Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Ազերիական Ախորժակները Զսպելու Պայքար

$
0
0

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Տարիներ առաջ, Ազրպէյճան Արցախի օդակայանի վերաբացման նախօրէին սպառնացած էր քաղաքացիական թռիչքները ռմբակոծել` արգելք հանդիսանալու համար օդակայանի գործարկումին: Այն ժամանակ նախագահ Սերժ Սարգսեան բուռն կերպով հակազդած էր ազերիական սպառնալիքին եւ` յայտարարած, թէ ինք պիտի ըլլայ Երեւան-Արցախ առաջին ճամբորդը. այսուհանդերձ, հայկական կողմը չէր կրցած յաղթահարել այդ սպառնալիքը` հակառակ երկրի նախագահին յոխորտանքին:

Անցեալ շաբաթ, շնորհիւ Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի ջանքերուն, քոնկրեսական Շըրմըն քուէարկել տուաւ բանաձեւ մը, որ ամերիկեան կառավարութեան կ՛արգիլէր Ազրպէյճանին ծախել ռազմական միջոցներ, որոնք կրնան գործածուիլ Արցախի օդակայանի քաղաքացիական օդանաւերուն վրայ կրակելու նպատակով: Թէեւ Ազրպէյճան պէտք չունի ամերիկեան ռազմամթերքի` խոցելու համար Արցախի քաղաքացիական թռիչքները, այսուհանդերձ, բանաձեւը Միացեալ Նահանգներու կողմէ ազդարարութիւն մըն է Ազրպէյճանին, զայն սաստելու ձեւ մը` ուղղուած անոր ռազմական ախորժակներուն ու հռետորաբանութեան:

Անցեալ շաբաթ Միացեալ Նահանգները արձանագրեցին երկրորդ հայանպաստ նախաձեռնութիւն մը, այդ եւս` Հայ դատի ջանքերով. Քոնկրեսին մէջ Չուի բանաձեւի որդեգրումով, որ կը պահանջէր Արցախ-Ազրպէյճանի սահմանի հսկողութեան համար դիտարկումի սարքեր զետեղել` նուազեցնելու համար սահմանային լարումը եւ մահացու միջադէպերը: Պահանջ մը, որ մասնաւորապէս ապրիլեան պատերազմէն ետք յաճախ ներկայացուած էր հայկական կողմէն, սակայն ցայսօր թուղթի վրայ մնացած էր:

Արցախի եւ Հայաստանի ի նպաստ այս բանաձեւերը եկան հակակշռելու ֆրանսական կառավարութեան կողմէ Ֆրանսա-Արցախ քոյր քաղաքներու բարեկամութեան ուխտերը արգիլող դատավճիռը եւ Պաքուի մէջ 30 յունիսէն 10 յուլիս, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան խորհուրդի 43-րդ նստաշրջանին գումարումը: Այս երկուքը ազերիական դիւանագիտութեան կարեւոր ձեռքբերումներն են, որոնք ցոյց կու տան հայեւազերիական հակամարտութեան բազմաթիւ ծալքերը` ռազմականէն մինչեւ դիւանագիտականն ու քարոզչականը. Հայաստանի ներքաղաքական հակադրութեանց պայմաններուն մէջ աւելի հրամայական կը դառնայ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք սերտ գործակցութիւնը` կարենալ դիմակայելու համար Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ տեւական յարձակումներուն եւ սպառնալիքներուն:

Ֆրանսայի մէջ պայքարի նոր էջ մը բացուեցաւ Մաքրոնի կառավարութեան կողմէ Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան ուխտերու դատական ջնջումով: Անցեալ շաբաթ հանրային ցոյցի կոչով առաջին փորձ մը կատարեցին նորսերունդականները: Աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է համագործակցութեան ռազմավարութեան մը մշակումը` թէ՛ ներհայկական, թէ՛ ֆրանսահայկական մակարդակներով, հակակշռելու համար ազերիական կառավարութեան հակահայ քաղաքականութիւնը:

«Նոր Յառաջ»


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles