Սենարիոն կը յիշեցնէ դարաշրջանի սկիզբը Իրաքի վրայ կատարուած ներխուժումն ու ղեկավար Սատտամ Հիւսէյնի տապալումը` պատրուակ ունենալով 11 սեպտեմբեր 2001-ի ահաբեկչական արարքները:
Այս անգամ թիրախը Իրաքի դրացի եւ, 1978-ի շահի վարչակարգին տապալումէն ի վեր, Միացեալ Նահանգներու ոխերիմ թշնամի Իրանն է: Սակայն դժբախտաբար, գոյութիւն ունեցող քաղաքական իրավիճակէն աւելի, դէպքերու վերջին զարգացումները աւելի կապ ունին անհատական հաշիւներու եւ նոյնիսկ քմահաճոյքի հետ:
Աւելի դիւրին ձեւով կարելի է բացատրել: Իրանէն աւելի` Թրամփը ջղայնացնողն ու զայրացնողը Սպիտակ տան նախկին վարձակալ Օպաման է` սկսելով երկրի ընկերային հարցերէն` առողջապահական ապահովագրութենէն մինչեւ կենսոլորտի պահպանում ու հասնելով մինչեւ միջազգային յարաբերութիւններ եւ արտաքին քաղաքականութիւն:
Հարցը կարելի է դիտել հետեւեալ ձեւով: Եթէ Օպամա իր նախագահութեան օրերուն սպառնացած ըլլար Իրանի, հաւանաբար Սպիտակ տան ներկայ վարձակալը ամէն ճիգ պիտի թափէր վերստին շփումներ հաստատելու եւ պատժամիջոցները մեղմացնելու:
Դժբախտաբար դրութիւնն ու կացութիւնը տարբեր էին: Օպամա յատկապէս իր երկրորդ քառամեակի վերջին օրերուն կրցած էր «լեզու գտնել» ու բանակցիլ Թեհրանի հետ` խոստանալով վերացնել տնտեսական արգելքները: Հետեւաբար այս պարագային Թրամփի եւ հետզհետէ նօսրացող իր անմիջական միջավայրին մէջ ստեղծուած էր միջազգային բնոյթ ունեցող «Իրանեան Օպամաքեր» մը:
Դիտորդին համար դիւրին էր կռահել ու եզրակացնել, թէ դէպքերը ինչպէ՛ս պիտի ընթանային: Հորմուզի նեղուցին մէջ քարիւղատար նաւերու վրայ յարձակումներ եւ դեռ աւելի` Ճիպրալթարի նեղուցին մօտ իրանական քարիւղատարի մը գրաւումը այն պատրուակով, որ կ՛ուղղուի դէպի Սուրիա…անհասկնալի ուղեւորութիւն կամ աւելի ճիշդը պատրուակ, պարզապէս երբ աշխարհագրականօրէն նկատի ունենանք, թէ Ճիպրալթարը որքա՜ն հեռու է Սուրիայէն եւ Իրանէն:
Շարունակելով սենարիոն, այնքան զայրացած է Սպիտակ տան ներկայ վարձակալը, որ չեղեալ կը նկատէ քանի մը տարի առաջ պատժամիջոցները մեղմացնող համաձայնագիրներ, որոնց կարգին` յատկապէս հիւլէականը: Թեհրանի պատասխանը արագ էր: Որոշում տրուեցաւ կրճատել հիւլէական համաձայնութեան յանձնառութիւնը` բարձրացնելով իւրանիոմի աւելի բարձր համեմատութեամբ հարստացումը:
Այսպէս, Թրամփ դուրս գալով Իրանի հետ կնքուած միջազգային համաձայնագրէն` նոյնքան սպառնական ոճով կը սպառնայ պատժել այն երկիրները, որոնք կը շարունակեն Իրանի հետ տնտեսական կապեր ունենալ: Բնականաբար այս «նոն կրաթա»-ի ցանկին վրայ է նաեւ հիւսիսի սահմանակից Հայաստանը, որ դեռ քանի մը ամիս առաջ յատուկ համաձայնագիր մը կնքած էր երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող ուժանիւթի, բնապահպանութեան, փոխադրութեան, ելեւմուտքի, առեւտրական-տնտեսական, կրթութեան, մշակոյթի եւ շարք մը այլ ոլորտներու մէջ:
Բնականաբար անակնկալ մը չէր, երբ աշխատանքային այցելութեամբ Ուաշինկթըն ժամանած Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանը իր ելոյթին ընթացքին ամենայն տրամաբանութեամբ յայտարարած էր, որ Հայաստան չի կրնար հրաժարիլ ամերիկեան պատժամիջոցներու ենթակայ Իրանէն բնական կազ գնելու ընտրանքէն:
Նկատի ունենալով Սպիտակ տան մէջ ներկայ կացութիւնը, այսինքն` Թրամփեան քմահաճոյքը, մետասաներորդ պահուն այլ թնճուկ մը կրնայ մոռացութեան մատնել այս «Իրանեան Օպամաքեր»-ը: