Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Տեսակէտ. Ի՞նչ Կը Մտածեն Երեւանի Թաքսիի Վարորդները

$
0
0

ՄԱՍԻՍ ԱԼԵՔՍԱՆՏՐԵԱՆ

Իւրաքանչիւր տարի երբ Հայաստան կ՛երթայի,  հաճոյքներէս մէկը ոտքով երթեւեկելն էր Երեւանի լայն մայթերով:

Այս տարի տարբեր ստացուեց:

Անակնկալ հիւանդութեան մը պատճառով պարտաւորուեցայ երթեւեկել թաքսիով: Բժիշկէ բժիշկ, տարրալուծարանէ հիւանդանոց, Երեւանի այլեւս խցանուած երթեւեկիս մէջ ակամայ վարորդին կը հարցնէի. «Ինչպէ՞ս է իրավիճակը», «գո՞հ էք թաւշեայ յեղափոխութենէն»: Երբեմն պատասխանը կ՛ըլլար կարճ-կտրուկ, բայց աւելի յաճախ` երկար-բարակ, անուններով եւ օրինակներով, ու եթէ ժամանակը ներէր, կը հասնէր մինչեւ «քաղաքական վերլուծումներու» սահմանները:

Երկու շաբթուան ընթացքին 16 անգամ թաքսի նստայ. երրորդէն ետք մտածեցի` արժէ ա՛յս «հարցում-պատասխան խաղը» վերածել հարցախոյզի (ճիշդ է` շատ սահմանափակ հարցախոյզ մը, բայց, այնուամենայնիւ, ստացուած տպաւորութիւնը կ՛ունենար որոշ հիմնաւորում) ու գրի առի:

Թէ ի՛նչ կը մտածէ Երեւանի թաքսիի վարորդը (չմոռնալ` Երեւանի վարորդը միայն արհեստավարժ վարորդը չէ, այլ, պայմաններու բերմամբ, կու գայ այլազան մարզերէ, ասպարէզներէ ու յաճախ ունի բարձրագոյն ուսում) ներկայ իրավիճակի ու յեղափոխութեան մասին` կարելի է ամփոփել հետեւեալ ձեւով.

1.- Վերապահ – 2 հոգի

Հալա մի բան չտեսանք…

2.- Դրական-պահպանողական – 6 հոգի

Պիտի որ լաւ լինի… ժամանակ պէտք է տալ, 30 տարի թալանեցին, կ՛ուզէք, որ մէկ տարուան մէջ ամէն ինչ տզուի՞… մի 5 տարուց ուրիշ Հայաստան կը լինի…

3.- Շատ դրական – 8 հոգի

Բա՜, չէ՞ք տեսնում ժողովուրդի երեսը, մարդիկ ժպտում են… տունէն ուրախ դուրս կու գամ, ուրախ կը վերադառնամ, թէկուզ եւ փող չաշխատեմ… վերջապէս ես իմ հայրենիքիս մէջ կը զգամ, նոյն իրաւունքներով, ինչպէս ետեւի սեւ ապակիներով նորագոյն «Պի.Էմ.»-ի վարորդը… ան ալ չի համարձակիր օրէնքը խախտելով` առջեւս անցնի. չեմ թողնի. առաջ ձէնս չէի հանի. կը մտածէի` արդեօք ո՞ր օլիկարքի լակոտն ա… ալ արտագաղթելու մասին չեմ մտածեր… արտասահմանում մեզ յարգում են, ես էլ հպարտ եմ զգում, դա լաւ բան է, չէ՞… ես ձեզի բան մը պատմեմ եւ դուք եզրակացուցէք. կու գամ Մասիս շրջանի գիւղերէն, բոլոր շրջանին մէջ մէկ սուփըրմարքեթ կայ եւ մէկ կազալցակայան, որոնք կը պատկանէին… -ին (կու տայ անունը բոլորիս ծանօթ քաղաքական դէմքերէն մէկուն), ուրիշ ոեւէ մէկը իրաւունք չունէր սուփըրմարքեթ կամ կազալցակայան ունենալու: Եթէ համարձակէր, յաջորդ օրը կը փակէին: Այսօր եթէ ուզեմ, կրնամ թէ՛ սուփըրմարքեթ, թէ՛ կազալցակայան բանալ, ուրիշ հարց, որ նիւթականս չի ներեր, բայց այն զգացումը, որ դռները փակ չեն իմ դիմաց ու կարող եմ երազել այդ մասին, արդէն բաւարար է. օր մըն ալ հաւանաբար երազներս կ՛իրականանան…

Այսպէս էր քաղած տեղեկութիւններս ժողովուրդի մէկ փոքր հատուածէն… դուք եզրակացուցէք:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13210

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>