ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ
Իմ հայրենիք` մայր Հայաստան,
Քեզ լքեցին ու հեռացան
Դէպի Ֆրանսա, Ամերիկա`
Ուր որ գտան հեշտ ապաստան,
Դուռն բախեցին օտարութեան,
Որոնեցին ապրուստ, տոլար:
Այժմ վստահ կարօտցան քեզ
Հայորդիներդ, սիրականներդ,
Քեզ փնտռեցին ու սիրեցին
Երգերուդ մէջ կարօտագին,
Ջուրդ, օդդ, կանաչ դաշտերդ
Յոյժ գովեցին գեղանկարներդ:
Արդեօք պիտի վերադառնա՞ն`
Ապրին ծոցդ յաւերժական:
Իմ հայրենիք` մայր Հայաստան
Բիւր հայութեան ոսկի օրրանն,
Դուն կը մնաս, կ՛ապրիս ազատ
Մեր սրտերուն մէջ, պատմութեան: