ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Հաշիւ չգիտցողին հակապատկերն է այն անձը, որ իր հաշիւը լաւ գիտէ: Հաշիւը գիտնալ` ո՛չ թէ միայն կը նշանակէ տնտեսագէտ ըլլալ կամ թուաբանութեան կանոնները լաւ գիտնալ, այլեւ` «գործը գիտցող» ըլլալ:
Մարդկութեան կեանքը լեցուն է երկու տեսակներով: Այսինքն «գործը գիտցող» մարդոցմով եւ հակառակը` «գործը չգիտցող»-ներով:
Այս երկու տեսակներուն որակաւորումը պարզ ժողովուրդը կը կատարէ` առաջինները համարելով խորամանկ, երբեմն` ագահ կամ կծծի, անձնական շահը գերադասող, մինչեւ իսկ` նենգամիտ, ստախօս ու խաբեբայ, իսկ երկրորդները համարելով` բարի (այս բառին ծուռ իմաստով` իբրեւ յիմար, անխելք, միամիտ ու միշտ խաբուելու ատակ), անկեղծ, նուիրեալ, անձնազոհ, եղբայրասէր եւ այլ առաքինութիւններով զարդարուած անձ:
Յիսուսի մտածողութիւնը երկուքին հաւասարակշռութիւնը ցոյց կու տայ` աղաւնիի միամտութեան եւ օձի խորամանկութեան միջեւ տեղ մը վերապահելով իր հետեւորդներուն: Այսինքն Ան չ՛ուզեր, որ քրիստոնեայ մարդը միշտ հալածական ըլլլայ վասն հաւատոյ, ո՛չ ալ իր քրիստոնէական առաքինութիւններ ուսուցանող կրօնին բերումով գիտակցաբար խաբուի իր առօրեայ կեանքին մէջ:
Նման դէպքեր պատահած են նոյնիսկ մեր ապրած օրերուն ընթացքին, երբ լսած ենք, որ այսինչ կամ այնինչ դատարկապորտ քարոզիչին ձաբռտուքը մտիկ ընելով իրենց ճակտի քրտինքով տեղ հասած մարդիկ ցրուած են իրենց ունեցած ամբողջ հարստութիւնը` զայն բաժնելով աղքատներուն, աւետարանական տէրունի պատուէրին սխալ մեկնաբանութեամբ առաջնորդուելով, անշուշտ` առիւծի բաժինը լեցնելով ցնդաբանող քարոզիչին գրպաններուն մէջ, որ յաջողած էր զիրենք հիփնոսացնել եւ ստայօդ խօսքերով օրերել մինչեւ նպատակակէտ… Այսօր քիչ չէ թիւը այսօր նման միամիտներու, որոնք իրենց «գործը չգիտցող»-ներուն, կամ այլ խօսքով, իրենց «հաշիւը չգիտցողներ»-ուն ցուցակը կը գլխաւորեն հպարտութեամբ` յիմարութեան վաւերացուած վկայականը իրենց ձեռքերուն մէջ ամուր բռնած:
Միւս տեսակն ալ իր բացարձակ ձեւին մէջ ծայրայեղութիւն պէտք է համարել, որովհետեւ խարդախութեամբ լեցուած կեանքի մը օրերը ո՛չ միայն շրջապատին համար վտանգաւոր են, այլեւ իրեն` խարդախ մարդուն, որուն գամած աստիճանները որքան ալ բարձր ըլլան, դարձեալ երկինք չեն կրնար հասցնել զինք: Բաբելոնի աշտարակը յաճախ մոռացութեան կը տրուի մարդկութեան կողմէ, որուն հիմնադիրներուն եւ որմնադիրներուն հիմնական նպատակն էր զայն հասցնել մինչեւ երկինքի դուռը: Սակայն բոլորիս ալ ծանօթ է ատոր անփառունակ վախճանը:
Թէ որո՛ւ համար կ՛ամբարեն, որքա՛ն երկար ապրելու անրջական հեռանկար կը գծագրեն նման մարդիկ, դեռ անհասկնալի կը մնայ մեզմէ շատերուն: Անոնցմէ ոմանք ալ յանկարծամահ գետին կը փռուին` չկարենալով օրինակ հանդիսանալ անկուշտ աչքով հաւաքող այլ անձերու, որոնց գործունէական գլխաւոր միջոցը խարդախութիւնն է: Դարձեալ Աւետարանին մէջ արձանագրուած Յիսուսի մտածողութիւնը վերյիշելով` անմիտ մեծահարուստին առակը օրինակ կը ծառայեցնենք, որ աւելի մեծ ամբարներ շինելով` ծրագրեց աւելի՛ բերք ամբարել, սակայն իրեն իմաց տրուեցաւ, որ այդ գիշեր իր հոգին առնուելու էր: Հոգէառին թակոցը լսելով իր կեանքի դռան վրայ, վստահաբար ան ամէն ինչ թողած` հեռացաւ այս աշխարհէն, չիմանալով նոյնիսկ թէ ի՛նչ եղան իր ամբարները կամ այնտեղ լեցուած ամբողջ ունեցուածքը:
«Հաշիւը գիտցող» ըլլալու երեւոյթը նաեւ պէտք է մեկնաբանել փոխյարաբերական կեանքի իր իմաստով: Ամէն ճշմարտութիւն բացայայտօրէն չ՛ըսուիր. կ՛ըսէ առածը, ո՛չ թէ հակաբարոյական կանոն մը հաստատելու նկատառումով, այլ` պարզապէս ճիշդ խօսքը ճի՛շդ տեղին ըսելու օրէնքը սորվեցնելով անմիտներուն: Ի՞նչ իմաստ ունի ճշմարտութիւնը մերկացնել աննպաստ պահու մը, երբ անիկա արիւնահեղութեան պատճառ պիտի հանդիսանայ հակամարտող կողմերուն միջեւ:
Դարձեալ «հաշիւը գիտցող» ըլլալու երեւոյթը պէտք է մեկնաբանել յարգանքի իմաստով: Աշխատանքի մէջ ստորադաս անձ մը իր վարպետին պատասխան չի տար, նոյնիսկ եթէ գիտնայ, թէ իր ըսածն է ճիշդը: Նման անձ մը իր «հաշիւը գիտցող» մըն է, որովհետեւ իր ըմբոստ կեցուածքը կրնայ գործէն արձակուիլը արժել, որուն պատճառով ընտանիքը պիտի զրկուի օրապահիկէն: Ուրեմն, համեստութեամբ կ՛ենթարկուի ան, նոյնիսկ` գործին համար վնասաբեր համարած հրահանգին, երբ զայն տուողը գործատէրն է: Հայկական գեղեցիկ առածներէն մէկը կ՛ըսէ. «Այն ձեռքը, զոր չե՛ս կրնար կտրել, համբուրէ՛ եւ ճակտիդ դի՛ր»:
Կը պատմուի, որ հրեայ մը հաշուապահ կը փնտռէր եւ ամէն տեղ յայտարարութիւն փակցուցած էր: Լսած ըլլալով, որ այս հրեան շատ յաջող վաճառական է եւ միաժամանակ` լաւ վարձատրող, հակառակ իր ցեղին «հաշիւը գիտցող» տեսակէն ըլլալուն, շատեր հերթի կը կանգնին անոր գրասենեակին առջեւ: Հրեան համբերութեամբ հարցազրոյց կ՛ունենայ իւրաքանչիւր դիմողի հետ` մօտէն ճանչնալու համար այն կարեւոր պաշտօնեան, որուն պիտի յանձնէր իր հաշուետոմարները:
Հրեային գրասենեակին դուռէն շատեր գլխիկոր դուրս կ՛ելլեն` մերժուելով այդ խորամանկ եւ «հաշիւը գիտցող»-ին կողմէ: Անոնցմէ մէկը, սակայն, դուրս չ՛ելլեր` զարմացնելով դուրսը հերթի կանգնողները, որոնց կ՛ըսուի, թէ այլեւս կարիք չկայ սպասելու, որովհետեւ վաճառականը գտած է իրեն համար յարմարագոյն հաշուապահը:
Հրեայ վաճառականին հարցազրոյցը երկար հարցումներով խճողուած չէր: Նոյնիսկ տպագիր հարցաթերթիկ մըն ալ չէր պատրաստած ան` իրեն ներկայացող թեկնածուին յանձնելու համար: Պարզապէս վաճառականը մէկ հարցում կը հարցնէր բոլորին, ապա մերժուած ըլլալը կը յայտնէր անոր` տուն ճամբելով զայն: Հաշուապահի յարմար թեկնածու փնտռելով` բնականաբար հաշուական հարցում մը պիտի հարցնէր ան: Ուստի բոլոր ներս մտնողներուն կը հարցնէր երկու անգամ երկու ի՞նչ գումար կու տայ… Բոլոր թեկնածուներն ալ ծիծաղելով կը պատասխանէին` չորս: Միայն ընդունուող թեկնածուն, որ զարմացուցած էր դուրսը հերթի կանգնողները, հարցումին կը պատասխանէ` ըսելով. «Ինչ որ դուն ըսես, այդ գումարը կու տայ»: Այսպիսով, կ՛ընդունուի ան աշխատանքի: Ան կրնայ ըլլալ ձախող հաշիւ գիտցող մըն էր` իբրեւ հաշուապահ, սակայն ի՛ր «հաշիւը գիտցող» մըն էր անկասկած, որովհետեւ աշխատանքի հրաւիրուեցաւ լաւ վճարումով, մինչդեռ համբաւաւոր հաշուապահներ մերժուելով դուրս ելան հրեային գրասենեակէն` անգործ թափառելու համար մայթերուն վրայ:
«Հաշիւը գիտցող» կամ «գործը գիտցող» ըլլալուն դրական երեսն է վերոյիշեալ օրինակը, որուն դերակատարը անպայման խաբեբայ, խարդախ կամ նենգամիտ մարդ մը չէ, այլ թերեւս` օրապահիկը վաստակելու համար աշխատանքի մը հետամուտ անձ, որ պարզապէս կ՛ուզէ իրեն տրուած գործը հաւատարմութեամբ կատարել ու իր աւարտին հասցնել:
Դուն ալ հաշիւդ գիտցի՛ր, որքան ալ ուսողութեան մէջ բարձրագոյն վկայականներու տիրացած ըլլաս, որովհետեւ համալսարանին մէջ սորվածներդ վաճառականամիտ շուկային մէջ մասնաւոր արժէք չե՛ն ներկայացներ: