Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Լիզպոն` Հաւատքի Գերագոյն Դրսեւորում

$
0
0

Լիզպոնի ողջակէզներուն ինքնազոհաբերումի օրինակը ոչ միայն հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն նկատմամբ միջազգային անտարբերութեան եւ պատմական ճշմարտութիւնները գլխիվայր շրջող թրքական ապատեղեկատուութեան ուղղուած հարուած մըն էր, այլեւ հայութեան յղուած պատգամ մը` անոր պայքարի ոգին ամրապնդելու, սեփական ուժերուն նկատմամբ հաւատքը վերականգնելու համար:

Հաւատքի վերականգնում…

Հաւատք` մեր ժողովուրդի զանազան կարելիութիւնները ճիշդ պահուն, ճիշդ ձեւով օգտագործելու:

Հաւատք` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտման ճամբան քար առ քար կառուցելու:

Հաւատք` մեր իմացական կարողութեան եւ բազուկի ուժին վստահելու:

Հաւատք` մեր ժողովուրդի յեղափոխական ոգին արթուն պահելու:

Հաւատք` մշտապէս նորոգուելու եւ ժամանակին յարիր զէնքը հնարելու:

Լիզպոնի հինգ հերոսներուն հաւատքը այնքան մեծ էր, այնքան կայուն ու անպիղծ, որ մղեց զիրենք պայքարի իրենց ձեւն ու միջոցը ընտրելու, իրենց գարուն կեանքին իսկ գնով:

Անոնց օրինակը եթէ սահմռկեցուցիչ էր օտարին համար, հպարտութիւն կ՛առթէր հայուն: Հպարտութիւն` ոչ թէ քաջագործութեան մը նեղ սահմանին մէջ դիտելու Լիզպոնի հինգին սխրանքը, այլեւ` ապառաժներ ցնցող անոնց հաւատքին ուժը զգալու, անով գօտեպնդուելու, մեր հաւաքական կեանքի վերազարթնումին ի նպաստ հաւատքի այդ ուժէն գէթ քանի մը կաթիլ սրսկելու մեր միջավայրին մէջ  ու Լիզպոնի պատգամը ըմբռնելու:

Տակաւին` թերահաւատներուն պայքարելու ուժ ներշնչելու, օտարամոլներուն նայուածքը դէպի հայկականութիւն յարելու, հայ քաղաքական միտքը արթուն պահելու, որպէսզի իւրաքանչիւրը իր ժամանակին, իր միջոցներով լծուի պայքարի` փոքր քայլերն իսկ արժեւորելով:

Լիզպոնի հինգ ողջակէզները` Արան, Վաչէն, Սիմոնը, Սեդրակը եւ Սագոն իրենց կեանքին լոյսը տուին կոյրերուն, Հայկական հարցէն անտեղեակ հաւաքականութիւններուն, թուրք թէ օտար: Այդ տարիներուն սկսաւ աճելու կորսուած արդարութեան մը նկատմամբ հետաքրքրութիւնը` թրքական եւ եւրոպական միջավայրերու մէջ: Անոնց հայրենասիրութեան կրակով բոցավառեցան սիրտեր, բացուեցան պայքարի նոր ուղիներ:

Լիզպոնի դէպքէն տարիներ ետք, Հայաստանի անկախութիւնն ու Արցախի ազատագրումը վերջնականապէս ձերբազատեցին մեզ զոհի հոգեբանութենէն ու ստեղծագործ հայուն, ազատ հայուն սխրալի ուղին բացին:

Այդ ուղիին վրայ արձանագրուած յաղթանակներու հանրագումարը պիտի հանդիսանայ մեր խոնարհումը Լիզպոնի տղոց յիշատակին ընդառաջ, Արցախի նահատակներուն ընդառաջ:

Հաւատքով նետուած իւրաքանչիւր քայլն է, որ կը պտղաբերի, կ՛արդիւնաւորուի, իսկ անհաւատ գործը ժամանակաւոր խանդավառութեան մը պղպջակներուն նման` անհետք ու անպտուղ կը մնայ:

Լիզպոնի հինգ հերոսները գերագոյն անձնազոհութեան ուղին հաւատքով ընտրեցին` անմահանալով բոլոր ժամանակներու թերահաւատները զգաստութեան հրաւիրելու:

Յարգանքով ու հպարտութեամբ կ՛ոգեկոչենք անոնց յիշատակը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles