Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Լեզուական Կատակերգութիւն

$
0
0

ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ-ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ

Ապարանցին «ականջը կանչէ» արտայայտութիւնը այնքան կը լսէ, որ շլմորած կը մտածէ, թէ իսկապէ՞ս իրավիճակ փոխուած է եւ ականջը` բերնին տեղն անցած:

***

Հմայեակը այնքան հանդարտ մարդ է, որ ամէն տհաճ բան «ականջին ետեւ կը նետէ»:  Հիմա կինը ստիպուած ետեւէն կը դառնայ հաւաքուած բուրգը մաքրելու:

***

Երբ խնամիները աղջկան ձեռքը կը խնդրեն, հայրը վիրաւորուած կ’ըսէ. «Բայց մենք մեր աղջկան միայն ձեռքը չենք տար, եթէ իսկապէս կ’ուզէք, ամբողջութեամբ տարէք զայն»:

***

Օճառները սուղցած են, քանի որ հիմա անոնց պահանջը շատցած է: Պետական պիւտճէն աւելցնելու նպատակով կրճատումներ տեղի կ’ունենան եւ պաշտօնեաներու ոտքերուն տակ մէկական օճառներ կը դրուին:

***

Ապարանցի Վահէն ամբողջ օրը կշիռքը ձեռքը կը պտտի. դուն մի՛ ըսեր, ան իր ծանր օրերը կշռելու ելած է:

***

Արեւմտահայը դրամատուն կը մտնէ եւ կը յայտնէ, որ կ’ուզէ դրամ պառկեցնել իր հաշուին: Սակայն արեւելահայուն շլմորած դէմքը տեսնելով` կը հասկնայ, որ հոս դրամները չեն պառկիր, այլ կը մուծուին:

***

Սուրիացին Երեւան կու գայ եւ կ’իմանայ, որ իր բարեկամը բերդը նստած է: Ապշած կը մտմտայ, թէ արդեօք ժամանակի մեքենայ նստելով` բերդեր ու ամրոցներ գրաւելու դարո՞ւն յայտնուած է:

***

Արեւելահայը վճռած է, որ այլեւս օտար բառեր պիտի չգործածէ իր լեզուին մէջ: Երբ վարորդը կը հարցնէ, թէ ո՛ւր երթայ, «Շրթունքեանի (Պռօշեան) կողքից թեքուէք դէպի Ձիթապտուղ (Զէյթուն)», հաստատակամ կը պատասխանէ:

***

Երկար սպասումէ ետք, ի վերջոյ ամուսնացաւ: Հիմա չորս ոտքով կը քալէ այլեւս:

***

– Սմբուկը քանի՞ կ’արժէ:
– Ի՞նչ ես ուզու՜մ:
– Սմբուկ:
– Հա՜, պատինճա՞ն ես ուզում:

***

Լսած էր` դուռը կը բացուի, պատուհանը կը բացուի, վարագոյրը կը բացուի, նոյնիսկ հեռատեսիլը կը բացուի ու կը գոցուի, բայց երկամեայ Նանորիկին բարբառելուն առթիւ յաճախ կրկնուող «լեզուն բացուեցաւ» արտայայտութիւնը նոր լսեց: Լեզուին բացուիլ-գոցուիլը ո՞րն է®. մտմտաց վեցամեայ Սեւակս:

***

Կարծեց, որ նոր ջուր պիտի տեսնէր, ջուրը չիջած` բոպիկցաւ: Ու ի՜նչ տեսնէ, ջուրի երեսին ջրիմուռներ բուսած են ու կը ծփան: Գլխուն վրայ սառը ջուր թափելէ ետք հասկցաւ, որ բան չէ փոխուած. նոյն ջուրն է նոյն ջաղացը:

Երեւան 2019


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>