ՄԱՆՆԻԿ ՊԷՕՐԵՔՃԵԱՆ-ԱՇՐԵԱՆ
Մահու եւ կենաց հարցականները, որոնք յաճախ կը զբաղեցնեն մարդկային ուղեղը, կարծես ներխուժեցին յանկարծ մտքիս մէջ, երբ տեղեկացայ ընկ. Յովսէփի վաղաժամ մահուան գոյժը:
Մարդ արարածս, ըլլայ ան հաւատացեալ քրիստոնեայ, անաստուած կամ այլ կրօնի պատկանող, միշտ ալ գիտակցօրէն կամ նոյնիսկ իր ենթագիտակցութեան մէջ, զգալով իր մարդկային էութեան սահմանափակ իրողութիւնը, կը փորձէ ըմբռնել կեանքի իմաստը եւ ըստ այնմ ընտրել երկրային իր ճանապարհը:
Ինչպէս կ՛ըսէ Նիքոս Քազանծաքիս` «Կու գանք մութ անդունդէ մը եւ կը յանգինք մութ անդունդի: Միջանկեալ լուսաւոր շրջանը կը կոչուի կեանք: Այդ շրջանին երկու ուղղութիւններ իրարու դէմ կը պայքարին`
– առաջինը` դէպի ստեղծագործ կեանք ու յաւերժութիւն,
– երկրորդը, նիւթեղէնին կառչելով, դէպի քայքայում ու մահ»:
Մեր հանգուցեալ ընկերոջ կորուստի վիշտը մասամբ թերեւս մեղմացնող իրողութիւն է, դժուարին, բայց դէպի յաւերժութիւն առաջնորդող առաջին ուղիին հետեւելու իր ընտրանքը:
Բոլոր զինք ճանչցողները նկատած են, որ ընկ. Յովսէփը տեսլական ունեցող եւ գործնականին ընդմէջէն անոր իրագործման համար անխոնջ պայքարողներու փաղանգին կը պատկանէր: Այս մասին արդէն գրուած է, ու վստահաբար տակաւին լոյս պիտի տեսնեն այլ գրութիւններ եւս` իր ազգանուէր ծառայութեան հետ առնչուած:
Ես պարզապէս, որոշ յատկանշական յուշերու ընդմէջէն, պիտի փորձեմ յարգանքի համեստ տուրք մը մատուցել նուիրեալ ընկերոջ մը յիշատակին:
Առիթը չէի ունեցած զինք կանուխէն ճանչնալու, հաստատուած ըլլալով, 1966-ին ամուսնութենէս ետք, հիւսիսային Յունաստանի Քաւալա քաղաքը:
Մեր գործակցութիւնը սկիզբ առաւ 80-ական թուականներուն, երբ արդէն ընտրուած էի Թեմական ժողովի առաջին կին պատգամաւորը (այսօր` երեսփոխան) եւ ստանձնած էի նաեւ «Ազատ Օր»-ի Քաւալայի թղթակիցի պաշտօնը: Յաճախակի թղթակցութիւններով, երբեմն ալ յօդուածներով կը ջանայի աշխուժ պահել մեր համայնքը եւ կեդրոնին հետ կապը:
Ընկեր Յովսէփը իր փորձառութեամբ ու բծախնդրութեամբ, երկա՜ր տարիներ մեր շրջանի փոքրաթիւ գաղութներուն կողքին գտնուեցաւ` առանց երբեք անտեսելու նահանջը մերժող եւ ազգային գոյատեւման համար ճակատագրէն անդին պայքարող մեր համայնքները, ներառելով զանոնք, իրենց պայծառ անցեալով եւս, «Ազատ Օր»-ի բացառիկ թիւերուն ուսումնասիրութեանց շարքին:
Խմբագրի իր պաշտօնին զուգահեռ, իբրեւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ատենապետ, տեղական մարմիններու հետ գործակցաբար, յաջողած է ապահովել երգչախումբի եւ պարախումբի մասնակցութիւնը մեր շրջանի կարեւոր ձեռնարկներու պարագային, ինչպէս` ապրիլեան յուշատօներու:
Անմոռանալի պիտի մնան յատկապէս, ոչ միայն մեզ համար, այլ նաեւ` յոյն հասարակութեան համար, 2001-ին Քրիստոնէութեան 1700-ամեակի փառաշուք տօնակատարութիւնները Քաւալայի եւ Քսանթիի մէջ երգչախումբի, իսկ Քոմոթինիի եւ Ալեքսանդրուփոլիսի մէջ պարախումբի ելոյթներով:
Յստակ կը յիշեմ կազմակերպչական կարգապահութիւնը, բայց եւ մեր ընկերոջ հայրական կամ եղբայրական գուրգուրոտ վերաբերումը` բոլոր երիտասարդներուն հանդէպ:
Յիշողութեան արժանի է նաեւ մեր հանդիպումը Սերրեսի մէջ` յատուկ առաքելութեամբ:
Ընկեր Յովսէփի նախաձեռնութեամբ դարձեալ, լուսահոգի ընկ. Վահէ Աւետիսեանին հետ, իբրեւ Ազգային վարչութեան հիւսիսային Յունաստանի ներկայացուցիչներ, ներկայ գտնուեցանք Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի անդամական հաւաքոյթի մը. երեքս ալ, մեր պաշտօններու հանգամանքով, խօսեցանք արտագաղթի պատճառով Սերրես հաստատուած մեր հայրենակիցներուն` շեշտելով սփիւռքի մէջ ազգապահպանման անհրաժեշտութիւնը` միասնական ճիգերով եւ Համազգայինի լուրջ դերը այդ ծիրէն ներս:
Ընկեր Յովսէփ, ամէն անգամ որ կը ստանձնէր պատասխանատուութիւն մը, կը մշակէր նպատակասլաց ծրագիրներ եւ անոնց իրագործման կը ձգտէր` փոխանցելով գործակցութեան իր վարակիչ ստեղծագործ աշխուժ ոգին: Յաճախ, երբ կ՛ըսէի իրեն` «երիտասարդները ոգեշնչող խօսքի կարիքը ունին», կ՛ոգեւորուէր: Իր սիրելի արտայայտութիւնն էր, եւ ինք միշտ պատրաստ էր իր ներդրումը ունենալու այդ ուղղութեամբ:
Զանազան առիթներով մեր գործակցութենէն ունեցած տպաւորութիւններէս վերջինը պիտի մնայ միշտ յուզիչ զգայնութեամբ յիշողութեանս մէջ:
Հայաստան-սփիւռք 2017-ի 6-րդ համաժողովին էր, երբ մեր պաշտելի հայրենիքի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ մասնակից դարձանք ժողովներու, զրոյցներու, ազգային սրբավայրերու այցելութիւններու, տպաւորիչ համերգներու: Նոյն պանդոկին մէջ ըլլալով` ամէն վայրկեան կը զգայի ընկ. Յովսէփին եւ իր կողակից սիրելի ընկերուհի Մայտային բացառիկ ընկերական ու մարդկային ուշադրութիւնը:
Վերջապէս, երբ իրենք որոշած էին մասնակցիլ դէպի պատմական Հայաստան կազմակերպուած ճամբորդութեան մը, երբեք պիտի չմոռնամ լուսահոգի ընկերոջս պնդումները` իրենց ընկերակցելու, մինչեւ վերջին պահը. «Գիտեմ, որ շատ կը փափաքիս կոխել մեր պատմական հայրենիքի սուրբ հողերը: Եկուր` «այո՛» ըսէ ընկերուհի Մաննիկ, մենք կողքիդ ենք»:
«Շնորհակալ եմ շատ, ընկ. Յովսէփ, ցաւօք սրտի, հոգիս յօժար է, բայց մարմինս տկար», պատասխանեցի:
Ինք, սակայն, իր «Պատմական Հայաստանի աւանդներու հետքերով» գրքոյկով ոչ միայն զիս, այլ բոլոր ընթերցողները մասնակից դարձուց ամէն հայու համար բաղձալի այդ ուխտագնացութեան: Առաջնորդելով մեզ քայլ առ քայլ անցեալի ու ներկայի իրավիճակին պատմական բծախնդիր ուսումնասիրութեամբ մը` կարծես տարաւ բոլորս իրեն հետ, թէկուզ` մտքով ու հոգւով:
Ճիշդ այդպէս ալ մեր մտքերուն ու հոգիներուն մէջ պիտի մնայ յաւերժութեան ուղին ընտրած ընկ. Յովսէփի յիշատակը:
Յաւիտենական հանգիստ` իր հոգւոյն, խորին վշտակցութիւններ եւ Սուրբ Հոգւոյ մխիթարութիւն` իր հարազատներուն:
Թաղուեցաւ թէեւ իր անշունչ մարմինը, բայց ինք իր զգալի բացակայութեամբ պիտի ըլլայ միշտ մնայուն ներկայ աշխարհիկ կեանքը իմաստաւորող տեսլապաշտ ծառայասիրութեան` իբրեւ օրինակ նոր սերունդներուն: