Անհաւատալի, անսպասելի էր մահուանդ լուրը բոլորին համար: Ոչ ոք հաւատաց, թիւրիմացութիւն կարծուեցաւ, մանաւանդ որ կը յաջորդէր հօրդ կորուստին` հազիւ տասը օրուան տարբերութեամբ:
Տակաւին բոլորս կը յիշենք, ցաւակցութիւններու ընթացքին, երբ վիշտդ զսպելով` աշխուժ ձեւով կը պատմէիր հօրդ` Սարգիս Տեմիրճեանի վաստակին մասին` իբրեւ ֆութպոլի իրաւարարի, որ «Կինես»-ի մրցանիշներու մէջ յիշատակուած էր որպէս միջազգային իրաւարարներու ֆետերասիոնին ամէնէն շատ մրցումի մասնակցած անդամ:
Տոքթ Անդրանիկ Տեմիրճեանը ծնած էր Պէյրութ, 1961-ին: Հասակ առնելով Յովակիմեան Մանուկեան երկրորդական վարժարանի կրթական օճախին մէջ, ան տպաւորած էր իր ընկերասիրութեամբ, ժրաջան աշխատանքով եւ լաւագոյնի ձգտումով` մշտական ձեւով ապահովելով պատուոյ ցանկի առաջատար ուսանողի դիրքը:
Ան բարձրագոյն ուսումը շարունակեց Երեւանի բժշկական համալսարանին մէջ, զոր աւարտեց 1986 ին, որմէ ետք մասնագիտացաւ` որպէս ընդհանուր վիրաբուժ 1990-ին: Սէր ու յարգանք կը վայելէր բժշկական անձնակազմի եւ ուսուցիչներու կողմէ, որոնց հետ իր կապը միշտ եղած էր ամուր եւ յարատեւ: Ան կանուխէն տպաւորուած էր վիրաբուժութեան հանդէպ իր հետաքրքրութեամբ եւ ընդունակութեամբ: Տակաւին հինգերորդ տարուան ուսանող` ան արդէն ձեռնհասօրէն գործողութիւն կը կատարէր:
Վերադառնալով Պէյրութ, ան գործեց տարբեր հիւանդանոցներու մէջ` ձգտելով կատարել իր առաւելագոյնը եւ տալ իր լաւագոյնը` հիւանդներու բուժման եւ կազդուրման համար, որուն համար սիրուած եւ յարգուած էր բոլորին կողմէ:
Ան գործեց ՀԲԸՄ-ի մէջ հետագային դառնալով վեթերան անդամ: Ան մաս կազմեց Պախչէի հայրենակցական միութեան` ստանձնելով փոխատենապետութիւնը:
Լիբանանահայ բժշկական միութեան մէջ տպաւորած էր իր զուարթախոհութեամբ, որմով կը շպարէր իր տեսակէտները: Ան առաջին մասնակիցներէն էր «Էյ.Թի.Էն.» հայկական կայանին միութեան կողմէ կազմակերպուած բժշկական յայտագիրին: Ամէնէն յատկանշականն էր Բժշկական սենտիքայի վերջին ընտրութիւնները, երբ վարչութիւնը անպատեհ զգացած էր իրեն հետ կապուիլը, որովհետեւ թուականը կը զուգադիպէր ցաւակցութիւններու յաջորդ օրուան: Որքան մեծ եղաւ մեր զարմանքը եւ համարումը, երբ ան մասնակցեցաւ ընտրութեան` զօրակցելու համար միութեան թեկնածուին:
Տոքթ. Անդրանիկ Տեմիրճեանը իր մէջ կը մարմնաւորէր հոգատար բժիշկի, ընտանիքի համար նուիրուող հօր կերպարը:
Սիրելի՛ Անդրանիկ, քու ժպիտովդ եւ խելացի խօսքերովդ շահած էիր բոլորին յարգանքը ,քու ժրաջան աշխատանքովդ բարձր պահած էիր հայ բժիշկի բարձր կոչումը:
Ափսո՜ս, շա՛տ շուտ կորսնցուցինք քեզ:
Մեր սրտազգաց ցաւակցութիւնները կողակիցիդ` Տիանային եւ զաւակներուդ` Յովհաննէսին ու Դալարին:
Բարո՛վ երթաս, յիշատակդ անմար կը մնայ քու սիրելիներուդ մէջ, քու ժպիտդ՛ անմոռանալի: Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի տոքթոր Անդրանիկ Տեմիրճեան:
ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ