Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Լիբանանեան Օրագրութիւն (2)

$
0
0

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Յաջորդ օրը` ուրբաթ, 14 յունիս 2019-ին, դարձեալ «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահը կը գտնուիմ, այս անգամ` որպէս հանդիսատես: Դոկտ. Վահէ Թաշճեանի «Օրագիր Եղեռնի ու պայքարի. Շողակաթի մահը Սալամիայի մէջ» գիրքին շնորհահանդէսն է: Կազմակերպողները` դարձեալ «Ազդակ-ն ու Համազգայինի «Գիր եւ գրականութիւն» մասնաճիւղը:

Ներկայ են բարձրաստիճան կղերականներ` յանձինս Շահան արք. Սարգիսեանի եւ Եփրեմ արք. Թապագեանի: Հատորը կը ներկայացնէ Հալէպէն այս առիթով հրաւիրուած Աւօ Գաթրճեանը: Սրտի խօսքեր` հեղինակին եւ Շահան արք. Սարգիսեանի կողմէ, որմէ ետք` գինեձօն եւ գիրքերու մակագրութիւն:

Այդ օր առիթը կ’ունենամ ծանօթանալու հեղինակին:

Հատորէն մակագրուած օրինակ մը կը սկսիմ թղթատել, երբ երիտասարդ մը կը մօտենայ յայտնելու, որ նախորդ գիշեր հատորէս օրինակ մը ապահոված էր, սակայն մակագրել ուզողներուն շարքը երկար ըլլալուն` ստիպուած եղած է մեկնիլ: Կը հարցնէ, թէ քանի մը վայրկեան կրնա՞մ սպասել, որպէսզի երթայ եւ ինքնաշարժէն բերէ գիրքը, որպէսզի մակագրեմ:

Կարճ ժամանակ ետք դարձեալ մօտս է, ձեռքին` հատորէս օրինակ մը:

– Անունս Սարօ Թոնթեան է:

Կանգ կ’առնեմ յուզուած: Դէմս կեցող երիտասարդը սիրելի դասընկերոջս` ողբացեալ Բենօ Թոնթեանին զաւակն է, որ այնքա՜ն կը յիշեցնէ իր հօր երիտասարդութիւնը, իսկ խօսած ժամանակ ձայնը յար ու նման` սիրելի Բենոյին բամբ ձայնին:

– Հեռաձայնով շատեր «խաբած եմ», կը կատակէ Սարօ:

Այն տպաւորութիւնը կ’ունենամ, որ աւելի քան կէս դար չհանդիպած դասընկերս է զրուցակիցս:

Անակնկալ,  յուզիչ, միեւնոյն ժամանակ` հաճելի հանդիպում:

* * *

17 յունիս 2019, իմ եւ ընտանիքիս համար` պատմական օր մը:

Կնոջս եւ տղուս հետ Անթիլիասի մայրավանքն ենք: Մեզ կը դիմաւորէ Եփրեմ արք. Թապագեանը եւ կ’առաջնորդէ վանքի թանգարանը:

Սրբազանը եղած է թանգարանի առաջին տնօրէնը եւ մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ այնպիսի արժէքաւոր սրբութիւններ, որոնցմէ գաղափար իսկ պիտի չունենայինք, եթէ մեզի հետ չըլլար եւ համապատասխան բացատրութիւններ չտար մեր շատ սիրելի սրբազանը:

Պատմական իւղանկարներ, Սիսի Մայր Աթոռէն հրաշքով փրկուած ջահեր եւ սրբութիւններ: Ձեռագիրներ, հոգեւոր զգեստներ, միւռոնի կաթսան, Բարձրբերդի Աւետարանը: Թագաւորական եւ կաթողիկոսական օծման Մայր Մաշտոց, Սիսի համայնապատկերը, նաեւ` արդի արուեստագէտներէն գեղանկարներ:

Թանգարանի մը այցելութիւնը ընդհանրապէս կ’աւարտի հիացմունքով: Այս մէկը տարբեր է նախապէս այցելած թանգարաններէս, ուր բազմաթիւ արուեստի գործեր սիրողական աչքով դիտած եմ, սքանչացած… անցած: Անկեղծօրէն խոստովանիմ, որ արուեստի` գեղանկարչութեան գիտութիւնս այնքան ալ մեծ չէ:

Արուեստի գործ մը դիտելով` ընդհանրապէս կը հիանամ, սակայն չեմ տպաւորուիր: Այդ օրուան տեսածներս լոկ արուեստի գործեր չեն, սրբութիւններ են, որոնք եկած են Սիսի Մայր Աթոռէն` ջահեր, սկիհներ, աւետարաններ, ձեռագիրներ, որոնք կարելի չէ բաղդատել մինչեւ իսկ միջազգային ճանաչում ունեցող արուեստի գործերուն հետ: Հիացմունքին զուգահեռ, յուզում կը պատճառէ, մինչեւ իսկ` պոռթկում, երբ Սիսի Մայր Աթոռը բռնագրաւուած կը մնայ, շատ հաւանաբար` կիսաւեր վիճակի մէջ, իսկ այդ սրբութիւնները հազարումէկ դժուարութիւններով, նաեւ հրաշքով հասած են Անթիլիասի մայրավանք ու ապահով տեղադրուած` հիանալի թանգարանի մը մէջ:

Տպաւորուած` դուրս կու գանք թանգարանէն: Կաթողիկոսարանի մայր դրան մուտքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին ինքնաշարժը մեզ կը սպասէ: Սրբազան հայրը եւ մեզ կը հասցնէ Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքի վեհարանը, ուր մեզ սիրալիր կ’ընդունի Արամ Ա. կաթողիկոսը: Նախապէս ժամադրուած ենք վեհափառին հետ` խորին շնորհակալութիւն յայտնելու վերջերս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ լոյս ընծայուած «Ճամբորդութիւն յիշողութեան մէջ» գիրքիս հրատարակութեան համար: Եփրեմ արք. Թապագեանին շնորհիւ է, որ կարելի եղած է իրականացնել այս պատմական հանդիպումը:

Մօտաւորապէս մէկուկէս ժամ տեւած մտերիմ հանդիպումի ընթացքին կ’արծարծենք հայ մշակոյթը, հայ երաժշտութիւնն ու հայ թատրոնը յուզող հարցեր:

Նորին ս. օծութիւնը  միշտ զօրակցած է հայ մտաւորականներուն եւ արուեստագէտներուն: Վեհափառը հետաքրքրուած է Լոս Անճելըսի հայկական գաղութի արուեստագէտներով: Երաժշտական ասպարէզէս հեռացած եմ աւելի քան 25 երկար տարիներէ ի վեր, փոխարէնը, որպէս սիրողական գրող, իմ համեստ մասնակցութիւնս կը բերեմ հայ գիրի ու գրականութեան եւ այնքա՜ն զգացուած եմ, որ կ’արժանանամ վեհափառ հօր գնահատանքին:

Արեւշատութեան մաղթանքներով հրաժեշտ կ’առնենք կաթողիկոսէն:

Կը վերադառնանք Անթիլիասի մայրավանք, ուրկէ դարձեալ, սրբազան հօր նախաձեռնութեամբ, կ’ուղղուինք գրագիտուհի Շահանդուխտին բնակարանը:

Պատանեկութեանս տարիներէն սկսեալ մեծ հաճոյքով կարդացած եմ իր գործերը: Քանի մը անգամ հեռաւոր Ամերիկայէն հեռաձայնային զրոյց ունեցած ենք, սակայն առաջին անգամն է, որ իրարու կը հանդիպինք:

Շահանդուխտ  հրատարակած է աւելի քան երկու տասնեակ արձակ եւ բանաստեղծական հատորներ, որոնք բոլորը, անխտիր, լայն ընդունելութեան արժանացած եւ գնահատուած են գրասէր հայերու կողմէ, իսկ ներկայիս դադրեցուցած է իր գրական աշխատանքները եւ հարազատ քրոջ մը նման կը քաջալերէ, որ շարունակեմ գրել:

Սրտագին ողջագուրուելէ ետք, արեւշատութեան մաղթանքներով կը բաժնուիմ մեծ գրագիտուհիէն` ես ինծի հարց տալով. «Արդեօք անգամ մըն ալ իրարու հանդիպելու առիթը պիտի ունենա՞նք: Ովկիանոսներ կան մեր միջեւ…»:

* * *

Չորեքշաբթի, 19 յունիս 2019-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ, Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակին առիթով, ապագայ լրագրող Քրիստ Իսկենտերեանի նկարչական առաջին անհատական ցուցահանդէսն է:

«Ազդակ-ի երիտասարդ աշխատակիցներէն է, եւ կ’արժէ գնահատել», կը յուշէ Շահան Գանտահարեան:

Պատրաստուած ենք ճամբայ ելլելու դէպի «Շաղզոյեան» կեդրոն, երբ անակնկալօրէն կը ժամանեն քանի մը ծանօթներ: Ըստ երեւոյթին, մեր օրերու առանց ժամադրութեան այցելելու սովորութիւնը բոլորովին չէ անհետացած: Այս պարագային հասկնալի է: Պէյրութ մեր կեցութեան ժամանակը կարճ է, իսկ ես բազմազբաղ եմ: Գեղարուեստական ձեռնարկներ, տեսակցութիւններ, հարցազրոյցներ` «Վանայ ձայն»-ի, Վարուժ Թէմպէլեանի եւ Հայկազեան համալսարանի հայկական բաժնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանի հետ: Մէկ խօսքով, ժամանակին դէմ պատերազմ յայտարարած եմ, եւ այս պարագային, յաճախ ճակատամարտը կորսնցնողը ընդհանրապէս ես եղած եմ:

Բարեբախտաբար յաջորդ օրը «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ կը հանդիպիմ երիտասարդ գեղանկարիչին, որմէ ակամայ բացակայելուս ներողամտութիւն կը խնդրեմ:

«Գործերս տակաւին սրահէն չեն վերցուած, եւ եթէ ժամանակդ կը ներէ, կարելի է այցելել», կ’ըլլայ անոր պատասխանը, եւ միասնաբար կ’ուղղուինք դէպի «Փիւնիկ» սրահ:

Առաջին ցուցահանդէսն է, որուն միակ հանդիսատեսն եմ, ուստի կ’արժանանամ արուեստագէտին լայն բացատրականներուն:

Արուեստի գործերէն քանի մը հատը Փոլ Կիրակոսեանի ոճը կը յիշեցնէ, սակայն կը տատամսիմ կարծիք յայտնելէ:

Անկեղծութիւնը նշանաբաններէս մին է եւ յանդգնութիւնը կ’ունենամ յայտնելու կարծիքս:

Կը ժպտի: Նախորդ օր  ցուցահանդէսին ներկայ գտնուող արուեստի արհեստավարժ քննադատներ եւս արտայայտուած են այդ մասին, սակայն Քրիստ Իսկենտերեանը Փոլ Կիրակոսեանին գործերը չէ ճանչցած: Երբե՛ք չէ ներշնչուած անոնցմէ, քանի չէ տեսած անոր գործերը: Ինծի նման` շատեր նկատած են այդ ոճի նմանութիւնը:

Շատերէ լսելէ ետք իր եւ Փոլ Կիրակոսեանի գործերուն որոշ նմանութեան մասին, ուսումնասիրած է վերջինին գործերը եւ` նկատած, որ Փոլ Կիրակոսեան նկարագրած է իր ծննդավայրի` Պաղեստինի կիները, որոնք թրքական լաչակ կը կրեն, մինչ Քրիստ Իսկենտերեանի երեւակայած կիները` հայկական շղարշ:

Իր գործերուն թեման եղած է անապատի մէջ հայոց տարագրութիւնը: Հարիւրաւոր տարագիրներու շարքը, մէկ առ մէկ դէմքեր գծելը անկարելի է: Անոնք «անդէմ» են, ուր երեւակայութեամբ կարելի է տեսնել անոնց չարչարանքը:

Քրիստ Իսկենտերեանը, ճարտարապետութեան ուսանող է: Գեղանկարիչ եւ «Ազդակ»-ի ապագայ լրագրող: Բազմատաղանդ երիտասարդ մը, որ միաժամանակ ներդրում կ’ունենայ գեղարուեստին, հայ մամուլին եւ, ո՞վ գիտէ, շատ հաւանաբար օր մը, ճարտարապետութեան խողովակով, նաեւ` հայ ճարտարապետութեան:

Լոս Անճելըս, 2019
(Շար. 2)


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>