Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13205

Դժուար Մանկութիւն Ունեցող Նուիրեալին` Յովսէփ Պարազեանին

$
0
0

ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ Կ.

Խոցուած էր, լոյսն եւ ուրախութիւնը` մանկական ուրախութիւնը փնտռել-տեսնելու նոյնինքն իղձին, այրած ըլլալով…

Խոցուած էր ծայրայեղ թշուառութեան արհաւիրքներէն, յամեցող մանկական բարիքները չտեսած ըլլալու ոտնակոխուած իղձէն, այրող իր սրտէն…

Երեխայական կեանք մըն իսկ երեւակայելու լիութենէն լրիւ զրկուած ըլլալէն…

Ու շատ շուտով «մեծցած», «հասունցած» ըլլալու չքմեղանքով մը պարուրուած ըլլալով` իր լաւագոյնը ամբողջ հոգիով նուիրեց սնուցած ու ճանչցած իր ժողովուրդին…

Հոն ճառագայթիլ փորձեց. հոն արիւնելով ու ապա ընդարձակուելով` մշտանորոգ վաստակով մը, «խորհրդանիշ»-ը դարձաւ սփիւռքի մեր մամուլին մէկուն` «Ազատ Օր»-ին:

Մեծ հաւատարմութեամբ, անդուլ ճգնութիւն-տքնութեամբ մը ընկերացաւ անոր, ու իր պաշտամունքին, գուրգուրանքին առարկան դարձնելով զայն, ան ալ իր կարգին, անցեալին անոր ծառայող «սուրբերու հոյլին»` Վազգէնին, Ահարոնին, Արմէնին բազմահրաշ բարեմասնութիւններէն մեծապէս պատուաստուած` շարունակեց երթն անոնց առաքելատիպ…

Հաւանաբար այս հոգեվիճակին ծնունդ տուող ու զայն պատրաստող պատճառներէն մէկն ալ վստահաբար վիպապաշտ պատկերացումն է, որ երջանկութեան հաւանաբար կը հասցնէ տառապելով միայն:

Հրապարակագրութիւնը ինքնին հրապարակագրողներուն հոգեկան կլիմային մէկ անբաժան մասնիկն է դարձած` որպէս անխուսափելի ու հաստատ` սիրոյ առթած ֆիզիքական ու բազում չարչարանք-տառապանքներուն ազդակ, եւ որ սակայն երբեք չէ խոստովանուած:

«Հերոսական» այս պատկերացումին մէջ շատ անգամ կը զուգադիպի նաեւ արտաքին կարծր կերպարի մը ծնունդ տուող պատճառաբանելի երեւոյթը:

Ընդհանրապէս, այդ կարծր դիմագիծի պահպանումը շատ անգամ կը վերածուի մտասեւեռումի նաեւ:

Հոս, ընդհանրական «խորք» տուող պարագայի յիշատակումով ես պարտք կը զգամ անվիճելի բացառութիւն կազմող Յովսէփի պարագային, ճիշդ հակառակը շտապել ըսելու` պնդելով անոր հաստատ «ժպտերես» ու «զուարճախօսական» վերաբերումներուն, ինչ որ վստահաբար «իր անզիջող» դիմագիծին տարբեր շեշտաւորում տալու իր բացառիկ առաւելութիւնն ալ էր անվերապահօրէն… զոր շատ ալ զարմանալի չեմ գտներ, որովհետեւ իր արժանապատուութեամբ ու հետեւողականութեամբ հիմնաւորուած վերաբերումներն ու վարուելու կերպը ընդհանրապէս իր այս դիմագիծի ներկայութեամբ կ՛արդարացուէին:

Հաւանաբար` մարդկային քողարկուած փխրուն աշխարհէ մը թելադրուած եւ կամ ալ վիպապաշտ մօտեցումով մը հոգեկան ու զգացական ապրումներէ ու արժէքներէ առաջնորդուած, որ ընդհանրապէս մարդ արարածը կը փնտռէ սորվիլ ուզելու համար:

Ներգործօն ու ազդող. հետեւանք ունեցող ազդակի մը վերածուելու իր նախանձախնդրութենէն թելադրուած ու իր անվերջ ասպարէզի սահմաններէն ներս կը փորձէր մասնակից կամ մասնակցութիւններու տիպարի մը վերածուիլ, որ զոհաբերութեան հասնող աներեւակայելի աշխատունակութեամբ մը ու տքնաջանութեամբ մը առլի` կ՛ապրէր մէկ սկիզբէն, իր ըսածը, գրածը, արարքներուն նախապատճառ իր յուզումը` շատ խիստ, գերազանցիկ:

Յովսէփին հանդէպ ունեցած մեր խոր համոզումը, համարումը կը ստիպէ մեզ այսօր բարձրաձայն խոստովանելու, որ ան հայ մամուլի խնկարկու «ծառան» դարձաւ ու բոլորովին անաղարտ անկեղծութեամբ մը սոյն բնագաւառին մէջ գլխիվայր նետուելու ու միաժամանակ խոհն ու ապրումը  իրենց ամբողջ մերկութեամբ աղաղակելու ցնորական ա՛յն հրամայականներուն, որոնք երբեք հանգիստ չձգեցին իր հողեղէն անօթին մէջ:

Միշտ ալ չի պատահիր, որ հրապարակագիր-լրագրողի մը շատ սիրելի բանի մը խօսի ու, սիրելիին հմայքը աւելցնելով սիրելի մնաց իր կարգին, կամ ալ` երգէ խռովիչ բան մը, ու խռովիչին նոր շեշտ մը ընծայելով` նոյնքան խռովիչ մնայ իր հերթին, իր կարգին:

Օրինակ, զինք խռովիչ ու տագնապեցնող հարցը,  որ կու գար վերջերս մեզի փոխանցելու իր գրած ու հրատարակած գիրքէն` «Սիրային զրոյց Երեւանի հետ», քաղուած` «թէ անցնող 2800 տարիներուն ու նոր 27 տարիներուն ընթացքին ի՞նչ քայլեր առինք մեր ժողովուրդի միասնականութեան զարկ տալու համար», ու նոյնքան խռովիչ օրինակով մը կը փորձէ այդ հարցին պատասխանը գտնել ըսելով` «Շատեր հարց կու տան, թէ ինչո՞ւ Երեւանը տարբեր է մնացեալ երկրէն, եւ կամ ալ Աբովեան փողոցէն երկուքուկէս քայլ անդին մարդիկ կիսաքաղց կրնան ըլլալ, մինչ նոյն Աբովեանին վրայ ուրիշներ կը դժուարանան ընտրելու իրենց փիցցայի տեսակներու առատութիւնը:

Ըստ իր հարցադրումին… «Վաղուան Հայաստանը կրնա՞յ ստեղծուիլ այսպիսի խախուտ ընկերային կառոյցներու վրայ»:

Այսպէս կը շարունակէր զարնուիլ «յաւերժական» բանի մը եւ յաւերժականի ոգեղէն նոր տրոփ մը պարգեւելով` կը նուաճէր այլոց համարումը:

Յովսէփը միաժամանակ կը զգար սիրելիին, խռովիչին ու յաւերժականին զուգահեռ, անոր ներուժ գեղեցկութիւնները, մոգութիւնը փառքը ու կը սփռէր անոնց վրայ խանդակաթօրէն ու երկիւղածօրէն իր հոգիին շռայլած բանաստեղծութիւնը:

Անզուգական կը դառնար ան, երբ կը խօսէր մանաւանդ Հայաստանի եւ անոր հրաշափա՜ռ խորհուրդին մասին, երբ կը փորձէր Մասեաց վրայ աժդահարներ բարձրացնել ու պատգամներ որոտալ տալ անոնց:

Կը քնարերգէր հայոց լեզուն ու սէրը` ժողովուրդին հանդէպ: Ու շարունակելով` պիտի ըսէինք ու պիտի շարունակէինք ըսել, որ ոչ ոք Յովսէփի մթնոլորտէն դուրս կրնար գալ, երբ ան կը բանար «վարք հերոսացը» եւ երեւակայութեան իր պաստառին վրայ կը դիտէր ու լրիւ կերպով կը փոխանցէր մեր յեղափոխութեան քաջերը, կամ ալ երբ «կ’արտասանէր» ներքին Հայաստաններ կառուցած «լուսաւորչեան սուրբերուն եւ հեթանոս քուրմերուն անունները` աստուածարեալ վարդապետէն մինչեւ Նարեկացին: «Հեթանոս, արու, արքայական Հայաստանի մը գիւտը ըրած Վարուժանէն մինչեւ առողջ զօրութեան մը» տէր Սիամանթոն ու Զարդարեանէն մինչեւ ստեղծագործական կիրքով մը վարարած Օշականը: Ու այդ մեծ հովերով ալեկոծ արիւն ու այդ իսկ տեսիլքներով ողողուած ու արիւնախռնուած որպէս խառնուածք` մեկնեցաւ պիտի ըսենք մեր կարգին:

Այո՛, մեկնեցաւ իր էակից շնորհներով լի մարդոց երթալ հանդիպելու համար:

Խումբէ մը, հաւաքականութենէ մը կամ ալ կուսակցութենէ մը ներս շատ մը տարբեր հակումներ ունեցողներն եւս էակից են:

Հոն եւս շատ ընելիք ունի Յովսէփը… ե՛րթդ բարի, ընկե՛ր:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13205

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>