Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13205

«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն Կուսակցութեան Ծածկանուններու Բառարան»-ի Պատառիկներ

$
0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Յայտնի են ծածկագրութեան հետեւեալ hիմնական սկզբունքներն ու միջոցները.

1.- Սիւնակէտագիր ծածկագիր: Տառերու այբբենական արժէքի արտայայտումը սիւնիկներու ու կողքին դրուած կէտերու համակցումով, միացումով:

Սիւնակէտագիր կը կոչուի այն պատճառով, որ կը կազմուի սիւներէ եւ անոր կողքը դրուած կէտերէ: Որոշ բանասէրներ այս ծածկագրութիւնը կ՛անուանեն «սիւնագիր» կամ «կէտագիր»: Ծածկագրութեան այս տեսակը հայ մատենագրութեան մէջ ամէնէն շատ գործածուող գաղտնագրութիւնն է:

Հայագէտ Ֆրետերիք Միւլլերը որոշ նմանութիւն կը տեսնէ հայկական սիւնակէտագիր ծածկագրութեան եւ կելտական ogham կոչուող գրութեան մէջ, որ կազմուած է հինգ գծիկներու զանազան ձեւափոխութիւններէ, եւ կը կարծէ, որ սիւնակէտագիրը վերցուած է անոնցմէ: Սիւնակէտագիրը յօրինուած է օղակէտագիրի սկզբունքով, ուր կլոր օղակներուն կը փոխարինեն ուղղահայաց կամ քիչ թեքութեամբ գրուած գծիկները, իսկ կէտերը կը մնան անփոփոխ:

2.- Կէտագիր ծածկագիր: Նախորդին համակարգն է, սիւնիկները փոխարինուած են հայկական այբուբենի տառերով:

3.- Օղակէտագիր ծածկագիր: Օղերու եւ կէտերու համակցումով, միացումով:

Ծածկագրաթեան այս ձեւի համար հայերէն այբուբենի միաւոր տառերը (Ա-Թ) կ՛արտայայտուին մէկ կլոր օղակով (օ), տասնաւորները (Ժ-Ղ)` երկու (օօ), հարիւրաւորները (Ճ-Ջ)` երեք (օօօ), հազարաւորները (Ռ-Ք)` չորս (օօօօ), որոնց մօտ հորիզոնական դիրքով կամ խառն շարուած կէտերը իրենց քանակով ցոյց կու տան ծածկագրուած տառին տեղը իր համակարգին մէջ, որմէ եւ կը ներկայանայ օղակէտագիր   ծածկագիրներու հետեւալ այբբենական  շարքը.

Օ.  Օ..  Օ…  Օ::  Օ::.  Օ:::  Օ:::. Օ::::   Օ::::.
Ա    Բ    Գ     Դ     Ե      Զ    Է        Ը      Թ

ՕՕ.  ՕՕ..  ՕՕ…  ՕՕ::  ՕՕ::. ՕՕ:::  ՕՕ:::. ՕՕ::::  ՕՕ::::.
Ժ        Ի       Լ        Խ        Ծ       Կ          Հ       Ձ         Ղ

ՕՕՕ.  ՕՕՕ..  ՕՕՕ…  ՕՕՕ::  ՕՕՕ::. ՕՕՕ:::  ՕՕՕ:::. ՕՕՕ::::  ՕՕՕ::::.
Ճ           Մ          Յ            Ն         Շ              Ո           Չ            Պ            Ջ

ՕՕՕՕ. ՕՕՕՕ..  ՕՕՕՕ…  ՕՕՕՕ::  ՕՕՕՕ::. ՕՕՕՕ:::  ՕՕՕՕ:::. ՕՕՕՕ::::  ՕՕՕՕ::::.
Ռ              Ս           Վ               Տ                 Ր           Ց              Ւ              Փ               Ք

4.- Գաւազանագիր ծածկագիր: Գաւազանանման պայմանական նշան` կէտերու համակցումով, միացումով:

5.- Փոխարինագիր ծածկագիր: Այբուբենի տառերու արժէքներու փոխարինում` որոշակի սկզբունքով:

Փոխարինագիր ծածկագրութիւնը գաղտնագրութեան հին ձեւերէն մէկն է եւ, ըստ էութեան, ամենապարզը, որովհետեւ անով կը կատարուի հայերէն տառերու պարզ փոխակարգում, որուն համար ալ ան ստացած է փոխարինագիր անունը: Ծածկագրութեան այս եղանակը դէպքի մը մէջ ծածկագրուող բառի մէջ հանդիպող միաւորները (Ա-Թ) կը փոխարինեն հազարաւորներու շարքին (Ռ-Ք)` համապատասխան տեղեր գրաւող տառերով, տասնաւորները (Ժ-Ղ)` հարիւրաւորներով (Ճ-Ջ), իսկ միւս պարագային, միաւորները (Ա-Թ) կը փոխարինեն հարիւրաւորներով (Ճ-Ջ), տասնաւորները (Ժ-Ղ)` հազարաւորներով (Ռ-Ք): Նոյն սկզբունքով յօրինուած է նաեւ փոխարինագիրի երրորդ տարբերակը, երբ միաւորները (Ա-Թ) կ՛արտայայտուին տասնաւորներով (Ժ-Ղ), հարիւրաւորները (Ճ-Ջ)` հազարաւորներով (Ռ-Ք):

Ծածկագրութեան այս երեք ձեւերը ունին հետեւեալ պատկերը.

Ա  Բ  Գ  Դ  Ե  Զ  Է  Ը  Թ
Ռ  Ս  Վ  Տ  Ր  Ց  Ւ  Փ  Ք
Ժ  Ի  Լ  Խ  Ծ  Կ  Հ   Ձ  Ղ
Ճ  Մ  Յ  Ն  Շ  Ո  Չ  Պ  Ջ

Ա  Բ  Գ  Դ  Ե  Զ  Է  Ը  Թ
Ճ  Մ  Յ  Ն  Շ  Ո  Չ  Պ  Ջ
Ժ  Ի  Լ  Խ  Ծ  Կ  Հ   Ձ  Ղ
Ռ  Ս  Վ Տ  Ր  Ց  Ւ  Փ  Ք

Ա  Բ  Գ  Դ  Ե  Զ  Է  Ը  Թ
Ժ  Ի  Լ  Խ  Ծ  Կ  Հ  Ձ  Ղ
Ճ  Մ  Յ  Ն  Շ  Ո  Չ  Պ  Ջ
Ռ Ս  Վ  Տ   Ր  Ց   Ւ  Փ  Ք

Այս աղիւսակները կ՛օգնեն, անհրաժեշտութեան պարագային հեշտութեամբ վերծանելու փոխարինագիր ծածկագիրները, եթէ անոնցմով այլեւայլ հնարանքներ չեն կիրարկուած: Ծածկագրութեան այս տեսակի հնագոյն նմուշը 7-րդ դարի Աւանի արձանագրութիւնն է: Հետագային հայերէն ձեռագիրներու մէջ կը հանդիպինք աւելի շատ թիւով փոխարինագիր ծածկագիրներու:

6.- Եղբայրագիր ծածկագիր: Փոխարինել ըստ յաջորդականութեան:

Ծածկագրութեան այս եղանակը նոյնպէս առանձին բարդութիւններ չունի: Անուանումն իսկ կը նշէ, որ ծածկագրուած բառի իւրաքանչիւր տառը կ՛արտայայտուի իր համակարգի յաջորդ տառով, այսինքն` «Ա»-ի փոխարէն կը գրուի «Բ», «Լ»-ի փոխարէն` «Խ», «Ռ»-ի փոխարէն` «Ս», իսկ «Ք»-ի փոխարէն` «Ա» եւ այլն: Կը ներկայանայ հետեւեալ ձեւով.

Ա Բ Գ Դ Ե Զ Է Ը Թ
բ  գ  դ  ե զ  է ը թ ժ

Ժ Ի Լ Խ Ծ Կ Հ Ձ Ղ
ի  լ  խ ծ  կ  հ ձ ղ ճ

Ճ Մ Յ Ն Շ Ո Չ Պ Ջ
մ  յ  ն  շ ո  չ  պ ջ ռ

Ռ Ս Վ Տ Ր Ց Ւ Փ Ք
ս  վ  տ ր ց ւ փ ք ա

Այս աղիւսակով արդէն հեշտ է կարդալ եղբայրագիր ծածկագրութիւնները, եթէ գրութիւններու հեղինակները անոնց մէջ մտածուած խախտումներ չեն կատարած, որոնք երբեմն կը պատահին: Ծածկագրողները ընթերցողները շփոթեցնելու համար երրեմն կը խառնեն տառերու հերթականութիւնը եւ յաջորդ տառի փոխարէն` կը դնեն նախորդը կամ կամայականօրէն կ՛ընտրեն նոյն տառաշարքի (օրինակ` տասնաւորներու) որեւէ մէկ տառ, որ իր գրաւած տեղով շատ հեռու է ծածկագրուող տառէն:

7.- Գումարգիր ծածկագիր: Տառը թուական նշանակութեան ուրոյն վերարժէքաւորումով:

Ծածկագրութեան այս տեսակի սկզբունքը շատ պարզ է: Ծածկագրուող տառերը ոչ թէ կը փոխարինեն մէկը միւսը, ինչպէս փոխարինագրերուն մէջ կը կատարուէր, այլ կը բաժնուին երկու եւ աւելի մասերու ու կը գրուին բաժնուած մասերու տառերով, այսինքն «Դ»-ի փոխարէն գրուած է «ԲԲ», «Խ»-ի փոխարէն` «ԻԻ», «Պ»-ի փոխարէն` «ՆՆ» եւ այլն: Իսկ եթէ տառը իր թուական համարժէքով երկու հաւասար մասերու չէ բաժնուած, հետեւաբար նաեւ բաժնուած կէսերը հնարաւոր չեն ըլլար երկու նոյնանման տառերով նշանակել, կ՛օգտագործեն տարբեր տառեր: Օրինակ` «Հ» տառը կրնայ արտայայտուիլ եւ՛ «ԼԵԼԵ» եւ՛ «ԼԽ» ձեւերով: Երկու պարագային ալ ընդհանուր թուագումարը 70 է, այսինքն` «Հ»: Գումարագիրներու մէջ «Ա» տառը կամ չի ծածկագրուիր, կամ կը նշանակուի լատիներէն «C»-ի, զերոյի («0») եւ նոյնիսկ ստորակէտի նշաններով: Երբեմն «Ա»-ն կ՛արտայայտուի «00» ձեւով, երբ 0-ին փաստօրէն կը տրուի կէսի իմաստը եւ երկու կէսերու գումարով կը հասցուի «Ա»-ն: «Օ»-ն կրնայ օգտագործուիլ նաեւ, օրինակ, «Թ» տառը գաղտնագրելով, որ տուեալ պարագային մէջ կը գրուի «Դ0Դ0»,  այսինքն  4 1/2 + 4 1/2 = 9,  այսինքն` «Թ»:

8.- Երկբանալի ծածկագիր: Տարբեր սկզբունքներու համակցուած միացուած գործադրումով: Երկու բանալի` վերծանման երկու եղանակ ունեցող:

9.- Աքրոստիքոս (acrostic) սկզբունքի գործադրում: Աքրոստիքոս, հին ժամանակներուն` ոտանաւորներու սկիզբ առած բանաստեղծական ձեւ, որուն տողերու առաջին տառերը վերէն վար կարդալով` կը կազմեն որեւէ բառ կամ արտայայտութիւն:

Ան ունի հազարամեակներու պատմութիւն: Բառաեզրի ծագումը յունարէն «άκρος»–«եզր» եւ «στίχος»-«ոտանաւոր» բառերէն է: Հետեւաբար աքրոստիքոս կը համարուի բացառապէս առաջին եզրային տառերով կապակցուած ուղղահայեաց տողը:

Յաճախ սկզբնատառերէն կը կազմուի այն անձին անուն-մականունը, որուն ձօնուած է բանաստեղծութիւնը: Անցեալին աքրոստիքոսի ձեւը օգտագործուած է գրաքննութիւնը շրջանցելու կամ երկի հեղինակին անունը թաքուն տարածելու համար: Կիրարկուած է նաեւ չափածոյ հանելուկներու մէջ, որուն առաջին տառերէն կազմուած է պատասխանը:

Հայ գրականութեան մէջ աքրոստիքոսի ձեւը գործածած են Ներսէս Շնորհալին, Գրիգորիս Աղթամարցին, Եղիշէ Չարենցը եւ ուրիշներ:

Աքրոստիքոսի ձեւին հայ բանաստեղծներէն դիմած է Եղիշէ Չարենցը. իր «Գիրք ճանապարհի» ժողովածուի մէջ ան չորս աքրոստիքոս նուիրած է դստեր` Արփենիկ Չարենցին:

10.- Մեզոսթիքոս (mesostic), լաբիւրինթոս (lapurintos) եւ թելեսթիքոս (Telestico) սկզբունքի գործադրում:

Երկլեզու եւ գրականագիտական որոշ բառարաններուն մէջ, գրականութեան տեսութեան եւ տաղաչափութեան վերաբերող քիչ թիւով աշխատանքներուն մէջ  աքրոստիքոսէն որոշակիօրէն կը տարբերի տողերու մէջտեղի որեւէ տառով կազմուող ուղղահայեաց տողը: Ան կը կոչուի «մեզոսթիքոս» (առանձին պարագաներու` մէջ` «մեսոստիքոս»): Այս բառին ծագումը նոյնպէս կազմուած է յունարէն` «μέσος»- «միջին» եւ «στίχος»-«ոտանաւոր» բառերէն:

Եթէ մէջտեղը թաքնուած տողը ոչ թէ ուղղահայեաց է, այլ ունի անկանոն դասաւորութիւն, բանաստեղծութիւնը (կամ ժանրը) կը կոչուի «լաբիւրինթոս»: Ասոր մէկ տարատեսակ ալ կը համարուի այն ձեւը, երբ յաւելեալ տողը կը կազմուի թեքութեամբ, այսինքն` տողերու անկիւնագիծով: Անիկա առաւել յաճախ կ՛անուանեն «անկիւնագծային  լաբիւրինթոս»:

Վերջապէս, կը պատահին նաեւ բանաստեղծութիւններ, որոնց ուղղահայեաց տողը կը բաղկանայ եզրային տառերէ, բայց` տողավերջի տառերէն: Անոնք ալ կը կոչուին «թելեսթիքոս» (յունարէն «τέλος»-«հեռու» եւ «στίχος»-«ոտանաւոր» բառերէն): Եւ շատ հազուադէպ եղած են նաեւ դէպքեր, երբ նշուած ձեւերէն երկուքը կամ քանի մը հատը հանդէս եկած են միեւնոյն բնագրին մէջ: Բարդացուած այդ ձեւը որոշ ուսումնասիրողներ, մասնաւորապէս` ժամանակակից ռուս բանաստեղծ եւ գրականագէտ Իւան Չուտասովը, կը բնութագրեն որպէս «աքրոկառուցուածք»:

Հետեւաբար, մեզոսթիքոսի ձեւին հայ բանաստեղծներէն դիմած է Եղիշէ Չարենցը իր «Գիրք ճանապարհի» ժողովածուի «Պատգամ» բանաստեղծութեան մէջ գաղտնագիրներով. «Ո՜վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»:

11.- Բառերու հակառակ գրութիւն (զէնք – քնէզ):
12.- Տառերու միտումնաւոր ձեւափոխութիւն` մասնիկներ աւելցնելով կամ պակսեցնելով:
13.- Այբուբենի փոխարինում մէկ այլ, սակաւ գործածական այբուբենով եւ այլն:

Հայկական որոշ ծածկագրութիւններու մէջ գործածուած են նաեւ այլագիր (օրինակ` յունարէն) տառեր, արաբական թուանշաններ եւ այլն: Այլ տեսակներէն են` արաբական թուանշանագիր, ճիրանաւոր, շրջագիր, վանկագիր, յունատառ, Ներսիսեան, բժշկական, թալիսմանագիր ծածկագրութիւնները:

Կան ծածկագրութեան աւելի բարդ ու խրթին ձեւեր, զորս կիրարկած են մասնագիտացած յեղափոխականները, հետախոյզները, լրտեսները եւ ուրիշներ: Այսպիսի ծածկագրութիւններու բանալին յայտնի է միայն պայմանաւորուած երկու կողմերուն:

(Շար. 2)

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13205

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>