Յուլիս 29-ին «Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն» գիտահետազօտական հիմնադրամի կազմակերպմամբ, կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում` Թուրքիոյ համշէնահայ մտաւորական, շարք մը գիրքերու հեղինակ Հուրիյէ Շահինի հետ:
Հանդիպումի ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան` Արևմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Հայկազուն Ալվրցեանը, համշէնագէտ, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի գիտաշխատող Սերգէյ Վարդանեանը եւ օրուան գլխաւոր բանախօս Հուրիյէ Շահինը:
Հայկազուն Ալվրցեանը, ներկայացնելով հիւրին կատարած գործունէութիւնը համշէնահայերու միջավայրին մէջ, շեշտեց յատկապէս այն հանգամանքը, որ համշէնահայերու ազգային գիտակցութեան վերելքի պայմաններուն մէջ յատկապէս նկատելի է համշէնահայ հետազօտողներու եւ մշակութային գործիչներու ներդրումը այս գործին մէջ: Ան յատկապէս առանձնացուց գերմանաբնակ համշէնահայ մտաւորական Ալիյէ Ալթի հետազօտութիւնը` Համշէնի պատմութեան վերաբերեալ, Հուրիյէ Շահինի` Համշէնի բարբառին նուիրուած աշխատանքն ու փոքրամասնութիւններու ձուլման մասին ուսումնասիրութիւնը, բեմադրիչ Ալպեր Օզճանի ժապաւէնները` համշէնցիներու ազգային ինքնութեան զարթօնքի թեմայով, համշէնցիների ՀԱՏԻԿ միութեան և «Վովա» ժողովրդական երգչախումբին գործունէութիւնը եւ այլն:
Սերգէյ Վարդանեանը, անդրադառնալով համշէնահայութեան արդի խնդիրներուն, խօսեցաւ Հուրիյէ Շահինի «Համշէներէն լեզուի իմացութիւն» գիրքին մասին, ներկայացուց գիրքին բաժինները եւ շեշտեց, որ Հուրիյէ Շահինը ներդրում ունի նաեւ համշէնահայերու կեանքի այլ ոլորտներու մէջ: Համշէնագէտը թուարկեց այդ ոլորտներու վերաբերեալ Հուրիյէ Շահինին աշխատութիւնները:
Հուրիյէ Շահինը խօսեցաւ Թուրքիա բնակող համշէնցիներու ներկայ խնդիրներուն մասին` մասնաւորապէս անդրադառնալով Թուրքիոյ մէջ համշէնահայութեան մշակոյթի եւ լեզուի պահպանման ուղղուած գործընթացին: Ան յայտնեց, որ քանի մը տարի առաջ Թուրքիոյ մէջ օրէնք ընդունուած է` փոքրամասնութիւններու լեզուներու ուսուցումը, որպէս ընտրովի դաս, դպրոցական ծրագրին մէջ ընդգրկելու վերաբերեալ: Այդ իրաւունքէն արդէն սկսած են օգտուիլ որոշ փոքրամասնութիւններ, որոնց մէջ Արդուին եւ Ռիզէ նահանգներուն մէջ բնակող լազերը: Սակայն Թուրքիոյ համշէնցիները առայժմ չեն դիմած համապատասխան պատկան մարմիններուն` իրենց այդ իրաւունքէն օգտուելու հարցով, քանի որ անոր համար նախ անհրաժեշտ է ունենալ համապատասխան դասագիրք: Հիմնականին մէջ այդ պատճառով Հուրիյէ Շահինը որոշած է գրել «Համշէներէն լեզուի իմացութիւն» գիրքը, որ, թէեւ` ոչ բաւարար, այնուամենայնիւ, փորձ մըն է` նման դասագիրք ստեղծելու ուղղութեամբ:
Հարց-պատասխանէն ետք ներկաներուն խնդրանքով, Հուրիյէ Շահինը կատարեց համշէնական երգ` խիստ յուզելով ներկաները: Ան մասնակիցներուն նուիրեց իր վերջին գիրքը: