Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Նշմար. Երկու Պատկեր

$
0
0

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Պատկեր առաջին

Տարիներ առաջ ընկերական հաւաքի մը կը խօսէի ընկերվարութեան մասին եւ բաղդատական վերլուծումներով կը փորձէի բացատրել ՀՅԴ-ի ընկերվարութիւնը: Կ՛ըսէի, թէ տնտեսական ու դասակարգային պայքարի գաղափարախօսութեան հիմքի վրայ հաստատուած խորհրդային օրինակը (մոտել) փաստեց, թէ հոն, ուր հաւասարութիւն կայ, ազատութիւն չկայ, եւ միեւնոյն տրամաբանութեամբ ալ, հոն, ուր ազատութիւն կայ, հաւասարութիւն չկայ, չի կրնար ըլլալ: Կը բացատրէի, որ մեր ընկերվարութիւնը ունի զիրար ամբողջացնող եւ իրարմով պայմանաւորուած   երկու համարժէք հիմքեր`  քաղաքական, որ  ժողովրդավարութիւնն է, ինչ որ կը նշանակէ ժողովուրդի կամարտայայտութիւն, ազատութիւն, արդարութիւն, օրէնքի առջեւ հաւասարութիւն եւ այլն, եւ` տնտեսական, այսինքն` արտադրանքի արդար վերաբաշխում, կրթութեան, առողջապահութեան  ու բարգաւաճման հաւասար առիթի ընծայում  բոլորին, արժանավայել կենցաղ ու ծերութիւն եւ այլն: Կը պնդէի, որ առանց ընկերվարութեան` ժողովրդավարութիւնը թերի է ու անկատար, եւ հակադարձաբար, առանց ժողովրդավարութեան` ընկերվարութիւնը կեղծ է ու խեղուած: Օրինակ կու տայի ժամանակակից ու ժողովրդավար շատ երկիրներ, որոնք ընկերվարական  նորմերով չեն առաջնորդուիր, եւ որոնց ազատական տնտեսութիւնը  կը ծնի, կը սնուցանէ ու կը պաշտպանէ  աշխատաւորութիւնը անխնայ ու անսանձ շահագործող վայրագ ցեցեր եւ այլն, եւ այլն…

Հաւաքի աւարտին ինծի մօտեցաւ  պատկառելի արտաքինով անձ մը եւ ինքզինք ներկայացուց: Հայաստանէն Աթէնք հաստատուած էր քանի մը ամիսներէ ի վեր: Խօսակցութենէն ի յայտ կու գար, որ բանիմաց  է ընկերային գիտութիւններու: Կատարած վերլուծումներս շոյող քանի մը խօսքերէ ետք հարցուց.

– Ձեր խօսքին մէջ շատ շեշտը դրիք շահագործող ցեցերու վրայ ու անխնայ եղաք անոնց նկատմամբ: Դուք անձամբ կը ճանչնա՞ք այդպիսի շահագործողներ:

Կարծելով, որ հարցումը հռետորական է, պատասխանս եղաւ անմիջական ու կտրուկ.

– Անշո՛ւշտ կը ճանչնամ, եւ` շա՜տ:

– Խնդրանք մը ունիմ: Շատ կը խնդրեմ` ձեզի ծանօթ շահագործողի մը բարեխօսեցէ՛ք, որ զիս գործի առնէ ու անխնայ, կրցածին չափ թող շահագործէ զիս:  Անգործ եմ, օրապահիկի կարիք ունիմ…

Հիմա, վերյիշելով այս պատկերը` կը մտածեմ, թէ  որքան ալ  նպատակասլաց  ու աներեր կամքով զինուած ըլլայ քաղաքական ոեւէ առաջնորդ, որքան ժամանակի պէտք պիտի ունենայ արդեօք բարեկարգելու համար  երկիր մը,  մեր երկիրը,  ուր հարիւրաւոր հազարներով մարդիկ օրապահիկի մը համար սուր կարիքն ունին անխնայ շահագործող ցեցերու բարեհաճութեան ու գութին…

Պատկեր երկրորդ

Վերջերս ծովափին հանդիպեցայ ծանօթի մը, զոր շատոնց չէի տեսած: Նոր նկատեցի հոն, որ ան կիսով հաշմանդամ եղած է: Աթոռի մը նստած` կը ծխէր մտածկոտ: Կը հաւատար ան, որ չափազանց ու անխնայ յոգնածութիւնն էր պատճառը իր կաթուածահար վիճակին:

Տարիներ առաջ խնդրի մը համար այցելած էի անոր` իր աշխատանոցին մէջ, ուր քսանեակ մը գործաւորներ կ՛աշխատէին: Անցքիս` մօտենալով հոն աշխատող ընկերոջ մը եւ բարեւէ մը վերջ` մեղմաձայն հարց տուած էի անոր.

– Ինչպէ՞ս ես, ի՞նչ կայ-չկայ:

– Ի՛նչ ըլլայ,- պատասխանած էր գործաւոր ընկերս դառնութեամբ,- ինչպէ՞ս լաւ ըլլամ, առտուընէ իրիկուն հո՛ս, ապառողջ այս վայրին մէջ կ՛աշխատինք, պատառ մը հացի համար հոգինիս կ՛ելլէ, որպէսզի էֆենտին կշտացնենք:

«Էֆենտին» ծովափի կէս հաշմանդամն էր:

Քիչ ետք մօտենալով «էֆենտի»-ին եւ այցելութեանս նպատակը  պարզելէ առաջ, կենցաղային սովորական միեւնոյն հարցումը.

– Ինչպէ՞ս ես, ի՞նչ կայ-չկայ:

– Ինչպէ՛ս ըլլամ, օրն ի բուն իշու աշխատանք,-պատասխանած էր «էֆենտին», առտուընէ մինչեւ իրիկուն ստիպուած  հո՛ս` աշխատանոցը, որ գործ արտադրուի: Աշխատանոցէն վերջ գլուխս պատէ պատ կը զարնեմ, որ նոր  ապսպրանք առնեմ, հանգիստի ժամանակ չունիմ: Ինչ ընեմ, ուրիշ կերպ ալ չըլլար արդէն, քսան ընտանիք ուսերուս է, գիտեմ, որ քսան աշխատաւորներուս ընտանիքները ինձմէ` այս աշխատանոցէն կախեալ են…

Ծովափի մեր զրոյցին կէս հաշմանդամն էր կրկին.

– Ուրիշ կերպ չէր ըլլար, որովհետեւ քսան ընտանիք կար իմ ուսերուս…

Ինծի թուեցաւ, որ իր առողջութիւնը քայքայած ըլլալուն համար պարզութեամբ  արտասանած իր այդ խօսքին մէջ զղջումի յատուկ շեշտ չկար: Այդ պահուն,  տարիներու խորերէն, մոռցուած անցեալէն ականջիս արձագանգեց.

«Քսան ընտանիք ինձմէ կախեալ է…»:

Ուրեմն, «շահագործող» մարդու այս տեսակն ալ կայ: Իսկ ես` գիրքերու մէջ գաղափարաբանական  վերլուծումներ որոնող  եւ  զանոնք իւրացնող գրքունակ անձս, մտաբերելով այս երկու պատկերները զգաց, որ ինք կ՛անգիտանայ (եղեր)  շուկայական կեանքի կարծր իրականութեան տարբեր-տարբեր երեսները:

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>