Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Թուրքիոյ Հակահայկական Լոպիին Կը Տարածուի Մինչեւ Քոլոմպիայի Արմենիա Քաղաքը

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

«Պրէյթպարթ» (Breitbart) կայքէջին վրայ հրապարակուած Ֆրենսիս Մարթելի յօդուածը կը նկարագրէ թրքական լոպիիստական ջանքերը Քոլոմպիայի Արմենիա քաղաքին մէջ, որ հիմնուած է 1889 թուականին եւ նախապէս կրած է Վիլլա Հոլկին անունը: Ըստ Ուիքիփետիայի հարաւամերիկեան այս քաղաքը իր անունը փոխած եւ անուանուած է Արմենիա` «Ի յիշատակ հայ ժողովուրդին, որ կոտորուած է թուրք օսմանցիներու կողմէ` 1894-1897 թուականներու համիտեան ջարդերուն, իսկ աւելի ուշ` 1915-1923 թուականներուն, Հայոց ցեղասպանութեան  ժամանակ»: Որոշ պատմաբաններ կը վիճարկեն այս հաստատումը` քաղաքի անուան ծագումը վերագրելով Հայաստանի մասին աստուածաշնչեան յիշատակութեան:

Քոլոմպիայի Պոկոթա քաղաքին մէջ թուրք դեսպան Էսէ Օզթուրք Չիլ 14 դեկտեմբեր 2018-ին եւ 11 յունուար 2019-ին երկու նամակ յղած է Քոլոմպիայի Արմենիա քաղաքի քաղաքապետին` զայն եւ քաղաքային խորհուրդի տասը անդամները այցելութեան հրաւիրելով  Թուրքիա` իբրեւ թրքական կառավարութեան պաշտօնական հիւրերը:

3 փետրուար 2019-ին, կիրակնօրեայ գիշերային յատուկ նստաշրջանի մը ընթացքին Արմենիայի քաղաքային խորհուրդը 12 թեր եւ 6 դէմ քուէարկութեամբ հաստատած է քաղաքապետ Օսքար Քասթելլանոսի եւ Արմենիայի քաղաքային խորհուրդի ինը անդամներուն այցելութիւնը Թուրքիա` 6-13 փետրուար 2019-ի համար: Այցելութեան ընթացքին քաղաքապետը եւ քաղաքային խորհուրդի անդամները տեսակցած են Պոլսոյ եւ Անգարայի քաղաքապետներուն, Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահին հետ եւ այցելած` Անգարայի համալսարանի Լատինական Ամերիկայի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնը: Անոնք տեսակցած են նաեւ թուրք գործարարներու հետ եւ այցելած` Մեծ մզկիթ եւ Մեծ պազար:

Ուղեւորութիւնը բուռն վէճերու առիթ դարձաւ Քոլոմպիոյ մէջ: Արմենիա քաղաքի բազմաթիւ բնակիչներ դէմ էին այդ այցելութեան` քաղաքապետին եւ ինը անդամներու քաղաքէն բացակայութեան պատճառով, այն ժամանակ, երբ քաղաքը կը գտնուէր տնտեսական խառնաշփոթ վիճակի եւ վատ ղեկավարման մէջ: Վերջին երեք տարիներուն Արմենիայի հինգ քաղաքապետները գործէ արձակուած էին կաշառակերութեան պատճառով: Քաղաքացիները կը կարծէին, որ նոր քաղաքապետը պէտք էր մնար տունը եւ հոգ տանէր քաղաքի գործերուն: Տարածաշրջանային գլխաւոր դատախազը քննութիւն բացաւ թրքական ուղեւորութեան վերաբերեալ` քաղաքապետին եւ խորհուրդի անդամներուն կողմէ կատարուած խախտումները ստուգելու համար: Անոնք նաեւ պէտք է քննեն Թուրքիա այցելութեան ընթացքին անոնց «առատաձեռն» հիւրընկալողներէն ստացուած կաշառքները եւ կամ հաստատեն նուէրները:

Քոլոմպիական տեղական «Սեմանա» հրատարակութիւնը հաստատած է Արմենիայի (Քոլոմպիա), Թուրքիոյ եւ Ցեղասպանութեան միջեւ եղած կապը. «…Կը պարզուի, որ [Քոլոմպիոյ] Արմենիայի [քաղաքային] խորհուրդը 2014 թուականի 08 համաձայնագիրով որոշած է ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ ապրիլ 24-ը հռչակել իբրեւ պաշտօնական յիշատակի օր` ի նշան համերաշխութեան այն երկրին հետ, որ քոլոմպիական քաղաքին պէս կը կրէ միեւնոյն անունը: Այնուհետեւ, խորհուրդը վաւերացուցած է այդ կապերը 2015 թուականի 075 արձանագրութեամբ, որով անոնք ձգտած են բարեկամական կապեր հաստատել Հայաստանի Հանրապետութեան հետ…»:

Ի պատասխան Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման` «Սեմանա» բացատրած է, որ` «Ամէն ինչ կարծես ցոյց կու տայ, որ թրքական կառավարութեան հրաւէրին պատճառը քաղաքային խորհուրդի անդամներուն այլ տարբերակի տրամադրումը եղած է այն ցաւալի պատմական դրուագին հանդէպ, որ ցոյց կու տայ, թէ այդ երկիրը պատասխանատու է Ցեղասպանութեան համար»:

«Սեմանա» հաղորդած է. «Ինչպէս կը յիշէք, այն, ինչ որ այսօր յայտնի է իբրեւ Հայոց ցեղասպանութիւն, տեղի ունեցած է 1915-ին, Ա. Աշխարհամարտի ժամանակ, ու թէեւ թիւերը տակաւին կը  քննարկուին, խօսքը սակայն կը վերաբերի նուազագոյնը 300 հազար եւ առաւելագոյնը 1,5 միլիոն մարդկային կորուստներու: Այդ բնաջնջման զոհերը հայերն էին, որոնք  իբրեւ իրենց դահիճը` կը մատնանշեն Օսմանեան կայսրութիւնը` այսօրուան Թուրքիան»:

«Սեմանա» հետաքրքրուած է, որ քաղաքապետարանի պաշտօնեաները Թուրքիա կատարած իրենց այցելութեան պատճառով արդեօք կրնա՞ն որոշել չեղեալ համարել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը:

Այդ օրերուն, ուղեւորութենէն ետք միակ նոր զարգացումը օսմանեան ժամանակաշրջանի հագուստ կրող տղամարդու որմնանկարին յայտնուիլն է Արմենիայի քաղաքապետարանի շէնքի  պատին: «Պրէյթպարթ» տեղեկացուցած է, որ որմնանկարը «պատմական ոչ մէկ աղերս ունի քաղաքին հետ» եւ «կը շփոթեցնէ ու կը զայրացնէ բազմաթիւ բնակիչներ… Տարածաշրջանային «Լա Քրոնիքա տէ Քուինտիս» թերթը հաղորդած է, որ տեղացիները շփոթած կը թուին, իսկ ոմանք` վրդոված, այդ թանկարժէք որմնանկարէն, որ, անոնց կարծիքով, որեւէ կապ չունի իրենց ժառանգութեան հետ»:

«Պրէյթպարթ» մէջբերած է խօսքերը Մարիսելա Մոնթեզ անունով տեղացի կնոջ մը, որ ըսած է «Լա Քրոնիքա»-ին. «Ես իրապէս չեմ հասկնար, թէ Արմենիան [քոլոմպիական քաղաքը] ի՞նչ կապ ունի Թուրքիոյ հետ: Կը կարծեմ, որ անոնք պէտք է վճարեն այդ կարճատեւ ուղեւորութեան համար, զոր կատարած են… Անտրամաբանական է, որ ասոր պէս բան մը նկարուած է նման գեղեցիկ հաստատութեան մէջ»:

Թերթը մեջբերած է նաեւ խօսքերը ուրիշ բնակիչի մը, որ կ՛ըսէ, թէ  ինք ոչ թէ զայրացած է, այլ պարզապէս` «շփոթած»: Խորխէ Ճարամիլօ ըսած է «Լա Քրոնիքա»-ին. «Մենք շփոթած ենք, որովհետեւ չենք հասկնար, թէ ի՛նչ կապ ունի սուլթանը Արմենիայի [քաղաքի] հետ: Ի՞նչ կը կատարուի մեզի հետ: Կը խնդրեմ, որ  պետական լուրջ գործիչները ստանձնեն այս քաղաքին ղեկավարումը: Ասիկա իսկապէս սարսափելի է մեր մայրաքաղաքին համար»: Քաղաքային խորհուրդի անդամ Լուիզ Կիլերմօ Ակուտելօ ըսած է «Էլ Թիեմփօ»-ին. «Որմնանկարը անհեթեթութիւն է… Ասիկա հանրային կառոյց է, որ շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի… Հոս եղած է մեր պատկերասրահը, իսկ հիմա անոնք ամբողջովին կը փոխեն անոր էութիւնը»:

«Էլ Թիեմփօ» տեղեկացուցած է, որ` «Խորհուրդը չի քննարկեր միայն Թուրքիոյ մշակութային ծառայութիւնները: Այժմ անոնք բացայայտ կերպով կը  քննարկեն քաղաքին կողմէ 2014-ին ընդունուած հռչակագիրի փոփոխութեան հարցը, որով քաղաքապետարանը ընդունած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը», ըսած է «Պրէյթպարթ»:

Մինչեւ հիմա թրքական հրաւէրը հակառակ ազդեցութիւն ունեցած է Թուրքիոյ վրայ, որովհետեւ Քոլոմպիոյ լրատուական միջոցներուն մէջ անիկա յառաջ բերած է բազմաթիւ քննարկումներ Հայոց ցեղասպանութեան մասին, իսկ քաղաքապետը եւ քաղաքային խորհուրդի անդամները խնդիրներ ունեցան օրէնքի հարցերուն կապուած:

Պրազիլի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը, որ հաւատարմագրուած է նաեւ Քոլոմպիոյ մէջ, պէտք է անյապաղ միջոցներու ձեռնարկէ թրքական լոպիիստական ջանքերուն հակազդելու համար: Հարաւային Ամերիկայի հայ համայնքները եւս պէտք է ձեռնամուխ ըլլան նման գործողութիւններու: Անոնք նաեւ պէտք է ջանք թափեն, որ քաղաքային խորհուրդը չեղեալ չհամարէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին իր նախկին որոշումը եւ ձերբազատի օսմանեան որմնանկարէն:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>