Ամառնային շրջանի հանգիստի մթնոլորտին մէջ ամէն տեսակի զբաղումներու հետ կը նուազի նաեւ մեր գաղութի գործունէութիւնը: Համախմբուելու առիթները սակաւաթիւ են, իսկ վարչական սեղաններուն շուրջ գործունէութիւնը եւս կ՛ազդուի վարչականներու արձակուրդի բնական ու տարրական մարդկային պահանջէն:
Ընդհանրապէս, ամառնային հանգիստի մթնոլորտին մէջ, անտրամադիր կ՛ըլլանք մտածելու վերամուտէն ետք բոլոր այն մարտահրաւէրներուն մասին, որոնք մեր ազգային եւ հասարակական կեանքի անբաժան մասնիկները կը կազմեն: Կը նախընտրենք այդ տեսակի մտածումները ձգել վերամուտին, մինչ այն ժամանակ եւս առօրեայ աշխատանքներու հեւքի մէջ դարձեալ մտնելով` վերարժեւորման ու վերանորոգման մտահոգութիւնները յաճախ կը մնան մեր մտածումներու մութ սենեակներուն մէջ:
Մեր գաղութի ազգային եւ հասարակական գործունէութիւնը, ինչպէս նշմարուած է ամէն տեսակի կենդանի եւ գործուն հաւաքականութիւններու պարագային, մշտապէս կը կարօտի մտածելակերպի ու գործելաձեւի վերընձիւղման: Անիկա հրամայական եւ անյետաձգելի պահանջ մըն է, մանաւանդ երբ սփիւռքեան իրականութեան մէջ կարելի չէ պատահականութեան ձգել մեր համայնքային բազմաշերտ կեանքի հինգ, տասը կամ քսան տարի յետոյ իրավիճակներու կանխատեսումը:
Մեր համայնքային գործունէութեան գլխաւոր մարտահրաւէրները` հայապահպանման, այլասերումի դիմագրաւման, ազգային դաստիարակութեան, կրթական համակարգի, նոր սերունդի կազմաւորման, միութենական եւ ակմբային կեանքի ծաղկումին, անոնց կազմակերպական հզօրացման, յարմար մարդուժի պատրաստութեան, ժողովուրդին հետ մնայուն շփման մէջ մտնելու ու անոր բազկերակին տրոփիւնները զգալու ամէն տեսակի մտահոգութիւնները այսօր կը կարօտին լուրջ վերարժեւորման: Եթէ այդ հիմնախնդիրներուն վրայ աւելցնենք նաեւ յունահայ համայնքի թուական պատկերը ու կազմակերպ կեանքէն հեռու մնացած հազարաւոր հայրենակիցներու (յատկապէս` Հայաստանէն արտագաղթած) դառն իրականութիւնը, այս բոլոր հարցերը դիմագրաւելու համար հրամայական կը դառնայ հաւաքական մտածողութեան զարգացման պահանջը, որուն վրայ հիմնուած պիտի ըլլայ որեւէ արմատական փոփոխութեան եւ վերակազմակերպման հոլովոյթը:
Հետեւաբար ամրան հանգիստի շրջանը «անշարժութեան» մթնոլորտէն մեզ դուրս հանելու առիթ մը պէտք է հանդիսանայ: Չսպասենք վերամուտին, այնպէս, ինչպէս աշակերտ մը անտրամադիր կ՛ըլլայ դուրս գալու ամրան արձակուրդի մթնոլորտէն եւ ազդեցութենէն:
Հիմա ժամանակն է, որ ամէն մէկ վարչական պատասխանատու անձ խորհի վերեւը նշուած կենսական հարցերուն մասին, ապա լուծումներ մշակէ գալիք վերամուտին զանոնք հիմնական օրակարգերու հաւաքական քննարկման ու նորաձեւ լուծումներուն ուղիին մէջ դնելու համար:
Վերամուտը մեզ պէտք է գտնէ կազմ ու պատրաստ` առանց աւելորդ յապաղումի: