ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Լիբանանի մէջ պետութիւնը բազմազգեան ընկերութիւն մըն է,
որուն բաժնետէրերը համայնքներն են:
Նաժահ Ուաքիմ
(Նախկին երեսփոխան եւ քաղաքական
ընդդիմադիր գործիչ)
Վերոյիշեալ խորագիրը կ՛անդրադառնայ կայացած հայրենիքի եւ վեր կ՛առնէ անոր խոր իմաստը, իսկ մէջբերումը, որ ըսուած է վաստակաւոր քաղաքական գործիչի մը կողմէ, այլապէս կ՛ապացուցէ Լիբանան կոչուած հողատարածքի մը խայտաբղէտ պատկերը:
Առաջին ակնարկով` այս ի՛նչ իրար հակասող մտածումներ են, պիտի ըսէ համեստ ընթերցողը, ի՛նչ է անոնց առնչութիւնը, պիտի ընդգծէ մէկ ուրիշը, աւելի՛ն. ինչպիսի՛ բացատրութիւն տալ նման իրերամերժ խոհերու, պիտի արձագանգենք մենք` բոլորս, որ կ՛ապրինք այս փոքրիկ հողին վրայ` ակնկալութիւններով, յոյսերով, յոյզերով եւ երազներո՜վ պսպղուն:
Իսկ ինչո՞ւ զարմանալ ի տես նմանօրինակ երեւոյթներու, որոնց կը հանդիպինք ամէն քայլափոխի թէ օրհասի պահերու, յայտնապէս` քաղաքական ճգնաժամի ատեն, երբ, այսպէս ըսած, պետականութեան կարգն ու սարքը կը տատանի, քաղաքական մտածողութիւնը կը տժգունի, դատաիրաւական համակարգ մը ամբողջ կ՛այլասերի, ընկերային ու տնտեսական բազմաբնոյթ հարցերն ու մտահոգութիւնները կը մնան սեւով սպիտակի վրայ արձանագրուած հաճոյախօսական գրգիռներ, ապագայակերտ ամէն վերլուծում թէ ծրագրային առաջադրանք կ՛անտեսուի, իրաւ աշխատանքի խանդ ու տրամադրութիւն կը ստորագնահատուին, ազգային ու մարդկային պայծառ խորհրդանիշեր ու արժէքներ կը նսեմացուին եւ մասամբ նորին:
Միւս կողմէ, սակայն, հարկ է ընդունիլ ճշմարտութիւն մը, որ խայտաբղէտ պատկերի (հատուածականութեան ախտ) մը ստեղծման ջատագով է նոյնինքն լիբանանցի հասարակութիւնը, որուն ուղեղին ու հոգեաշխարհին մէջ «սրսկուած» վարակը` համայնքայնութիւն-յարանուանութիւնը, դեռ կը շարունակէ աւերներ գործել ներկայ ու ապագայ սերունդներուն հաշուոյն:
Այդուհանդերձ, եւ, հակառակ տարամերժ կեցուածքներու եւ մօտեցումներու, կայ, գոյութիւն ունի կառոյց մը, որ իր մէջ կը խտացնէ հայրենիքի գաղափարը:
Փաստօրէն, լիբանանեան բանակը այն եզակի պաշտպանական համակարգն է, որ կը գործէ պետութեան հովանիին ներքեւ եւ կը վայելէ ժողովուրդին անմնացորդ սէրը, յարգանքն ու նեցուկը:
Այլ խօսքով` անիկա հայրենասիրութեան եւ զոհողութեան դպրոց է, նորահաս սերունդներու ներշնչման աղբիւր ու ապաւէն պիտի մնայ ընդմիշտ:
Այո՛, շնորհիւ այս պաշտպանական կառոյցին Լիբանան երկիրը տակաւին կը շարունակէ շնչել ու ապրիլ, արարել ու դէմ դնել ներքին թէ արտաքին թշնամիներու, որոնք մերթ ընդ մերթ իրենց յարձակողապաշտ թէ խափանարար ծրագիրները ի գործ կը դնեն աւերելու եւ հրոյ ճարակ դարձնելու երկիրը, պարզապէս յագուրդ տալով իրենց կրօնական մոլեռանդութեան, ծայրայեղական նկրտումներուն եւ քաղաքական սին ու վատոգի կողմնորոշումներուն:
Օգոստոսի 1:
Ամէնամեայ տօնակատարութիւն եւ ուխտի վերանորոգում: Եւ ահա մենք մեզ կը գտնենք գեղեցիկ եւ ոգեւորող արտայայտութեան մը դէմ յանդիման:
«Օր մը հայրենիքի հետ» կարգախօս մը, որ, ինչպէս շատ-շատերու, նաեւ մեր ուշադրութիւնը կը գրաւէ: Անմիջական հարցադրումը. ինչո՞ւ մէկ օր եւ ոչ աւելի: Իսկ միջոցառո՞ւմը, դիպաշա՞րը արդէն բարացուցական է ըստ ամենայնի:
Երկու շաբաթ առաջ լիբանանեան ծովեզերեայ քաղաքի մը մէջ տեղի ունեցաւ ցուցադրական միջոցառում մը, որ կը միտէր ծանօթանալ լիբանանեան բանակի տարբեր ստորաբաժանումներու աշխատանքին: Լրատու գործակալութիւններ մեծ շուքով արձագանգեցին իրադարձութեան` ստեղծելով խանդավառ մթնոլորտ:
Մտայղացումը կը պատկանէր հասարակական կազմակերպութեան մը, որ ուզած էր պատեհ առիթը ստեղծել ամբողջ օր մը ըլլալու բանակային տղոց հետ, որոնք, ապաւինած իրենց զինուորական կրթութեան, հմտութեան եւ ուսմունքին կրցան կարգապահ եւ տիպար օրինակներով հանդէս գալ եւ հասարակութեան փոխանցել ռազմական գիտելիքներու եւ աշխատանքներու տեսականի:
Ճիշդ է, որ նման զինուորական ցուցադրութիւններ եղած են յաճախադէպ, որով հայրենիքի զինուորագրեալ տղաները` տարբեր աստիճանաւորումներու տէր, կրցած են ստեղծել այն միջավայրն ու մթնոլորտը, ուր ժողովուրդ մը ամբողջ կ՛ոգեւորուի, կը հպարտանայ եւ անոր յուզաշխարհին մէջ քիչ մը աւելի կ՛ամրապնդուի հայրենիքի հանդէպ սէրն ու նուիրումը:
Այդուամենայնիւ, ընդգծելին կը մնայ այն, որ չկայացած պետութեան մը մէջ, ուր քաղաքական աւատապետութիւնը, լայնատարած փտածութիւնը, կաշառքի եւ հատուածական վարքագիծի գոյութիւնը, Սահմանադրական կարգերու թէ օրէքներու ըստ կամի տնօրինումն ու ձեւաւորումը, այսպէս ըսած, յարանուանական իրաւունքի ձեռքբերման անվերջանալի ու խօլ պայքարները արդէն բաւարար ազդակներ են` ըստ էութեան բնորոշելու ներլիբանանեան կեանքի վիճակն ու կացութիւնը, որ առկայ է եղած, դժբախտաբար, երկրի անկախացումէն (1943թ.) ասդին:
Ի դէպ, մոռացութեան պէտք չէ տալ աշխարհաքաղաքական պատերազմներու թատերաբեմ ըլլալու իրողութիւնը, երբ շատ անգամ Լիբանան դարձած է կռուախնձոր եւ շատ սուղ վճարած` իբրեւ հետեւանք երկփեղկուածութեան եւ ներքին թշնամական հրահրումներու:
Նմանօրինակ քաղաքական ու պատերազմական թոհուբոհի մէջ: լիբանանեան բանակն է եղած այն միակ կռուանը, ամուր պատուանդանը, որուն շուրջ խմբուած է ժողովուրդը եւ կրցած է ձերբազատիլ սադայէլական ծրագիրներէ:
Լիբանան կոչուած երկրի մը մէջ բանակը այն իւրայատուկ կառոյցն է, որ իր մէջ կը կրէ ազգային գաղափարախօսական հիմքեր, որոնցմով կրցած է գոյատեւել եւ վերականգնիլ, այլապէս պաշտպանելով կայացած պետութիւն մը ունենալու բազում սերունդներու երազը:
Փաստօրէն, քաղաքական ու պատերազմական տարբեր փուլերուն, եթէ երբեք յոյսի եւ լոյսի առիթներ են եղած, ապա ատիկա առաջին հերթին կը պարտինք պաշտպանական այս կառոյցին, որուն շնորհիւ քրիստոնեայ-իսլամ լիբանանցին չէ ընկրկած ուժեղ հարուածներուն տակ, չէ յանձնուած պառակտիչ յորձանուտերու, այլապէս միասնականութեան դրօշին ներքեւ տոկացած է եւ աշխատած վաղուան օրուան համար:
Իրօք, ուսադիր կրող զինուորականի թէ շարքային զինուորի կուրծքին վրայ լիբանանեան դրօշի ու տարբեր շքանշաններու ներկայութիւնը խորքին մէջ ազգային գիտակցութեան եւ պատկանելիութեան արտայայտութիւններ են:
Ըսինք, թէ հայրենիք է բանակը, որ իր մէջ կը խտացնէ ազատ ու անկախ պետութիւն մը ունենալու կամքն ու նուիրումի հասկացողութիւնը: Բարեբախտաբար, անոր շարքերուն մէջ անպակաս են եղած ծառայասէր ու ողջմիտ տղաներ, որոնք զերծ մնացած են քաղաքական տկլոր հաշուարկներէ, կրօնական թունաւոր ախտերէ եւ ազգաքանդ հատուածականութենէ:
Վերջին հաշուով` Լիբանանի անվտանգութեան երաշխիքը նոյնինքն ազգային բանակն է, որուն առաքելութիւնը անփոխարինելի է եւ ըստ էութեան` անգնահատելի:
Բանակին շնորհիւ ժողովուրդը կը վայելէ անդորր կեանք եւ ապահով մթնոլորտ: Անոր հսկողութեան եւ հակակշռին ենթակայ են երկրի սահմանները, լեռներն ու քաղաքները: 2017-ին, պաշտպանական այս կառոյցը գերազանցեց ինքզինք, երբ յստակ եւ վճռական որոշումով մը ճակատեցաւ իսլամ ծայրայեղ խմբաւորումներու դէմ եւ բնաջնջեց անոնց որջերը:
Բանակը թիկունք է նաեւ ազգային դիմադրութեան, որ իր կարգին մարտեր մղեց հաւատադրժողական խմբաւորումներու դէմ եւ զգետնեց անոնց զինուորական համակարգը:
Սակայն կայ մետալին միւս երեսը, ողբերգականը, ցաւալին եւ անըմբռնելին: Երբ պետութեան մէջ փտածութիւնը օրկանական երեւոյթի է վերածուած, պետական պարտքի համեմատութիւնը ահաւոր աստիճանի է հասած, ա՛լ ինչ խօսք բանակի զինումին մասին, որ հրամայական պահանջ է դարձած` ամէն ժամանակէ աւելի: Աւելի՛ն. չկայ աւելի ստորնացուցիչ երեւոյթ քան այն, որ հանգստեան կոչուած բանակայիներ փողոց կ՛իջնեն, ցոյցեր եւ բողոքի միջոցառումներ կը կատարեն, պարզապէս պաշտպանելու իրենց նիւթական ու բարոյական իրաւունքները:
Արդարեւ, արդիական բանակ մը ունենալու անհրաժեշտութեան դիմաց չենք ուզեր մոռացութեան տալ կարգ մը պետական այրերու վատոգի կեցուածքը, ուղղակի մերժումը` հզօր բանակ մը ունենալու կոչերուն եւ մտասեւեռումներուն:
Կը մնայ վաւերականը, այն հաստատ համոզումը, որ առանց պաշտպանական բանակի եւ հզօր անվտանգութեան կառոյցներու ի զուր կը հնչեն քարոզաբոյր խօսքերը` հայրենիք պահպանելու եւ ամրակայուած պետականութիւն ունենալու:
Յաջողութեան գրաւականը` ամէն օր հայրենիքին հետ ըլլալն է: