Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Գեղանկարը Մկրատով Կը Կիսեն Պատին Յարմարցնելու Համար

$
0
0

ՄԱԿԱՐ

Կեդրոնականցի Արմենակին եւ Էլպիսին հանդիպեցանք Ատլանտեանի ափի հանգստավայր մը, ուր մարդիկ կու գան ոչ թէ լողալու եւ թխանալու, այլ` քիչ մը մերկանալու եւ արեւուն տակ փռելու իրենց թօշնած մաշկը:

Սրճարանի մը մայթին, սեղանի մը շուրջ զրուցեցինք` սառնորակ գարեջուր վայելելով: Քիչ խօսող Էլպիս ըսաւ.

– Ո՞վ կրնայ ըսել` այս զուարճացող եւ անհոգ ամբոխը դիտելով, որ երկրին մէջ գործազրկութիւն կայ, աներդիքներ կան:

Մակարուհին ետ չմնալու համար աւելցուց.

– Ճաշարաններուն մէջ տեղ չկայ: Այս կիսամերկ մարդիկ քիչ ետք խաղատուն պիտի երթան` դրամ մսխելու:

Արմենակ այս տեսակ մանրուքներով զբաղող մարդ չէ: Ըսաւ.

– Դրամի հարց է: Ունեցողները իրենք իրենց ամէն բան կրնան թոյլ տալ: Երկու օր առաջ գեղանկարիչ բարեկամիս` Արմէն Գիսակի աշխատանոցը գացած էի: Աշնան ցուցահանդէս պիտի ունենայ: Գնողներու մասին խօսեցաւ եւ ըսաւ, որ կան արուեստասէր գնողներ, եւ իրենց տան կահ-կարասին զարդարելու համար նկար գնողներ: Պատմեց հետեւեալը. «Քաղքենի տիկին մը, արուեստասէր ճանչցուած, քանի մը տարի առաջ գնած էր բաւական մեծ չափերով գեղանկար մը: Երբ զիս տեսաւ եկեղեցին, ըսաւ, որ` «նկարին համար յարմար տեղ չկար պատին վրայ, մէկ մասը կտրեցի եւ վերցուցի, մնացեալին համար գեղեցիկ շրջանակ մը գնեցի եւ կախեցի»: Նայեցայ երեսին, չպատասխանեցի: Եթէ ցուցահանդէսիս գայ եւ ուզէ նկար գնել, կա՛մ պիտի մերժեմ իրեն ծախել, կա՛մ ցուցակին վրայ գրուած գինին տասնապատիկը պիտի պահանջեմ: Եթէ գնէ, տարբերութեան արժէքով նկարներ պիտի նուիրեմ ուսուցիչներու եւ խմբագիրներու»:

Արուեստասէր Մակարուհին շարունակեց Արմենակին միտքը.

– Չեմ զարմանար: Այդ տիկինը եւ իր նմանները ցուցահանդէսի գինեձօնին ներկայ կ’ըլլան վերջին նորոյթ հագուստներով եւ ադամանդներով, ասոր եւ անոր հետ կը զրուցեն եւ իրենք իրենց բարենիշ կու տան` նկար մը գնելով, ոմանք ալ անոնց շուրջ կը դառնան շեշտելու համար անոնց անկարեւոր կարեւորութիւնը: Այդ քաղքենիները նկար ալ գնեն, երբեմն չեն գիտեր թէ ո՛ր կողմէն պիտի կախեն նկարը:

– Ճիշդ այդպէս,- ըսաւ Արմենակ,- եթէ անոնք ալ չըլլան, նկարիչները ստիպուած պիտի ըլլան իրենց գործերը հացի համար ծախելու կամ նուիրելու: Ինչպէս գրողները իրենց գիրքերը կը նուիրեն, եւ գիրքը չստացողները կը դժգոհին ու կ’ըսեն, թէ որպէս բարեկամ` գիրքի՞ մըն ալ արժանի չեղանք:

Սպասեակը բաժակները վերցուց` հասկցնելով, որ գարեջուրով մը ամբողջ օրը կարելի չէ զբաղեցնել աթոռները:

Երբ դուրս կ’ելլէինք, ըսի.

– Արմենա՛կ, որքա՜ն գործնական իմաստութիւն ունի սպասեակը: Եթէ մեր ժողովուրդը այսքանը սորվէր, հոգ չէ թէ սպասեակէն, ոչ անպայման համալսարաններէն, եւ գործադրէր ամէն տեսակի աթոռներու համար, մեր վաղը այսօրուընէ լաւ կ՛ըլլար:

Դուրսը ամրան անձրեւ կը մաղուէր:

Վերադարձի ճամբուն վրայ մտածեցի, թէ կրնայի՞ մկրատուած նկարին չգործածուած մասը ձեռք ձգել եւ կցել այս տողերուն:

Վէպեր կան, որոնց անուան տակ կը գրեն` «Իրական կեանքէ առնուած»: Կեդրոնականցիին պատմածն ալ այդպէս է:

 

3 յուլիս 2019, Տովիլ, Ֆրանսա


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>