Ա. Ա.
Արցախի Գանձասարի վանքն էր վերջերս ազրպէյճանական ապատեղեկատուական կատաղի արշաւին թիրախը, որ հայկական չէ, այլ խլուած է աղուանական եկեղեցիէն: Սուրբ Էջմիածնի ենթակայութեան տակ գտնուող Աղուանից կաթողիկոսութեան անուանումը շահագործելով` ազրպէյճանցիները նոյնիսկ միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղէին` հաշուի առնելու «հայերու վարած բռնակցման եւ խեղաթիւրման քաղաքականութեան հետեւանքները»:
Գանձասարի վանական համալիրին ուղղուած` Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Ֆուատ Ախունթովի յերիւրած վարկածին յաջորդեց Վասպուրականի Գագիկ Արծրունի թագաւորին բնակավայրերէն մին հանդիսացած` Վանի Աղթամար կղզիին վրայ կառուցուած Սուրբ Խաչ գողտրիկ եկեղեցին, որ հայկական միջնադարեան ճարտարապետական գլուխ գործոց մըն է: Այս անգամ Ազրպէյճանական Սփիւռքի միջազգային կեդրոնի ղեկավար Իսմայիլ Աղայեւը, ազրպէյճանական դրօշ մը պարզած, մտաւ Սուրբ Խաչ եկեղեցի եւ յայտարարեց, որ եկեղեցին հայկական չէ, այլ… քրիստոնեայ թուրքերու պատկանող եկեղեցի մը, որուն իսկական պատկանելիութեան մասին շուտով ընթացք պիտի առնեն ուսումնասիրութիւններ եւ հետազօտութիւններ:
Աղայեւ չափազանց տարօրինակ վարկած մըն ալ շրջանառութեան դրաւ: Ըստ այս ազրպէյճանցիին, որուն ղեկավարած կեդրոնը հայատեացութեան վառ օրինակ մըն է, քանի մը տարի առաջ միայն, քանի մը հայեր, գաղտագողի մուտք գործած են Սուրբ Խաչ եկեղեցի եւ պատերուն վրայ հայկական գրութիւններ գրելով` սկսած են յայտարարել, որ եկեղեցին հայկական է:
911-էն մինչեւ 925 կառուցուած Սուրբ Խաչ եկեղեցին գործն է Մանուէլ ճարտարապետին, որ յղացած է ճարտարապետական նախագիծը, ապա հսկած է եկեղեցւոյ կառուցման, եւ ի վերջոյ 925-ին Արծրունիներու օրրան Վասպուրականի սրտին գտնուող Աղթամար կղզիին վրայ Սուրբ Խաչ եկեղեցին վերածուած է այն վկայարանին, որ դարեր շարունակ մենաւոր մը իբրեւ` վկայեց ու յուշեց Վանի եւ ամբողջ Արեւմտեան Հայաստանի հայկական պատկանելիութիւնը` յաճախ անտեսուելով, խաչագողներու կողմէ թալանուելով, մառանի եւ շտեմարանի վերածուելով: Եւ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք հակահայ քաղաքականութեան թոյնէն եւ ատելութենէն անմասն չմնաց Սուրբ Խաչ եկեղեցին, որուն բացումը, այս անգամ` իբրեւ թանգարան, տեղի ունեցաւ 29 մարտ 2007-ին, եւ միայն երեք տարի ետք է, որ թրքական իշխանութիւնները արտօնեցին տարին անգամ մը` Սուրբ Խաչվերացի տօնին առիթով, Սուրբ պատարագ մատուցել եկեղեցւոյ մէջ:
Սուրբ Խաչ եկեղեցին անտէր ու անտիրական խաչագողներու եւ վանտալներու յարձակումներուն թիրախ մնաց 1915-էն ետք: Ասոր վկայութիւնը կու տայ թուրք գրող Եաշար Քեմալը, որ 1951-ին Աղթամար այցելութեան ընթացքին ականատես եղաւ Սուրբ Խաչի ահաւոր վիճակին եւ իր կապերն ու հեղինակութիւնը գործածելով` ջանաց կասեցնել եկեղեցւոյ քանդումը:
1116-էն մինչեւ 1895 Աղթամար կղզին Աղթամարի կաթողիկոսութեան նստավայրն էր, եւ Խաչատուր Գ. կաթողիկոս վերջին գահակալն է Աղթամարի կաթողիկոսութեան: Անոր վախճանումէն ետք` 1895-ին, կաթողիկոսութիւնը վերացաւ: Մինչ այդ եկեղեցին, Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, շարունակ թիրախը դարձաւ վանտալներու յարձակումներուն: Արտաքին որմնանկարներուն մեծ մասը քանդուեցան, Ստեփանոս կաթողիկոսին խաչքարը, որ քանդակուած է 1340-ին, ծանրօրէն վնասուեցաւ, ինչպէս նաեւ` այլ խաչքար մը, որ 1444-ին քանդակուած է, ջարդուփշուր ըլլալով` մնաց միայն պատուանդանը. իսկ տասնիներորդ դարու դամբարանի մը խաչքարը, որ կանգնեցուած է Խաչատուր Մոկացիի գերեզմանին վրայ, քարերու կտորներու վերածուած է: Այս երեք խաչքարերուն ամբողջական լուսանկարները գոյութիւն ունին, եւ որոնք առնուած են 1911-ին եւ 1914-ին: Այս բոլորին վրայ պէտք է աւելցնել, որ 1950-ական թուականներուն Աղթամար կղզին թրքական բանակին ռազմափորձերուն վայրերէն մին էր:
Անշուշտ քաղաքական նկատառումներով էր, որ թրքական իշխանութիւնները երկարատեւ քննարկումներէ ետք` արտօնեցին Սուրբ Խաչի վերանորոգութիւնը եւ ապա բազում դժուարութիւններէ ետք` գմբէթին վրայ խաչին տեղադրումը: Սակայն ընդգծելին այն է,որ ահա ազրպէյճանական նկրտումները հասած են Սուրբ Խաչ, եւ Աղայեւը թարգմանն է այն քաղաքականութեան, որ կը ծրագրուի Պաքուի մէջ, ոչ թէ փակ դռներու ետին, այլ` հրապարակաւ, որպէսզի հայկական ինքնութիւնն ու պատկանելիութիւնը սրբուի Հարաւային Կովկասէն: Եւ այս հակահայ մաղձին լաւան սկսած է հոսիլ դէպի Արեւմտեան Հայաստան` ազրպէյճանական քարիւղատարներուն եւ կազատարներուն միջոցով դէպի Եւրոպա մղուող վառելանիւթերուն զուգահեռ: