Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Նոր Սրբավայր

$
0
0

ԵՐՈՒԱՆԴ ԳԱՐԱՃԵԱՆ

Յաւերժ անմար հինգ ջահեր կան
Սրբավայրին մէջ այդ նոր,
Որոնց մէջն հինգ հայ սուրբերուն
Կը վառի արիւնն ամէն օր:

Սրբավայրէն այդ հեռաւոր,
Սրտին վրայ Լիզպոնի,
Այդ ջահերը լոյս կը սփռեն
Չորս ծագերուն աշխարհի:

Ազատութեան լոյսն է այդ վառ
Բռնութեան դէմ խաւարին,
Եւ բարբարոս ցեղասպանին`
Ազդ մը մխուած իր գանկին:

Ուր որ հայու բեկոր մը կայ,
Հայու սիրտ մը բաբախուն,
Ուժ կ՛առնէ այդ լոյսէն անմար,
Կորով, հաւատք աննըկուն`
Թէ պիտ կերտէ հայն անպայման
Իր լուսաշող ապագան:

Անոնք էին հայրենասէր
Հինգ քաջարի պարմաններ,
Որ իրենց կեանքը թանկագին
Մատաղ բերին հայ բագինին,
Մատաղ բերին, որ յաւիտեան
Ապրի հայը անսասան:

Հայորդիներն, այդ գերագոյն
Զոհաբերման հուսկ պահուն,
Ի՞նչ տեսան եւ ի՞նչ ըզգացին,
Երբ մահն անմահ գրկեցին:

Ակնարկն անոնց վըրիժավառ
Տեսաւ ջարդ ու կոտորած,
Տեսաւ կոյսեր բռնաբարուած
Ու մանուկներ սրահար:
Հայու գիւղեր տեսաւ ճարակ
Հուր ու ծուխի, ու ողջ-ողջ`
Տեսաւ հայեր գերեզմանուած
Եւ խողխողուած ազգ մ՛ամբողջ,
Հայաստանը տեսաւ համակ
Հայու արեան մէջ խրուած…

Եւ հերոսներն այդ ըզգացին,
Թէ ապրիլ այս կեանքն դաժան,
Չ՛արժեր առանց ազատութեան
Եւ առանց տան հայրենական.
Հարկ է ուստի զարնել կրկին,
Ո՛ւր ալ ըլլայ նենգ թշնամին:
Տանիլ պայքար խիստ, յարատեւ
Մինչեւ ծագի հայուն արեւ.
Մինչեւ Հայը որ տիրանայ
Հայրենիքին իր հընօրեայ,
Եւ հողին վրայ իր սրբազան
Պահէ անմար ջահն հայկական:

Մահն էր թէեւ անոնց առջեւ,
Բայց պարուրուած ազատութեան
Գոյներով վառ` ան էր թեթեւ
Ու ցանկալի, առաւօտեան
Ինչպէս շողըն արշալոյսի,
Ինչպէս գորովը մայրական…

Ապրելու իղձն անոնց վառ էր,
Կային տենչեր, կային սէրեր
Անոնց սրտին մէջ եռանդուն,
Եւ ապագան կար վարդագոյն,
Անրջական երգով խօսուն:
Բայց մանաւանդ իրենց ազգին
Անիրաւուած, կար կոչն ուժգին
Կանչը արեան` բոլոր արթուն
Մեռելներուն, որ տակաւին
Հայուն սրտին մէջ կը յածին:

Ուստի մոռցած սէրը կեանքին,
Վայելքները անցողական,
Մոռցած նոյնիսկ մայր սիրական,
Հայր, քոյր, եղբայր, ընկերային
Հաճոյք զուարթ, Մահն ընտրեցին,
Մահը, որ միշտ մընայ անմահ
Իրենց ազգը հընամեայ:

Յաւերժ անմար հինգ ջահեր կան
Բագինին մէջ այդ հեռաւոր,
Որ սրբավայրն է հայու նոր:
Ամէն այն տեղ ուր կայ թափուած
Հայու արիւն, ուր կայ դադրած
Սրտի տըրոփ, շունչ հայկական,
Հո՛ն ամէն օր պէտք է երթան
Հայերն բոլոր եւ հաղորդուին
Այդ ջահերուն լոյսովն անշէջ,
Կեանք փնտռելով այդ լոյսին մէջ:

16/7/1984

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles