ՍԻՐՈՒՆ ՍԻՍԵՌԵԱՆ-ՀԱՃԷԹԵԱՆ
– Չէ՛, չեղաւ, չէ՛, այս անգամ չյարգեցիր խոստումդ: Ո՞ւր է երրորդ գիրքդ: Դուն առհասարակ քու խօսքիդ տէրն էիր միշտ, իսկ գործերդ` գրաւականը քու խօսքերուդ:
Ես կը սպասէի քու երրորդ գիրքիդ ու հետաքրքրուած էի, թէ ի՛նչ պիտի ըլլար այս անգամ քեզ մտահոգող թեման: Հայութեամբ տրոփող սիրտդ իր սլաքը վստահաբար պիտի դնէր ներկայ հայկական հասարակական կեանքի մտահոգութիւններուն եւ դժուարութիւններուն վրայ:
– Այո՛, վստահ էի, որ այդպէս պիտի ըլլար, որովհետեւ դուն ամբողջ կեանքդ ապրեցար քու ազգիդ ու անոր զաւակներուն համար` զոհելով քու նուիրական ժամերդ:
Յունաստան այցելութեանս ընթացքին ինծի համար հոգի ու շունչ կը դառնար յաճախ ձեռքիս տակ իմ գործիս բերմամբ ճանչցուած ստորագրութիւնը: Յովսէփ Պարազեան` պատկառելի անձնաւորութիւն մը, որ իր աներեւակայելի աշխուժութեամբ կու գար բնորոշելու իր բազմաշնորհ նկարագիրը:
Ուրախ մարդ մը ու պատասխանատու անձնաւորութիւն մը, որ չի խնայեր որեւէ ճիգ` իրեն տրուած պաշտօնին նկատմամբ: Թափանցիկ էր իր հոգին` իր դժուար մանկութեան ու անցեալի օրերուն նման:
Հակառակ շատ մը դժուարութիւններ ճաշակած ըլլալուն` իր հոգին մնացած էր սրտամօտ ու ծառայասէր: Բծախնդիր էր ու առատաձեռն հոգւով իր գիտցածն ու տեսածը անպատճառ պիտի ծանօթացնէր ինծի ալ: Աթէնք այցելութեանս ընթացքին չմնաց շրջան մը, որուն անգիտակ մնայի` Բիրէա նաւահանգիստէն մինչեւ Լիքավիթոս բարձունքը, շնորհիւ Յովսէփին: Ահա անշահախնդիր անձ մը, որուն ճակատին կը կարդայի իր անսակարկ նուիրուածութիւն` իր ազգին, կուսակցութեան ու թերթին: Իր բոլոր ճիգերը այդ մէկը ցոյց կու տային, ինչ որ այս օրերուն առհասարակ կը պակսի մեր ընկերային-հասարակական կեանքին մէջ:
Ասիկա իր մաքուր նկարագրի տէր անձ ըլլալուն կը պարտէր: Իսկական գաղափարական մաքուր մարդն էր ընկեր Յովսէփ Պարազեանը, որ տուած էր իր ամէնէն լաւ կարողութիւնները իր ազգին եւ յունահայ գաղութին:
Երկար տարիներ «Ազատ Օր»-ի խմբագիրը տքնաջան աշխատանքով լուսաւորեց յունահայ գաղութի իմացական հետաքրքրութիւնները` զանոնք տեղեակ պահելով ազգային ու համազգային բոլոր տագնապներուն: Եղաւ բոլորին համար բարի օրինակ մը` ծառայելու ազգային զանազան կառոյցներուն, ուր ամէն տեղ դրած էր իր ծաղկող մատը:
Սիրելի՛ ընկեր Յովսէփ,
Շրջապատդ շատ ուրախ էր քու ներկայութեամբ, որովհետեւ մէկը չէիր ուզեր նեղացնել եւ ճկուն գործունէութեամբդ վարժ էիր ամէն դեր վերցնելու` տեղին եւ ժամանակին համաձայն:
Իսկապէս մահուանդ բօթը շատ դժուար էր ընդունիլ: Չէի կրնար հաւատալ, որ այսքան կենսունակ անձնաւորութիւն մը կրնար յանկարծ լռել, երբ դեռ շատ բան ունէր տալիք:
Կեանքի դաւերէն մէկն ալ` այս չսպասուած մահը, որ կու գայ անժամանակ, երբ դեռ պատրաստ չենք զինք ընդունելու:
Յիշատակդ անթառամ պիտի մնայ քեզ իսկապէս ճանչցողներու հոգիներուն մէջ:
Թող այս քանի մը տողերը վերջին երթաս բարովը ըլլան քեզի, ազնիւ ու մեծհոգի ընկե՛ր Յովսէփ:
Ամենայնդէպս դուն պէտք է վստահ ըլլաս, որ քու դրած մատնահետքերդ պիտի ծաղկին քու շրջապատիդ մէջ, ուր տքնեցար լաւ սերունդ մը պատրաստելու համար` քու օրինակիդ հետեւող: