ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
Պատմութեան ընթացքին եւ կեանքի զարգացման զուգընթաց, բառարան հասկացողութիւնը եւս, աստիճանաբար աւելի ընդարձակ իմաստ ու բովանդակութիւն ստացաւ: Բառարանը, սոսկ բառի բացատրական կամ թարգմանական սահմանափակումէն դուրս գալով, տարածուեցաւ տարբեր յատկանիշներու վրայ, եւ ստեղծուեցան զանազան բնագաւառներու յատուկ մասնագիտական բառարաններ` հասնելով նոյնիսկ հանրագիտարանային բառարաններու:
Բառարանագիտութեան մէջ յատուկ տեղ կը գրաւեն կենսագրական բառարանները: Անոնց նախահայրը կարելի է համարել ֆրանսական «Լարուս» հրատարակութիւնները, որոնք աստիճանաբար ընդարձակուեցան ու կատարելագործուեցան:
Հայ բառարանագիտութեան մէջ կենսագրական տեսակի մեծագոյն նուաճումներէն են Հրաչեայ Աճառեանի «Հայոց անձնանունների բառարան»-ը, Գառնիկ Ստեփանեանի կազմած եռահատոր «Կենսագրական բառարան»-ը: Ճիշդ է, որ այս բառարանները լիարժէք են, բայց բառարանագիտութիւնը եւ մասնաւորաբար կենսագրական բառարանի տեսակը կը թելադրէ աստիճանական զարգացում, նորացում, որպէսզի բառարանը միշտ հասնի զարգացման նոր շրջաններու` լրացնելով ներկայ եւ կենդանի բառայօդուածներով ու անուններով:
Կենսագրական բառարանները գիտական արժէքներ են, եւ աւելի կը զգացուի անոնց պահանջը` սկսած առօրեայ գործունէութենէն մինչեւ գիտական ուսումնասիրութիւններու ժամանակ` մտաւորական, գիտական աշխատող, ուսուցիչ թէ ուսանող, կամ պարզ ընթերցող, ամէնօրեայ իր աշխատանքին մէջ կարիք ունի ստուգելու, ճշդելու եւ իմանալու այս կամ այն գրողի, գործիչի մասին: Բայց երբեմն եւ շատ յաճախ դժուարութիւններու կը հանդիպինք անցեալին կամ թէկուզեւ ներկայիս, որեւէ ծածկանունի հանդիպելով:
Պէտք է նշել, որ լոյս տեսած են զանազան ծածկանուններու բառարաններ կամ կատարուած են այլ աշխատութիւններ, այս առնչութեամբ կարելի է նշել Գարեգին Լեւոնեանի շուրջ 3000 ծածկանուններու «Բառարան հայ ծածկանունների» երկեր, Երեւան, 1963: Կազմուած է նաեւ «Մշակ»-ի (Գ. Արծրունի) աշխատակիցներու ծածկանուններու բառարանը: Հրանդ Պետրոսեանի «Հայերէնագիտական բառարան»-ը, «Հայաստան» հրատարակչութիւն, Երեւան, 1987: Ինչպէս նաեւ Խիկար Բարսեղեանի, Բախտիար Յովակիմեանի, Ներսէս Գասապեանի, Հայկ Պարիկեանի եւ ուրիշներու աշխատութիւնները:
Հայ բառարանային գրականութեան մէջ, սակայն, գոյութիւն չունի ՀՅ Դաշնակցութիւն կուսակցութեան անդամներու կրած ծածկանուններու կամ զանազան ծածկանուններու բառարան, որ կարողանայ բաւարարել ընթերցող ուսումնասիրողին բոլոր պահանջները: Թէեւ յեղափոխական գրականութեան կամ կարգ մը հրատարակուած գիրքերու վերջին բաժիններուն մէջ, յատկապէս` անձնանուններու ցանկերու շարքին, տեղ տրուած են ծածկանուններու եւ անոնց կողքին իսկական անուն-ազգանունի բացատրութիւններ:
Այս պատճառով ընթացք առած է մեր «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան ծածկանուններու բառարան» աշխատութիւնը, որ նպատակ ունի մտաւորականին, գիտական աշխատակիցին, ընթերցողին ու մանաւանդ նորահաս սերունդի դիմագրաւած դժուարութիւնները` պարզաբանելու իւրաքանչիւր ծածկանունի ետին թաքնուած դաշնակցականի իսկական անունը: Ուստի ձեռնարկեցինք այս աշխատանքին` նպատակ ունենալով դիւրացնել փնտռտուքի գործընթացը` պատրաստելով ծածկանուններու տարբեր բնագաւառներու ցանկ մը, կամրջելու անցեալն ու ներկան:
Այստեղ, առաջին հերթին, լուսարձակի տակ կ՛առնենք, ծածկանուն, կեղծանուն կամ ծածկագրութիւն եւ գաղտնագրութիւն բառերու հոլովոյթը ընդհանրապէս:
Անձնանուններու մէջ ուրոյն շերտ կը կազմեն կեղծանունները` ծածկանունները, մականունները, ազգանունները: Կեղծանունը կամ ծածկանունը հնարուած անձնանուն է, որ այս կամ այն հանգամանքով պայմանաւորուած` փոխարինուած է անձի կամ դադրած անունին (բուն` հիմնական անունին զուգահեռ կամ լիակատար փոխարինումով): Այսպիսի անուանումներու յաճախ կը դիմեն գրողները, արուեստի բնագաւառի գործիչները, ծածուկ գործունէութիւն նախաձեռնող անձեր:
Անձնանուններու կամ ազգանուններու ծածկանուններ կամ կեղծանունները կը բաժնուին հետեւեալ բնագաւառներու մէջ.
Գրական կեղծանուններ
Գեղարուեստական կեղծանուններ
Հաւաքական կեղծանուններ
Քաղաքական կեղծանուններ
Յեղափոխական կեղծանուններ
Կուսակցական կեղծանուններ
Յատկապէս վերջին երեք բնագաւառներու անձնաւորութիւններէն շատեր երբեմն իրենք ընտրած են ծածկանունը, կեղծանունը, ստորագրութիւնը կամ անունը իրենց իսկ անունի փոխարէն: Անոնք ծածկանունի դիմած են զանազան նկատառումներով` խուսափելու համար գրաքննչական հետապնդումներէ, ընդգծելու համար հեղինակի անհատականութիւնը կամ վաստակը, ազատուելու համար ոչ բարեհունչ ազգանունէն:
Վերը նշուած բոլոր բնագաւառներու մէջ ներառուած անձնաւորութիւններու կարգ մը ծածկանուններ թէեւ կրնան ուրիշներու կողմէ յօրինուած ու նշանակուած ըլլալ, սակայն մեծ բաժինը բնականաբար եղած է, որ անձնաւորութիւններ իրենք ընտրած են իրենց ծածկանուններն ու կեղծանունները:
Գրողներու կեղծանունները յաճախ կը կոչեն նաեւ գրական անուն (յուն.` ψευδώνυμος, լատ.` pseudցnymos – «սխալ անուն», ψεύδος «փսեուդոս» – «այլ» եւ ὄνομα «օնոմա» – «անուն») կ՛օգտագործուի մարդու կողմէ անոր հասարակական գործունէութեան (յատկապէս արուեստի բնագաւառին մէջ) մէջ` իրական անունին փոխարէն: Իրական անունին տակ կը հասկնան այդ անունը, որ մարդը ստացած է իր ծննդեան ժամանակ եւ պաշտօնապէս արձանագրուած է, գրական անունին առկայութեան պարագային կը կոչուի աւտոնիմ (յունարէնէ):
Արեւելեան մշակոյթի մէջ (օրինակ` ճափոնականի եւ չինականի մէջ) գրական անուան ընդունումը ընկերային կարգավիճակի փոփոխման հետ միաժամանակ ինչ-որ ժամանակաշրջանի պարտադիր եղած է:
Գրական անունին նպատակներէն կարելի է դասել շատ երկար անունը աւելի կարճով փոխարինելու ձգտումը, աւելի հնչեղ անուն ստանալու նպատակը, մարդու ազգութիւնը գաղտնի պահելու ցանկութիւնը եւ այլն:
Հայ գրողներէն կարելի է նշել` Րաֆֆի (իսկական անունը` Յակոբ Մելիք Յակոբեան), Մուրացան (Գրիգոր Տէր Յովհաննէսեան), Շիրվանզադէ (Ալեքսանդր Մովսիսեան), Նար Դոս (Միքայէլ Յովհաննէսեան), Պերճ Պռօշեան (Յովհաննէս Տէր Առաքելեան), Դանիէլ Վարուժան (Չպուգքեարեան), Պարոյր Սեւակ (Ղազարեան): Ինչպէս նկատելի է, ծածկանունը կարելի է փոխարինել բուն անունին ամբողջութեամբ կամ միայն ազգանունին: Կան նաեւ խմբային ծածկանուններ, ինչպէս` Գամառ-Քաթիպա, որ կազմուած է երեք գրական գործիչներու (Գէորգ Քանանեանի, Մնացական Թիմուրեանի, Ռաֆայէլ Պատկանեանի) անուններու սկզբնամասերով (որոշ փոփոխութեամբ): Մականունը անձին տրուած է իբրեւ լրացուցիչ, յաւելեալ անուն` անոր անհատականութեան բնորոշ որեւէ յատկանիշ, աչքի զարնող գիծ նկատի ունենալով. շատ տարածուած է բարբառներու մէջ, ժողովրդախօսակցական լեզուի մէջ եւ ունի խիստ ընդգծուած արտայայտչականութիւն: Այսպէս, որոշակի իրադրութեան մէջ, խօսակցական բնագաւառի մէջ գլուխի մազերը թափած, ճաղատ մարդուն (անոր բացակայութեամբ) Քաչալ անունով կը կոչեն: Ժողովրդախօսակցական լեզուի մէջ այսպիսի անուանումները կը կոչուին փուտանուն (փոտանուն), փոթ անուն: Յաճախ ասոնք հիմք դարձած են ազգանուններու կազմութեան, օրինակ` Ձուակերեան, Աճառեան եւ այլն:
Եղած է նաեւ, որ գրական, գեղարուեստական ու հաւաքական կեղծանուններու կողքին, յեղափոխական, ռազմական, քաղաքական եւ կուսակցական բազմաթիւ գործիչներու ծածկանուններ եւս դարձած են իսկական անուն, ինչպէս` Արամ Մանուկեան, Վարանդեան…
Անձնանուններու տրուած ծածկանուններուն կամ կեղծանուններուն կը յաջորդէ ծածկագրութիւն կամ գաղտնագրութիւնը (համեմատել ծածկագիր, գաղտնագիր. գրութեան համակարգը կամ համակարգի առանձին տեսակներն ու տարրերը նշելու համար. վերջին նշանակութեամբ առաւել յոգնակի ձեւերը` ծածկագրեր, գաղտնագրեր): Խնդիրն է գրածը հասկնալի դարձնել միայն այն մարդոց, որոնք գիտեն վերծանման բանալին:
Ծածկագրութիւն, գրութեան եղանակ` գրութեան ինքնատիպ համակարգ, որուն մէջ տառերը (կամ թիւերը, կէտերը եւ այլ պայմանական նշաններ) կ՛արժեւորուին ոչ ուղղակի նշանակութիւններով եւ յաճախ պայմանական նշաններու այլեւայլ համակցումներով այս կամ այն միտքը կը հաղորդեն: Ծածկագրութիւնը վերծանելու, ըմբռնելու բանալին (սկզբունքը) սովորաբար յայտնի կ՛ըլլայ սահմանափակ թիւով մարդոց:
Գաղտնագիրը կամ գրիփթոկրամման (Cryptogram: յունարէն κρυπτός- գաղտնի եւ γράμμα- գիր բառերէն) նոյնպէս գրութեան ձեւ է, որ նպատակ ունի գրուածը հասկնալի դարձնել միայն որոշակի անձնաւորութիւններու:
Գաղտնագիրը օգտագործուած է հին եւ միջին դարերէն` քաղաքական, ռազմական, առեւտրական, արհեստակցական եւ այլ տեղեկութիւններ հաղորդելու համար: Առաջին գաղտնագրերէն մէկը գաւազանագիրն է (յուն. σκυτάλη- գաւազան), որ օգտագործած են հին Սպարտայի մէջ` հիմնականին մէջ՝ ռազմական գործողութիւններու ժամանակ: Ան պարզագոյն փոխարինագիր է: Մագաղաթի ժապաւէնը կը փաթթէին որոշակի հաստութեան ձողի վրայ եւ երկարութեամբ կը գրէին: Յետոյ գրուածը կարդալու համար հարկաւոր էր ժապաւէնը փաթթել նոյն հաստութեան ձողի վրայ:
Հին Հայաստանի գաղտնագրերու մասին կարելի է ըսել, որ հայկական գաղտնագրերու մաս մը կը պարունակէ քաղաքական տեղեկութիւններ, ծածկագրեր, միւսը` յիշատակարաններ, ուր գրիչները տեղեկութիւններ կը հաղորդեն իրենց մասին: Անոնք կը բաժնուին քանի մը խումբերու`
Սիւնակէտագիր
Կէտագիր
Օղակէտագիր
Գաւազանագիր
Փոխարինագիր
Եղբայրագիր
Աղաւնագիր
Գումարագիր
Թուանշագիր եւ այլն:
Ծածկագրութեան բազմաթիւ եղանակներ յայտնի են հին ժամանակներէ (յիշատակելի են Հերոդոտոսը եւ Պլուտարքոսը): Ծածկագրութիւնը օգտագործուած է ռազմական, դիւանագիտական, անօրինական քաղաքական, կրօնա-աղանդաւորական եւ այլ նպատակներով: Հայերը որոշ տեսակներ գործածած են 12-րդ) դարէն:
Հայ միջնադարեան գրչութեան մէջ քաղաքական, ռազմական, առեւտրանիւթական, կրօնաաղանդաւորական, արհեստագործական եւ այլ բնոյթի տեղեկութիւններ հաղորդելու համար գրիչները երբեմն դիմած են գրութեան այս համակարգին: Յիշատակարաններու մէջ անոնք ծածկագրութեամբ տեղեկութիւններ ձգած են նաեւ իրենց մասին: Հայ ծածկագրութիւնը կը ներկայանայ շարք մը տարբերակներով (տարատեսակներով). որոշ տարբերակներ գործածուած են տակաւին 12-րդ դարէն:
(Շար. 1)