եւ այդ սուրերը ինչպիսի շահագործումի, չարաշահութեա՛ն առիթ կու տան կախողներուն:

Ա.- Միացեալ Նահանգներու նախագահը որոշեց պաշտօնապէս խզել նախկին Խորհրդային Միութեան հետ 1987-ին ստորագրուած` միջին հասողութեամբ կորիզային հրթիռներէ հրաժարելու համաձայնագիրը. նորութիւն չէ. Թրամփ այս որոշումը սկզբնապէս տուած էր շուրջ 6 ամիս առաջ (սա իր նախորդներուն իրականացուցած համեմատաբար դրական քայլերը չեղարկելու «սխրանքներուն» ճամբուն իւրայատուկ քայլ մըն է, կը նպատակադրէ «Ամերիկան դարձեալ հզօր դարձնել»` ի հարկին աշխարհը քանդելու կամքով): Համաձայնագիրին ջնջման առնչութեամբ, Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ մեղադրանքներու հեղեղներ հոսեցան. եւրոպացիք ընդհանուր առմամբ դժգոհ մնացին` հասկցնելով, որ աշխարհը դէպի նոր Պաղ պատերազմի մը սեմը առաջնորդող նման քայլեր բարենպաստ չեն ոեւէ մէկուն: Վաղը նման էջ կրնայ բացուիլ հեռահաս հրթիռներու համաձայնագիրներուն մասին ալ: Ի դէպ, այդ հրթիռները ստեղծուած են… չգործածուելու դիտաւորութեամբ, սակայն հսկայական գումարներ կը հոսեցնեն դէպի որոշ գանձանակներ: Կատակասէրներ կ՛ըսեն, որ Թրամփ կրնայ վաղը ճօճանակի նոր խաղ մը սկսիլ Ռուսիոյ հետ, ինչպէս ըրաւ Հիւսիսային Քորէայի պարագային, նախ վատաբանելով անոր նախագահը, յետոյ հանդիպումներ ունենալով անոր հետ, միջանկեալ` դարձեալ վատաբանելով զայն…

Բ.- Ռուսիոյ տափաստաններուն մէջ անտառային հրդեհներ բռնկած են. Թրամփ փութաց աջակցութեան ձեռք երկարելու Փութինին` ըսելով, որ Միացեալ Նահանգներ ունին բարձրորակ հրշէջ սարքեր: Հոս ալ կատակասէրներ տեսան «ապրանք գովազդելու» յետին նպատակ…

Գ.- Միացեալ Նահանգներու պիւտճէին մէջ պաշտպանութեան մարզին տրամադրուած գումարը զգալի բարձրացում մը եւս արձանագրած է. այսպիսով, պաշտպանութեան պիւտճէն 121 միլիառ տոլար աւելի է, քան` յաջորդ 144 երկիրներու պաշտպանութեան պիւտճէներուն գումարը: Սա կը կատարուի ի հեճուկս այլ մարզերու, մեծ մասամբ` ժողովուրդին օգտակար ըլլալու մարզերուն, նաեւ` այլ երկիրներու (որոնց շարքին` մեր Արցախին) տրամադրուած մարդասիրական նպաստներուն: Բացը կը հասնի 1,1 թրիլիընի, այսինքն` ընդհանուրին մօտաւորապէս քառորդը: Ըստ պաշտօնական հաշուարկներու, տրատուի մը վճարած իւրաքանչիւր տոլարին շուրջ 24 սենթը կը տրամադրուի պաշտպանութեան ծախսերու, որուն դիմաց միայն 5,3 սենթ կ՛երթայ կրթութեան, ուժանիւթի, կենսոլորտի պաշտպանութեան, միջազգային կարիքներու եւ գիտութեանց` միասին առած: Հոս, կատակասէրները կը նախընտրեն լուռ մնալ…

Դ.- Թրամփ քանի մը տեսիպել եւս բարձրացուցած է Իրանի դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու շեփորին ձայնը, կ՛աշխատի Ծոցի շրջանին մէջ քարիւղատարներու հսկողութեան միջազգային ուժ մը` նաւատորմ, զինական այլ սարքեր,  հաւաքագրել. Իրանին հետ Օպամայի օրով գոյացած համաձայնագիրին ջնջումէն ասդին, կամուրջին տակէն բաւական ջուր հոսած է: Հոս ալ եւրոպացիք վերապահ են եւ կը փորձեն «իմաստուն» ղեկավարին հասկցնել, որ նման քայլերու հետեւանքներէն ոչ ոքի համար բարիք կը ծնի: Սակայն ռազմատենչ խմբաւորումներ այդպէս չեն մտածեր եւ կը սպասեն թրամփեան «յաղթարշաւ»-ի պտղաբերման: Յիշողութենէ զուրկ չեղող կատակասէրներ կ՛ըսեն, որ վաղը այս պատկերը կրնայ վերատեսութեան ենթարկուիլ. ատենին, Քուէյթը գրաւող Սատտամ Հիւսէյնի դէմ ալ պատերազմի նետուելու ամերիկեան թմբկահարումը զգուշաւորութեամբ դիտուեցաւ եւրոպացիներու կողմէ, սակայն երբ «շուկան» բացուեցաւ, բոլորը փութացին մասնակցելու Իրաքի ռմբակոծման ու այլ պատժամիջոցներու, որպէսզի «քարիւղի կարկանդակ»-էն անմասն չմնան: Մնացեալը իրականացած պատմութիւն է:

Ե.- Միացեալ Նահանգներ մերթ Չինաստանի, մերթ Ռուսիոյ դէմ կ՛որդեգրեն տնտեսական պատժամիջոցներ (չմոռնանք Իրանն ու ուրիշներ). հետզհետէ աւելի՛ բացայայտ կը դառնայ, որ նման պատժամիջոցներու ետին կայ շահոյթ հետապնդող շարք մը մեծ ընկերութիւններու վճռորոշ խօսքը: Ոչ կատակասէրներ կը յիշեցնեն, որ նոյնինքն Թրամփ մօտիկ անցեալին պատժամիջոցներ որդեգրեց եւ հարկեր հաստատեց նաեւ Քանատայէն ու Մեքսիքայէն ներածումներու (պողպատաշինութեան եւ այլ արտադրանքներու) վրայ, յետոյ զանոնք չեղարկեց. ո՞վ գիտէ` որո՛ւ ոտքին ծուռ կոխած էր, կամ` որմէ՞ ի՛նչ խոստում ստացաւ…

Զ.- Թրամփ վեթոյի ենթարկեց Սէուտական Արաբիոյ եւ զինակիցներուն զէնք ծախելու դէմ խորհրդարանին առաջարկած օրինագիծը: Կատակասէրներ կը փսփսան, որ նախագահը իր գործակիցներուն մտերմաբար ըսած է, թէ խորհրդարանը ինչպէ՞ս կը համարձակի նման բանաձեւ հասցնել իր սեղանին. չէ՞ որ զէնքի-զինամթերքի արտադրիչները իր գլխաւոր յենարաններն են. կարելի՞ է դրժել ընտրապայքարի եւ յետընտրապայքարի օրերուն անոնց տրուած խոստումները: Այնքան շո՞ւտ մոռցուած են Սպիտակ տուն մուտքէն ետք դէպի Սէուտական Արաբիա իր կատարած անձնազոհակա՜ն այցելութիւնը, երբ աշխարհին ներկայացաւ զէնքի վաճառականի անդիմակ դերակատարութեամբ… Կարելի՛ է ժողովուրդին տրուած ու չտրուած ամէն բարի խոստումէ ետդարձ ընել, սակայն կան կարգ մը «զգայուն կալուածներ», ուր ետդարձը աններելի է. ի՜նչ փոյթ, որ հազարաւորներ կը ջարդուին ամէն օր, եւ` ո՛չ միայն Եմէնի մէջ: Չէ՞ որ ամերիկեան այս կամ այն քաղաքին մէջ զանգուածային սպանդի դէպքերն ալ ջուր կը խմեն նոյն աղբիւրներէն, ու մարդիկ աւելի՛ կը տարուին վիճելով, թէ նման պատահարներ պէտք է ահաբեկչութի՞ւն, թէ՞ հաւաքական սպանդ որակել (սպաննուողներուն տարբերութիւն կ՛ընէ՞…), քան փնտռել նման արարքներու բուն աղբիւները` ատելութիւն, ցեղային խտրականութիւն ու զէնքի վաճառքը քաջալերող` բարձրագոյն բեմերէ արձակուած արտայայտութիւնները: (Ինչպէ՞ս կարելի է… չվերընտրել նման նախագահ մը, երբ գիտես, որ այդ դիրքին վրայ եկող ոեւէ անձ հարկադրուած է շարունակելու անոր ուղին):

Է.- Միացեալ Նահանգներ եւ Ռուսիա այլապէս մրցումի ելած են Թուրքիան զինական կազմածներով օժտելու համար, կը փորձեն այս յաճախորդը (որուն տրամադրուած զէնքերուն փոխարժէքը ինք` Թուրքիա չի վճարեր յամենայն դէպս) իրարու ձեռքէ խլել. Թրամփ եւ իմաստուն գործակիցները սպառնալիքներ կ՛ուղղեն Թուրքիոյ, կը խօսին պատժամիջոցներու լեզուով, սակայն կարաւանը իր ճամբան կը շարունակէ երկու կողմէն համահաւասար քաջալերանքով: «Կողմնակի հետեւանքներուն» գինը կը վճարէ, օրինակի համար` Սուրիան…

Կէտերու թուարկումը կարելի է շարունակել: Անկէ անդին, եթէ քիչ մը թուաբանութիւն գործածենք, յիշեալ կէտերը իրարու վրայ գումարենք, իրարմէ հանենք, բազմապատկումներ ու բաժանումներ կատարենք, դժուար չ՛ըլլար տեսնելը, որ գլխապտոյտ պատճառող, մերթ հասկնալի, մերթ անտրամաբանական երեւցող կէտերը ցոյց կու տան մէկ նպատակ. պետական նիւթական կարողութիւնները ծառայեցնել զէնքի ու այլ մասնակի շահեր հետապնդող ընկերութեանց ու խմբաւորումներու: Վերջերս ամերիկացի նշանաւոր մտաւորական մը դառնութեամբ կը հաստատէր, որ Միացեալ Նահանգներու ծախսած գումարներուն աւելի քան 60 առ հարիւրը կը տրամադրուի զէնք-զինական մարզին. ան այնքան յառաջ չգնաց ըսելու, որ եթէ ժողովուրդէն ձեռք բերուած շահատուրքերուն մեծագոյն մասը կը հոսի զինական մարզի գանձանակին մէջ, զէնքի առեւտուրէն եկող եկամուտներէն որքա՞ն շահատուրք կը գանձուի: Չէ՞ որ մեծ եկամուտ ունեցողներու շահատուրքերը նուազած են:

… Սպասենք, որ այս կէտերը բազմանան, եւ մենք հաճոյանանք` կէտեր իրարու միացնելու խաղը շարունակելով:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>