Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Սելֆիական Լրագրողներ, Սելֆիական Ղեկավարներ Եւ Սելֆիական Բեմասէրներ

$
0
0

ՄԱԿԱՐ ի Գաղիա

Կեդրոնականցի Արմենակին հետ, իր թաղի եկեղեցիի Ս. պատարագէն ետք, ուրիշ հաւատացեալներու հետ, սրճարան գացինք, բաժակ մը օղիով տօնելու մեր մեղքերէն սրբուած ըլլալու մեր ուրախութիւնը: Երեւելի պարոն Պահատուր Տաղտեվիրէնեան շողոմ խօսքերով բարեւեց մեզ, շնորհակալութիւն յայտնեց Արմենակին, որ զիրենք պատուած էր իր ներկայութեամբ:

Երբ առանձին մնացինք, հարցուցի.

– Դեռ չկծուած նոր բարեկամնե՞ր ունիս:

Եւ Արմենակ պատմեց.

– Այս Տաղտեվիրէնեանը իր նախագահած հայրենակցական միութեան ժողովին հրաւիրեց զիս, եւ խնդրեց, պնդեց, որ ներկայ ըլլամ: Հրաւիրեց նաեւ ժողովէն ետք կայանալիք ճաշկերոյթին ալ, ուր ներկայ պիտի ըլլային նախարար մը, խորհրդարանի անդամ մը եւ արուարձան քաղաքի խորհուրդը` քաղաքապետի գլխաւորութեամբ:

– Լաւ է, մեծերու հանդիպեր ես:

– Ճիշդ այդպէս: Փառաւոր ճաշկերոյթ մը: Հինգ անգամ պնակները փոխուեցան: Սեղաններու վրայ ափսէներով սուճուգն եւ փաստուրման անդադար նորոգուեցան, գովերգուեցան որպէս հայկական ազնուական ճաշատեսակ: Հիւրերը խօսեցան հայկական հիւրասիրութեան եւ աշխատասիրութեան մասին, միշտ յիշեցնելով, որ լաւ քաղաքացիներ էին: Ներկաները կը ծափահարէին առանց մտիկ ըրած ըլլալու:

– Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ այդ,- հարցուցի:

– Ի՞նչ մտիկ պիտի ընեն, անցեալ տարի ալ նոյն բաները ըսած ըլլալու են, յաջորդ ճաշկերոյթին ալ նոյնը պիտի ըսեն, ճիգի պէտք չկայ, պիտի ծափահարուին: Այս չէ պատմելիքս, այսպէս եղած ենք եւ են: Ճաշկերոյթի ամբողջ տեւողութեան սեղաններուն շուրջ, նստած եւ ոտքի, կը թուէր, թէ մարդիկ անմահութեան բանալին գտած էին, սելֆիները կը բարձրանային, կը հակէին, տեղ կը փոխէին եւ մարդիկ` զիրար գրկած, իրենց գլուխները իրարու ուսին դրած, կը նկարուէին:

– Արմենա՛կ, ճիշդ կ՛ընեն, յիշողութեան կորուստին դէմ պէտք է պայքարիլ:

– Սելֆին նաեւ բեմի վրայ էր, հանդիսավարը կը նկարուէր իւրաքանչիւր խօսողի հետ, նոյնիսկ Պահատուր Տաղտեվիրէնեանը, երբ շնորհակալութիւն յայտնեց, իր հիւրերուն հետ ինքզինք նկարեց կողքի սելֆին գլխուն վրայ բռնելով:

– Արմենա՛կ, նկարահանող մը չէի՞ն հրաւիրած, համացանցով սփռելու այդ աննախընթաց հանդիսութիւնը: Փառքը կը հիւսուի մեծերու կողքին կանգնելով:

– Այդ չեմ գիտեր: Բայց յիշեցի ֆրանսացի իմաստասէր Հանրի Պերկսոնը, որ կ՛ըսէր, թէ գործիքը ձեռքին շարունակութիւնն է: Խորհեցայ, որ սելֆիները տաղտեվիրէնեաններու փոքրիկ եւ փոքրացած ուղեղներու շարունակութիւնն էին: Այս սելֆիստները եթէ սալաֆիստ ըլլային մեր քաղաքը կրնային գրաւել:

– Արմենակ, ի՞նչ է տարբերութիւնը սելֆիստին եւ սալաֆիստին:

– Մակա՛րս, սալաֆիստը բանի մը կը հաւատայ, սելֆիստը մարզիկի  պէս թեւը վեր պահած ինք կը խնկարկէ իր անձին, այդ նկարները կրնայ նաեւ դնել իր յուշերու գեղակազմ հատորին կողքին եւ էջերուն վրայ` աւելցնելով յուշագիրներու փաղանգը:

– Ուրեմն կեցցէ՛ սելֆիական հայասիրութիւնը եւ սելֆիական լոպիինկը®,- եզրակացուցի, ուրիշ բան չըսելու համար:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>