ՄԱՐՔ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ
Բանն ասանկ եւ ոչ բամբասանք:
Հայաստանի մամուլը, տպագիր թէ հեռատեսիլային, անդադար կը սփռէ տեղեկութիւններ` ոճիրներու, պատահարներու, կուսակցութիւններու, դատերու, ցոյցերու, ամբաստանութիւններու, մրցակցութիւններու, փոխադարձ անհատնում քննադատութիւններու, չարաշահումներու մասին: Պա՛րզ. կարծէք` երկիրը անհակակշռելի է, եւ սովորական է, որ ամէն ոք կը փորձէ ինքնիրեն իրաւունքներ տալ, իշխանութիւն ձեռք բերել:
Տասնեակներով կուսակցութիւններ կան, նորեր կը յայտնուին: Լրատուամիջոցները կը յորդին դատաւորի, տնօրէնի եւ այլ պաշտօններէ հրաժարումներու եւ նոր նշանակումներու մասին տեղեկութիւններով: Գումարեցէ՛ք անվերջանալի ճամբորդութիւնները, պաշտօնական անձերու եւ պատուիրակութիւններու ժամանումները, ժողովներու նկարահանումները եւ ճեպազրոյցները:
Կրկնութիւններով` օրը քսանչորս ժամ:
Լրատուամիջոցները առատ նիւթ ունին:
Այսինքն Հայաստանի կեանքը, կարծէք, կը թաւալի այն իւրայատուկ շրջագիծէն ներս միայն, ինչ որ կարելի է կոչել վերնախաւ, եւ այդ վերնախաւի աշխարհագրութիւնը Երեւանն է: Նոյնիսկ Աշտարակը կամ Եղվարդը, որոնք Երեւանի դռներուն կը գտնուին, տարբեր աշխարհներ են, անոնց բնակիչներն ալ իրենց աչքերը յառած են Երեւանի վրայ:
Ինչպէս որ էր Ֆրանսայի Վերսայի պալատը, Լուդովիկոս ԺԴ. թագաւորի ժամանակ:
Հայաստանի հեռատեսիլէն յայտագիր մը կայ միայն, զոր հաճոյքով կը դիտեմ, որ կը ներկայացնէ գիւղերը եւ գիւղացիները, իրենց կեանքի եւ աշխատանքի վայրին մէջ: Կը զգամ, որ Երեւանէն դուրս երկիր մը կայ, որ կը շնչէ, որ` Երկիրն է: Լրագրողը իւրաքանչիւր հաղորդման ընթացքին կը կրկնէ` «Երկիրը երկիր է»: Արդարեւ, այդ է: Այդ «երկիր»-ն է ապագայի երաշխիքը, ան է Հայաստանը: Ան կարիք ունի ճանապարհներու, դպրոցական շէնքերու, ոռոգման ջուրի: Այս մարդոց հետաքրքրութիւնը առաւելագոյնը կանգ կ՛առնէ մարզպետի եւ քաղաքապետի մակարդակին: Անոնցմէ անդին` պատահածը եւ պատահելիքը լուսնին չափ հեռու են իրենցմէ. նախագահներու, վարչապետի, դատաւորի նշանակումներ, արտասահմանէն եկած հիւրեր եւ ընդունելութիւններ եւ դէպի արտասահման վերնախաւի ճամբորդութիւններ:
«Նախկին»-ի եւ «նոր»-ի փոխադարձ քննադատութիւնները «Երկիրը երկիր է» խօսքի յայտագրին հաղորդավարի զրուցակիցներուն չեն վերաբերիր: Չաւարտող եւ ընդլայնող, նոր ճակատներ բացող պառակտումները այլամոլորակային են իրենց համար: Այդ պառակտումները ո՛չ ճանապարհներու շինութեան կը ծառայեն, որպէսզի «Երկիրը երկիր է»-ի մարդոց եւ թոշակառուներու առօրեան բարելաւեն, ո՛չ ալ դպրոցներուն:
«Վերնախաւ»-ը բնաւ մտածա՞ծ է, թէ ի՛նչ կրնայ ընել համեստ քաղաքացին ամսական 25.500 դրամով: Պոտրումը, Անթալիան կամ Սոչին պարիկի պատմութիւն են 25.500 դրամով ապրողներուն համար: Իսկ Նիսը եւ Էյֆելի աշտարակը… մենաշնորհեալներու:
Զարմանալի կրնայ թուիլ թերեւս, եթէ ըսեմ, որ Հայաստանի մէջ դրամ կայ: Կը բաւէ շրջիլ` տեսնելու համար բարձրացող շէնքերը, ինչպէս կ՛ըսուի` «էլիտար» շէնքերը, ընտրանիի յատուկ, շրջող ինքնաշարժներու (աւտոներու) յարաճուն թիւը, խճողուած ճաշարանները, վերջին նորոյթ կաճեթները: Բայց պէտք է տեսնել մաղրութնիները (ցած առաստաղով հանրակառքերը), որոնց ճամբորդները կը թխմուին եւ դժբախտութիւնը ունին միջահասակ կամ բարձրահասակ ըլլալու, եւ երբ ոտքի մնան, աթոռ չգտնեն, ամէն վայրկեան իրենց գլուխը կրնան վիրաւորել:
Կան նաեւ անմիջապէս փուլ գալու վտանգին ենթակայ բնակարաններ, որոնք անտեսանելի են վերնախաւի բարձունքէն: Մեծ վաճառատուներէն լեցուն եւ ուռած պայուսակներով դուրս եկողներ կան, բայց կայ նաեւ այն զանգուածը, որ հացին մէջ խաշած գետնախնձոր (կարտոֆիլ) կը փաթթէ եւ օր կ՛անցընէ:
Զբօսաշրջիկները այս բոլորը չեն տեսներ: Իրենց համար «տաքսի»-ն աժան է, կեդրոնի սրճարանները եւ ճաշարանները աժան են, ձանձրանալու պատճառ չունին, տեսարժան վայրեր տանող ընկերութիւններ կան, անոնք փուլ գալու վտանգին ենթակայ ընտանիքը ցոյց չեն տար:
25.000 դրամ թոշակ ստացողները հեքիաթային անուններով ճաշարանները եւ խաղատուները պիտի չերթան: Տեսարժան վայրերու այցելու յաճախորդ չեն:
Բայց վերնախաւը, ինչպէս ամէն տեղ, ամբոխայնացում-populisme խաղալով, յոյս պիտի ծախէ, կը ծախէ, յոյս` որուն ինք պէտք չունի, ինք Ռուբիկոնի միւս կողմը կը գտնուի, կրնայ նոյնիսկ Ֆրանսայի թագուհիին պէս ըսել, որ եթէ հաց չունին, թող կարկանդակ ուտեն, հոս պիտի ըսեն` թխուածք:
Վերնախաւը կրնայ պառակտուիլ, ողողել լրատուամիջոցները: 25.000 դրամ թոշակ ստացողներուն համար այդ պառակտումները կը նմանին թատրոնի: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս ֆրանսացի քաղաքական գործիչ մը զանոնք սահմանած էր` bonnets blancs, bonnets blancs, բառակառուցում մը, զոր դժուար է թարգմանել, ըսենք` սպիտակ գլխարկաւորները, գլխարկաւոր սպիտակները…
Եթէ քիչ մը Կանտիի դպրոցին հետեւէին վերնախաւի մարդիկ եւ կիներ, պետական եւ ազգային հարստութիւնը չհամարէին սեփական ագարակ, «Երկիրը երկիր է»-ի հաղորդման ճանապարհները եւ փոխադրամիջոցները այլ կ՛ըլլային, մարդիկ մեծով-պզտիկով փուլ գալու վտանգի ենթակայ յարկի տակ չէին ապրեր, եւ օր ու շաբաթ չէին անցըներ բաւարարարուելով լաւաշի մէջ փաթթուած կարտոշկայով (գետնախնձոր):
Վերնախաւի մարդիկ եւ կիներ ինչո՞ւ չեն ընկերանար «Երկիրը երկիր է» հաղորդաշարի նկարահանողին` ազգային վերաորակաւորման ենթարկուելու համար…
Օրացոյցի դիպուած:
Այսօր 18 յունիս է, տարեդարձը Ֆրանսայի ազատարար զօրավար տը Կոլի հռչակաւոր կոչին` դիմադրելու գրաւման բանակներուն, ծանօթ` Appel du 18 juin-ը: Ան երբ նախագահ էր եւ երբ շաբաթավերջին հանգստանալու կ՛երթար իր գիւղի բնակարանը, պետական-ծառայական մեքենան չէր գործածեր, այսինքն պետական միջոցները չէր չարաշահեր: Երբ պետական ճամբորդութիւն կ՛ընէր, կին եւ զաւակ իրեն չէին ընկերանար: Եւ կը մեծնար:
18 յունիս 2019, Երեւան