Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ժառանգորդներն Ու Գահաժառանգները

$
0
0

Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան մէկ մասնիկն է ԵՈՒՆԵՍՔՕ -ն, հեռու` քաղաքականութենէ, հաւանաբար տէ ժիւրէ միայն, սակայն ո՛չ` տէ ֆաքթօ, որուն բնագաւառներն են մշակոյթը, կրթութիւնն ու գիտութիւնը:

Բնականաբար, ՄԱԿ-ի հովանիին տակ գործելով, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն հետզհետէ աւելի աշխուժացած է եւ կը գործէ բազմաթիւ ենթաբաժանումներով:

Վտանգի տակ գտնուող լեզուներէն մինչեւ հեռաւոր արահետներու մէջ կորսուած գիւղ մը կամ հնութիւն մը, իւրայատուկ պարի, եղանակի կշռոյթ մը կամ նոյնիսկ տոհմիկ ճաշի տեսակ մը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի  համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէին կողմէ յատուկ ուսումնասիրութեան եւ գուրգուրանքի առարկայ կը հանդիսանայ:

Այս բոլորին լոյսին տակ հետզհետէ աւելի կը գործէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն: Իսկ շատ աւելի հետաքրքրական է Ազրպէյճանի բեղուն գործունէութիւնը այս կառոյցին մէջ: Արդարեւ, ԵՈՒՆԵՍՔՕ քանի մը տարիէ ի վեր «Միջմշակութային երկխօսութիւն» անունով համաժողովներ կը կազմակերպէ:

Յունիս 30-էն յուլիս 10, ԵՈՒՆԵՍՔՕ -ի համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէի 43-րդ նստաշրջանէն շաբաթներ առաջ իսկ, Ազրպէյճանի մայրաքաղաքը հիւրընկալած էր երկօրեայ «Միջմշակութային երկխօսութիւն» անուան տակ համաժողովը` մայիս 2-3, նիւթ ունենալով «Խտրականութեան, անհաւասարութեան եւ բռնի հակամարտութիւններու քննարկում»-ը:

Մշակոյթը հեռու է քաղաքականութենէն եւ երկխօսութեան բեմահարթակ մըն է, ուր կարելի է անուղղակիօրէն յարաբերութիւններ եւ սերտ  կապեր ստեղծել: Հայորդիին համար զարմանալի է Ազրպէյճանի ներդրումն ու գործօն դերակատարութիւնը այսպիսի բնագաւառներու մէջ, յատկապէս երբ նկատի ունենանք արցախեան հիմնահարցէն, Պաքուի եւ Սումկայթի փոկրոմներէն անկախ, Նախիջեւանի խաչքարերուն սրբապղծումը, փճացումն ու հիմնայատակ քանդումը եւ ՆԱԹՕ-ի մէկ  մասնագիտական ժողովին մասնակցող անմեղ Գուրգէն Մարգարեանի կացինահար գլխատումը… ազգային հերոս հռչակուած Ռամիլ Սաֆարովի կողմէ:

Յատկապէս Նախիջեւանի խաչքարերու հարցին առիթով կարելի է փոթորիկ ստեղծել եւ այդ ալ` Պաքուի մէջ, այդ համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէի 43-րդ  նստաշրջանին:  Սակայն, դժբախտաբար, Հայաստան բացակայ էր այս ժողովին: Բացակայութիւն մը, որ աւելի դիւրացուց Պաքուի գործը` իր երկրին մէջ կատարուելիք այս հաւաքին դասաւորումներ եւ ի նպաստ իրեն բանաձեւեր որդեգրելու եւ որոշումներ տալու, որոնց կարգին երկու պատմական վայրեր գրանցուեցան համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ:

Գրեթէ տարի մը առաջ Պահրէյնի մէջ նախանցեալ նստաշրջանին Պաքու քարոզչական աշխատանք տարած էր եւ մշակոյթի նախարար Ապուլֆազ Կարայեւ ստանձնած էր այս տարուան գիտաժողովը Պաքուի մէջ կազմակերպելու պարտականութիւն:

Այսպէս, տարի մը շարունակ  Ազրպէյճան գործի լծուեցաւ  այս հաւաքը կազմակերպելու: Բեմահարթակ մը, որուն եթէ Հայաստան մասնակցէր, բնականաբար եռագոյն դրօշը պիտի ծածանէր, եւ դեռ աւելի՛ն, ամպիոնէն գէթ կարելի էր ցուցադրել խաչքարերը քանդող բրիչներն ու մուրճերը… ամենայն հմտութեամբ ալ ցուցադրելով նաեւ նենգամիտ եւ բարբարոս Սաֆարովի  կացինը:

Դժբախտաբար Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը կը մնայ կիսաթափուր եւ անդամալոյծ վիճակի մէջ: Եթէ այսպէս շարունակուի անտարբերութիւնը, անգործութիւնն ու մանաւանդ անլրջութիւնը, քոչարի-էն ետք բազմաթիւ այլ կառոյցներ ու գործեր կրնան գրանցուիլ իբրեւ ազրպէյճանական մշակութային ժառանգութիւն, սկսելով տուտուկէն` ծիրանափողէն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>