Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Ստացուած Գիրքեր. Մշակոյթը Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնում (1918-1920) (Հեղինակ Գուրգէն Վարդանեան)

$
0
0

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի տպարանէն 2019-ին լոյս տեսաւ Գուրգէն Վարդանեանի «Մշակոյթը Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնում (1918-1920)» գիրքը, բաղկացած` 268 էջերէ: Խմբագիր` Շահան Գանտահարեան, հրատարակութիւն` «Խաչիկ Պապիկեան հրատարակչատան հիմնադրամ»-ի, թիւ 13:

Գիրքը բաժնուած է երկու գլուխներու, կրթական համակարգը եւ մշակութային կեանքը:

Վարդանեան կ՛ըսէ, որ 1918 մայիսին Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումը նոր շրջան բացաւ հայ դպրոցի պատմութեան մէջ: Ծանր ու դժուարին պայմաններու մէջ Հայաստանի կառավարութիւնը քայլեր ձեռնարկեց դպրոցական գործի վերականգնման ուղղութեամբ:

Ալեքսանդր Խատիսեանի կառավարութեան կազմին մէջ կրթական նախարարի պաշտօնը ստանձնեց Նիկոլ Աղբալեան: Ան արգասաբեր գործունէութիւն ծաւալեց կրթական գործի հետագայ կազմակերպման եւ զարգացման համար:

Եկեղեցական-ծիսական դպրոցները պետականացուեցան եւ ռուսական` նախկին պետական դպրոցներուն հետ յանձնուեցան տեղական իշխանութեան մարմիններուն` ինքնավարութիւններուն:

Աղբալեան կազմեց «տարրական կրթութեան կանոնադրութեան մասին» օրինագիծը, նոր կանոնադրութիւնը խորհրդարանին վերապահեց դպրոցներու կանոններու, ծրագիրներու եւ նախահաշիւներու հաստատումը: Խորհրդարանը դպրոցներու գերագոյն վերահսկիչն էր, իսկ կրթական նախարարը գործադիր ղեկավարը:

Քայլեր ձեռնարկուեցան անվճար եւ պարտադիր ուսուցման, ինչպէս նաեւ աշխատանքային դպրոցներու ստեղծման եւ աշակերտներու հանրակրթական դաստիարակութիւնը կազմակերպելու ուղղութեամբ: Կազմակերպուեցան մանկավարժական դասընթացքներ: Հիմնուեցաւ «ուսուցչական ուսումնարանը»:

Հայ մանկավարժները կարեւոր դեր ստանձնեցին հանրապետութեան հասարակական եւ քաղաքական կեանքին մէջ:

Երեւանի պետական համալսարանի հիմնադրման մասին որոշումը 1918 մայիսին պատմական կարեւոր փաստաթուղթն է: 31 յունուար 1920-ին Ալեքսանդրապոլի մէջ բացուեցաւ համալսարանը, որ յաջորդ կիսամեակին տեղափոխուեցաւ Երեւան:

Հանրապետութեան չափահաս բնակչութեան կրթական մակարդակը բարձրացնելու նպատակով գաւառային ինքնավարութիւններուն կողմէ կազմակերպուեցան ժողովրդական համալսարաններ, գրաճանաչութեան եւ գրագիտական դասընթացքներ: Հայերէնը ճանչուեցաւ իբրեւ պետական լեզու: Պետական լեզուն չիմացող պաշտօնեաներու համար սկսան գործել հայերէն լեզուի դասընթացքներ:

Ազգային մշակոյթի զարգացման նպատակով խորհրդարանը եւ նախարարարց խորհուրդը քայլեր ձեռարկեցին: Սկսան գործել գրադարան-ընթերցարաններ: Հիմնուեցաւ ազգային պետական գրադարանը:

Ազգային պետական թանգարանի ստեղծման մէջ հայրենանուէր դեր կատարեց հայ ազգագրական ընկերութիւնը, նուիրելով իր թանկարժէք հաւաքածոները:

Պատմական յուշարձաններու պահպանութեան նպատակով հիմնուեցաւ հնութիւններու պահպանութեան կոմիտէ: Կազմակերպուեցաւ գիտական արշաւախումբ, եւ մեծ աշխատանք տարուեցան պատմական եւ մշակութային յուշարձաններու ուսումնասիրման. գիտական տեղեկագիրներու կազմակերպման եւ հնադարաններու ստեղծման ուղղութեամբ:

Հանրապետութեան տարածքին կը հրատարակուէին պետական մարմինները, քաղաքական կուսակցութիւններ եւ տարբեր գերատեսչութիւններ: Կազմակերպուեցաւ գիտահրատարակչական գործը:

Գրական կեանքի կազմակերպման նպատակով ստեղծուեցաւ հայ գրական ընկերութիւնը, որ մեծ աշխատանք տարաւ գրական կեանքի աշխուժացման, գրողներու համախմբման եւ երիտասարդ տաղանդաւոր գրողները հասարակութեան ներկայացնելու համար: Վաստակաշատ գրողներուն նիւթական օգնութիւն տրամադրուեցաւ:

Հայ արուեստը հայրենիք բերելու եւ զայն զարգացնելու նպատակով կազմակերպուեցան արտերկրի ստեղծագործական խումբերու այցելութիւններ եւ հիւրախաղեր:

Այսպիսով, գիրքը կարեւոր տեղեկութիւններ կը փոխանցէ Հայաստանի Հանրապետութեան երկուքուկէս տարիներու ընթացքին հայրենիքի մէջ հայ մշակոյթի հաստատուն քայլերով հիմնաւորման ուղղութեամբ: Ազգային պետականութեան զարթօնքի պայմաններուն մէջ մշակոյթը վերածնունդ ապրեցաւ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles