Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն Կուսակցութեան Ծածկանուններու Բառարան»-ի Պատառիկներ

$
0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

«Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան ծածկանուններու բառարան» աշխատութեան մէջ տրուած հիմնական հինգ բնագաւառները, իրենց ենթագլուխներով, ստորեւ կը ներկայացնենք առանձին-առանձին, հակիրճ տեղեկութիւններով եւ անոնց հետ միասին կու տանք քանի մը օրինակ:

Ա.- Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան շարաքայիններու ծածկանուններ, կեղծանուններ:

– Աբրօ, Ռ. Սեւեան, Շտաբի Աբրամ*, Աբրամ, Աբրամովիչ, Ա. Սեւեան 1875-1946, Աբրահամ Գիւլխանդանեան:

*Գանձակի մէջ «Շտաբի (զինուորական մարմինի)» պետը եղած է, եւ անոր համար ալ ժողովուրդը զինք կոչած է «Շտաբի Աբրամ» անունով:

Տես՛ «Հայրենիք» ամսագիր, ԻԴ. տարի, թիւ 4,  յուլիս-օգոստ. 1946, էջ 85:

– Անտոն*, Սմբատ Օհանեան*, Սիմոն Զաւարօֆ** կամ Զաւարով, Սարգիս Անտոնեան*** 1866-1913, Սիմոն Զաւարեան:

*Սիմոն Զաւարեանի կուսակցական անուններն են` «Անտոն» եւ «Սմբատ Օհանեան» ծածկանունները:

Տես՛ «Ազդակ-շաբաթօրեակ», 30 սեպտեմբեր 1949, էջ 30:

Տես՛ նաեւ «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար», Բ. հատոր, էջ 34 ա.:

** «Սիմոն Զաւարօֆ» ծածկանունով 1903 թուականին կ՛այցելէ Կիլիկիա` իբրեւ ռուս գիւղատնտես:

Տես՛ «Ազդակ-շաբաթօրեակ», 30 սեպտեմբեր 1949, էջ 30:

Տես՛ նաեւ «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար», Բ. հատոր, էջ 34 ա.:

*** Սիմոն Զաւարեանի յեղափոխական անուններէն է «Սարգիս Անտոնեան»:

Տես՛ «Դիւան ՀՅ Դաշնակցութեան», յաւելուած «Հայրենիք» ամսագրի, հրատ. ՀՅԴ Ամերիկայի Կեդր. կոմիտէի, խմբ. Սիմոն Վրացեան, Պոսթըն, հ. 1, 1934, էջ 113:

– Արշակ Վռամեան*, Վարազ, Վահապ[բ]**, Փալթոսըզ***, Նեռ****, Ա. Բակուր****, Օգիմդա**** 1871-1915, Օննիկ Դերձակեան:

* Օննիկ Դերձակեան: գրական ծածկանունով` «Արշակ Վռամեան»:

Տես՛ «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար», Ա. հատոր, էջ 43 բ.:

** Կուսակցական ծածկանունով` «Վահապ»:

Տես՛ «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար», Ա. հատոր, էջ 43 բ.:

***Օննիկ Դերձակեան տեւական առանց բաճկոնի ըլլալուն համար Պոլսոյ մէջ ստացած էր «Փալթոսըզ» մակդիրը:

Տես՛ «Անմահներուն հետ Վասպուրական մեր աշխարհի մէջ», Խոսրով Թիւթիւնճեան, 1974, Պէյրութ, էջ 80:

**** Օննիկ Դերձակեան առաջին անգամ սկսած է գրել Արփիար-Շահնազարի «Հայրենիք»-ին (Պոլիս) մէջ «Օգիմդա» կեղծանունով (ՕԳԴ, սկզբնատառերը իր բուն անուն-ազգանունին` Օննիկ Գէորգեան-Դերձակեան):

«Ազատամարտ»-ի «Առտուան տոմսեր»-ուն մէջ` «Նեռ» ստորագրութեամբ: «Ազատամարտ»-ի մէջ եւս յօդուածներ գրած է «Ա. Բակուր» ստորագրութեամբ:

Տես՛ «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար», Ա. հատոր, էջ 43 բ.:

– Արամ Մանուկեան*, Արամ փաշա** 1879-1919 Սարգիս (Սերգէյ) Յովհաննիսեան:

* Սարգիս կամ Սերգէյ Յովհաննիսեանը Վանի մէջ դարձաւ Արամ Մանուկեան:

Տես՛ «Արամը», հրատարակութիւն ՀՅ Դաշնակցութեան, 1969, էջ 146:

** Յովհաննիսեան Վանի նահանգապետ եղած շրջանին Վանի ժողովուրդը` հայ, քիւրտ եւ տաճիկ, բոլորն ալ զինք կը կոչէին «Արամ փաշա»:

Տես՛ «Ասլան Ստեփանեանի յուշերը», գրի առաւ` Հայկ Աճեմեան, Թեհրան, տպ. Մոդերն, 1966, էջ 177:

– Գարեգին Խաժակ*, Բաբա-Գասպար կամ Պապա-Գասպար**, Բաբայեան***, Ա. Արծիւեան**** 1876-1915, Գարեգին Չագալեան:

*Գարեգին Չագալեանի գրական ծածկանունը «Գարեգին Խաժակ» է:

Տես՛ «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար», Ա. հատոր, էջ 47 բ.:

**1897 թուականին (ըստ հեղինակին Ա.Գ.) եկած է Պոլիս` իբրեւ յեղափոխական գաղտնի գործիչ «Պապա Գասպար» ծածկանունով:

Տես՛ «Իմ յուշերը» Վահան Փափազեան, հատոր երկրորդ, Պէյրութ, 1952, էջ 133:

***Կուսակցական ծածկանունով` «Բաբա, Բաբայեան»:

Տես՛ «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար», Ա. հատոր, էջ 47 բ.:

****Դաշնակցական մամուլին մէջ գրած է «Ա.Արծիւեան» եւ «Բաբա Գասպար» կեղծանուններով:

Տես՛ «Յեղափոխական ալպոմ», 1965, թիւ 11, էջ 301:

– Էլլէն*, Թոփալ (Թոփալեան), Նաֆաթ, Սամուէլ Ֆայն, Միխայլով, Միխայիվօ, Էլլէն Լայլ* 1859-1905, Քրիստափոր Միքայէլեան

*Քրիստափոր Միքայէլեանի կուսակցական ծածկանունը գիտենք, որ «Էլլէն» է, սակայն ան իր գրած նամակներուն տակ ստորագրած է նաեւ «Էլլէն Լայլ»: Այդ նամակներէն մէկը  Քրիստափոր ուղղած է Յոնան Դաւթեանին (23 յունիս 1896-ին):

Տես՛ «Դիւան ՀՅ Դաշնակցութեան», յաւելուած «Հայրենիք» ամսագրի, հրատ. ՀՅԴ Ամերիկայի Կեդր. կոմիտէի, խմբ. Սիմոն Վրացեան, Պոսթըն, հ. 1, 1934, էջ 392:

– Ռոստոմ, Քոթոթ*, Աբրահամեան**, Արտաշէս Ռոստոմեան***, Միքայէլ****, Ն.Ս.*****, Արիստակէս Ղարախանեան, Արմէն Կասբարեան 1867-1919, Ստեփան Զօրեան:

*Ուսանողական շրջանէն սկսեալ, իր  յաղթանդամ կազմուածքին համար ընկերները զինք «Քոթոթ» անուանած են, այդ անունը կը մնայ վրան մինչեւ վերջ:

Տես՛ «Յուշապատում ՀՅ Դաշնակցութեան 1890-1950», Պոսթըն, 1950, էջ 106:

**Ստեփան Զօրեան 1886 թուականին իր բուն անունով մուտք գործած էր Վարշաւայի մօտակայքը գտնուող Ալեքսանդրեան գիւղատնտեսական ուսումնարանը, ուր քանի մը ամիս բանտարկուած ու ապա աքսորուած էր Կովկաս: Հետեւաբար 1887 թուականին ան կու գայ Պաքու եւ կը մտնէ աւարտական քննութիւն կու տայ եւ կը մտնէ Պետրովսկայա ակադեմիան: Ստեփան ստիպուած կ՛ըլլայ «Ստեփան Աբրահամեան» անունով քննութիւն յանձնել, որովհետեւ Զօրեանը զրկուած էր արդէն ուսումը շարունակելու իրաւունքէն:

Տես՛ «Հայրենիք» ամսագիր, Ժբ. տարի, թիւ 1,  նոյեմբեր 1933, էջ 75:

***Օգոստոս 1885-ին, «Արտաշէս Ռոստոմեան» կեղծանունով կ՛անցնի Կարին` որպէս ծպտեալ վաճառական, որ իբրեւ պարսկահպատակ` ռուսական սամովարներ պիտի ծախէր այնտեղ:

Տես՛ «Հայրենիք» ամսագիր Խբ. տարի, թիւ 7 յուլիս 1964, էջ 47:

****Ստեփան Զօրեան Ժընեւ ապրած է «Միքայէլ» անունով:

Տես՛ «Դիւան ՀՅ Դաշնակցութեան», յաւելուած «Հայրենիք» ամսագրի, հրատ. ՀՅԴ

Ամերիկայի Կեդր. կոմիտէի, խմբ. Սիմոն Վրացեան, Պոսթըն, հ. 1, 1934, էջ 111:

*****ՀՅ Դաշնակցութեան 10-ամեակին առիթով «Դրօշակ»-ի տասնամեակի համարին մէջ գրած է «Հայկական կարմիր խաչ» վերնագրով յօդուած մը եւ «ՆՍ» ստորագրութեամբ («ՆՍ» հաւանօրէն «Նոր Սանասարեան» վարժարանի անունով ԱԳ):

Տես՛ «Ռոստոմ», հրատարակութիւն ՀՅԴ-ի, Պէյրութ, 1979, էջ 621:

բ.- ՀՅԴ մարմիններու եւ դաշնակցականներու կողմէ տարբեր շրջաններու եւ վայրերու տրուած ծածկանուններ, կեղծանուններ:

Այս ցուցակին մէջ յիշատակուած են տեղանուններ` կուսակցութեան հիմնադրութեան օրէն սկսեալ, հասնելով մինչեւ մեր օրերը, որոնք հրապարակուած են դաշնակցական մամուլով, գրականութեամբ եւ յայտարարութիւններով միայն:

Ժամանակի ընթացքին այս անունները անուանափոխուած են: Այդ անուանափոխումները կատարուած են զանազան պատճառներով: Պէտք է ըսել, որ կարգ մը տեղանուններ փոխարինուած են կուսակցական գործունէութեան ընթացքին նահատակուած դաշնակցականներու անուներով:

Տեղին է նշել, որ նոյն անունը կրող կարգ մը այլ շրջաններ ալ գոյութիւն ունեցած են:

Այս բնագաւառին մէջ ընդգրկուած կարգ մը շրջաններու ծածկանուններ կը ներկայացնենք` իբրեւ օրինակ.

Այգեստան – Գանձակի շրջան

Բարձրաբերդ – Կարին

Դաշտ – Կիլիկեան կուսակցական տեղանուն մը

Լեռնավայր* – Կիլիկիա (Հալէպի շրջան)

Լեռնավայր – Փասատենա (ԱՄՆ)

Ծաղիկ** (Կռուածաղիկ, Լիս, Վիշապ) – Պոլիս եւ շրջակայքը

Կռուածաղիկ (Ծաղիկ, Լիս, Վիշապ) – Պոլիս եւ շրջակայքը

Կռուածաղիկ*** – Հոս կը ներառուին Դուրանի (Մուշ) հետեւեալ գիւղերը` Կառնէն, Ջրիկ, Ծափնայ, Առինջվանք, Առինջ, Օղունք, Նորշէն, Սոխում, Ալիզըչնան, Մոկունք, Դերգեվանք, Առաղ, Բերդակ, Հաւատորիկ, Առուարինջ, Խասգեղ, Շմլակ, Քոլոսիկ, Բնդըխներ եւ Մառնիկ:

*Լեռնավայրը, որ նախապէս Կիլիկիոյ կուսակցական տեղանունն էր, Կիլիկիոյ պարպումէն սկսեալ կը ներկայացնէր Սուրիոյ կազմակերպութիւնը (առաջին երկու տասնամեակներուն` Լիբանանը ներառեալ):

Տես՛ Տասնապետեան Հրաչ, «ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր կազմութենէն մինչեւ Ժ. Ընդհ. ժողովը (1890-1924)», Աթէնք, 1988, էջ 172:

**Ծաղիկ (կրճատումը` Կռուածաղիկի), Լիս (կրճատումը` Պոլիսի), եւ անշուշտ Վիշապ մերթ ընդ մերթ կը գործածուէին` իբրեւ Պոլսոյ կուսակցական տեղանուն կամ անոր Պատասխանատու մարմինի ծածկանուն:

Տես՛ Տասնապետեան Հրաչ, «Քրիստափոր Միքայէլեանի նամակները», Պէյրութ, 1993, էջ 398:

***Այս «Կռուածաղիկ» ծածկանունը երկրորդ շրջանի մը ծածկանունն է` իր մէջ ներառելով ընդամէնը 20 գիւղ:

Տես՛  Ռուբէն, «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները», 6-րդ հատոր, էջ 111:

Պէտք է ընդգծել, որ այս բնագաւառին մէջ ներառուած են կուսակցական մարմիններու ծածկանուններն ալ, քանի որ տեղ մը նոյն անուններով յիշուած են իբրեւ շրջան, վայր կամ մեկուսի կոմիտէութեան, կոմիտէութեան կամ կեդրոնական կոմիտէութեան անուն:

Ժամանակի ընթացքին այս անունները եւս անուանափոխուած են:

Ստորեւ կը ներկայացնենք քանի մը օրինակ.

Անդրանիկ – Ֆրեզնոյի (ԱՄՆ) կոմիտէութիւն

Արսէնեան – Տրապիզոնի կոմիտէ

Զոհ – Պոլսոյ կոմիտէ

Համազասպ – Ֆրեզնոյի (ԱՄՆ) կոմիտէութիւն

Հայկանուշ – Թաւրիզի կոմիտէ

գ.- ՀՅԴ մարմիններու ծածկանուններ:

Այս մարմինները այն մարմիններն են, որոնք յառաջացած են ընդհանուր կամ այլ ժողովներու ընդմէջէն:

Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ մարմիններու քանի մը անունները միայն.

– «Հրաւէր» կոմիտէ

– Դաշնակցութեան կամքը ներկայացնող մարմին

– Կովկասեան պատասխանատու մարմին

– Ցուցական պատասխանատու մարմին

– Կեդրոնական զինուորական մարմին կամ զինուորական բիւրօ

դ.- ՀՅԴաշնակցութեան մարմիներու կողմէ կազմակերպուած գործունէութիւններու ծածկանուններ:

Այս ցուցակը կ՛ընդգրկէ բոլոր տեսակի կուսակցական նախաձեռնութիւններ` սկսելով գաղտնի զինագործարանի, մոսին հրացանի եւ կամ այլ կազմակերպուած աքթերու եւ գործողութիւններու անունները` իրենց մանրամասն բացատրութեամբ:

Այդ բազմազան նիւթերու վերնագրերէն հոս կը ներկայացնենք քանի մը հատը միայն.

– Զինամթերք եւ «Ծծման եղանակ»

– «Խարիսխ» զինագործարան

– «Մարդասիրական»

– «Դրախտ» եւ «Կախէթ»

– Ծածկագիր շիֆր` («Մայր Արաքսի ափերով»)

– «Ենիչերի»-ներ

– «Նժոյգի գործողութիւն»

– «Նեմեսիս»-ի գործողութիւն

Բնականաբար շարքը երկար է: Ամէն մէկ խորագրին տակ վստահաբար կայ երկար բացատրութիւն` տուեալ նիւթին շուրջ:

ե.- Կարեւոր ծածկագրութիւններ եւ այլ անհրաժեշտ տեղեկութիւններ:

Այս բաժինը ընդհանրապէս կ՛ընդգրկէ զանազան անուններու բացատրութիւններ, ինչպէս` Ֆետայի կամ Ֆետայիներ, Հայդուկ, Վալադ եւ այլն: Ինչպէս նաեւ` այլ դէպքերու, հաստատութիւններու, կազմակերպութիւններու, շարժումներու կամ գործունէութիւններու բացատրութիւններ: Ահա անոնցմէ քանի մը օրինակ.

«Պզտիկ դէպք»

Կովկասեան նախագիծ

Միհրանական շարժում

«Անջատական շարժում»

«ՀՅ Դաշնակցութեան գործ» կամ «Դաշնակցութեան գործ»

«Հայկական Նիւրեմպերկ»

««Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան ծածկանուններու բառարան»-ի պատառիկներ»-ը եզրափակելով` հարկ կը համարենք ըսելու հետեւեալը. որ այնքան ատեն որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կը գործէ յեղափոխական շունչով աշխարհի ամբողջ տարածքին, հասնելու իր իղձերուն` ամբողջական հողին ու իրաւունքներուն, հետեւաբար պիտի շարունակուի յեղափոխական գործընթացը եւ անոր ընդմէջէն արիասիրտ գործիչներու եւ մարտիկներու ծնունդը` անոնց ծածկանուններով,  ինչպիսին էր երեկ եւ այսօր, նաեւ գալիք բոլոր օրերուն:

Վերջապէս, այս աշխատանքը թող պարտք սեպուի երկիւղածօրէն անոնց սուրբ անունին բիւր-բիւրաւոր, անուանի թէ անանուն, ծանօթ թէ անծանօթ, թաղուած թէ անթաղ, առեւանգուած, ողջակիզուած, կացինահարուած, անձնասպան եղած, կախաղան բարձրացած, քաղաքական բանտարկեալներուն, ողջ թէ մեռած գաղափարակիրներուն, որոնք արժանի դրօշակիրները հանդիսացան եւ մեծագոյն բաժինն ունին եւ մոլեռանդաբար պահելու հաւատարմութիւնը` ՀՅ Դաշնակցութեան անբիծ եւ արիւնոտ դրօշին:

(Շար. 4 եւ վերջ)


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>