Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Ապրիլ 2018-էն ի վեր նկատելի երեւոյթ է Լիբանանի մէջ հայ երիտասարդ ընտանիքներու ներգաղթի ալիքը դէպի Հայաստան:
Լիբանանը` իբրեւ ինքնուրոյն գաղութ, յառաջադէմ իր կեցուածքով դարձեալ կու գայ սփիւռքահայ համայնապատկերին մէջ իր ուրոյն դիմագիծը արձանագրելու:
Ո՛չ ապահովական, ո՛չ տնտեսական եւ ո՛չ ալ քաղաքական պատճառներու իբրեւ արդիւնք կ՛արձանագրենք այս իրողութիւնը:
Ճիշդ է` տնտեսական ճգնամաժի մէջ է Լիբանանը, սակայն Հայաստանն ալ յուսադրիչ եւ քաշողական եթէ չըլլար, ոչ ոք կը մտածէր ներգաղթի ճամբան ընտրել:
Անցեալները հայկական վարժարանի մը տնօրէնը այցելած էր եւ զեկուցեց, որ տարեվերջի իր ունեցած վիճակագրական տուեալները ցոյց կու տան, որ 27 ընտանիք Հայաստան ներգաղթելու որոշում տուած է:
Տակաւին այս մէկը ընտանեկան պատկերն է: Մեծ թիւով երիտասարդներ` ուսանող թէ ազատ ասպարէզի տէր, մէկը միւսէն քաջալերուած, նոյն ուղին բռնած են, եւ ալիքը սկսած է բարձրանալ:
Կը մնայ, որ այս երեւոյթը վարակիչ ըլլայ այլ գաղութներու մէջ: Միայն քաջալերանք, նեցուկ կանգնիլ, նիւթապէս եւ բարոյապէս օժանդակել չի բաւեր, պէտք է գործնական տեղաշարժ ըլլայ դէպի երկիր, որպէսզի նոր թափով թռիչք առնէ նոր Հայաստանի տեսլականը:
Սփիւռքի հարցերու նորանշանակ յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը պէտք է յատուկ ուշադրութիւն դարձնէ ներգաղթի օրակարգին:
Ողջունելի է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին ստեղծած հայրենադարձներու խորհրդատուական գրասենեակը` ներգաղթողներու հոգատարութիւն ցուցաբերելու եւ ցուցմունք տալու նպատակով հաստատուած:
Քաջալերելի է պետութեան կողմէ մենաշնորհներու վերացնելու եւ ազատ շուկայի մրցակցութեան քաղաքականութիւնը:
Յուսադրիչ է երիտասարդներու համակարգչային ծրագրաւորումի մէջ հմտութիւնները եւ մասնագիտական մօտեցումները:
Ուրախալի է երիտասարդ ուսանողներուն մէջ բազմալեզու կրթութիւն ունենալու փափաքը, եւ իւրաքանչիւրը քանի մը գործ ընելու պատրաստակամութիւնը:
Իւրայատուկ է Հայաստանի մէջ ընկերութիւն մը արձանագրելու դիւրութիւնները եւ անվճար ըլլալը: Մասնաւորապէս երկրագործութեան եւ անասնապահութեան հարկերէ զերծ մնալու եւ պետական նեցուկի քաղաքականութիւնը քաջալերելի է բոլոր գիւղացիներուն համար:
Անշուշտ պէտք չէ մոռնալ առողջապահութեան նախարարութեան նախատեսած ծրագիրներու իրագործումը:
Այս բոլորը գումարած` Հայաստան ներգաղթի ալիքը պէտք է բարձրանայ. Լիբանանը այս իմաստով միշտ առաջին դիրքերու վրայ եղած է, եւ իր օրինակը միշտ ալ ուրիշ գաղութներ վարակած է: Յուսանք այս անգամ ալ իր ազդեցութիւնը ունենայ: