Վրաստան կատարած երկօրեայ պաշտօնական այցելութեան շրջագիծին մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան 24 յուլիսին այցելեց վիրահայոց թեմի Հաւլաբարի Ս. Էջմիածին եկեղեցի, ծաղիկներ զետեղեց եկեղեցւոյ բակին մէջ կանգնած բարերար Ալեքսանդր Մանթաշեանցի արձանին եւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարին դիմաց:
Այնուհետեւ ան հանդիպում ունեցաւ վիրահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Մնացականեան լուսարձակի տակ առաւ Հայաստանի եւ Վրաստանի արդի միջպետական յարաբերութիւնները, որոնք կ՛ընթանան փոխադարձ յարգանքի եւ փոխըմբռնման սկզբունքներով, նաեւ ներկայացուց Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան գերակայութիւնները եւ մարտահրաւէրները, Արցախի հարցի խաղաղ կարգաւորման ուղենիշը:
Նախարարը անդրադարձաւ վիրահայ պատմական համայնքի դերին ու նշանակութեան` Հայաստանի եւ Վրաստանի բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ, շեշտեց կարեւորութիւնը ժամանակակից իրականութեան մէջ համայնքային կառոյցներու գործունէութեան` մայրենի լեզուով կրթութեան, լրատուամիջոցներու, թատերական արուեստի եւ մշակոյթի զարգացման, ազգային աւադոյթները պահպանելու ուղղութեամբ Վրաստանի իշխանութիւններուն կողմէ ցուցաբերուող օժանդակութեան, ընդգծելով երկրի պետական լեզուի տիրապետման անհրաժեշտութիւնը:
Այնուհետեւ ներկաները հարցումներ ուղղեցին նախարարին, Արցախի հիմնահարցի կարգաւորման, Վրաստանի մէջ հայկական եկեղեցիներու իրաւական կարգավիճակին, եկեղեցական յարաբերութիւններուն, դեսպանութեան շէնքի հարցերուն, համայնքային համակարգի վերափոխման, երիտասարդներու գործունէութեան աշխուժացման, հայ-վրացական զբօսաշրջութեան զարգացման մասին: